Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 փետրուարին, Շարքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ինտիֆահին:
ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերն ալ նշանակեց Էլի Պոլաժի (փենալթիներով):