Նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամա մեկնեցաւ Լիբանանի երիտասարդներու (1999-2000-ի ծնունդ) ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 փետրուարէն 2 մարտ` մասնակցութեամբ 40 երկիրներու հեծելանւորդներուն:
Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` չորս մարզիկով:
ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներ Կարէն Արաբկիրլեան եւ Յովսէփ Քանլեճեան, պիտի ներկայացնեն Լիբանանը` Պահրէյնի մէջ, Եան-Եոնաթըն Պուզանի եւ Ուսամա Ահտապի կողքին:
Իսկ չորեքշաբթի, 1 մարտին, Պահրէյն կը մեկնին նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր` մասնակցելու համար Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի համագումարին:
Այդ համագումարին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ծատուրեան իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Ասիոյ ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն:
Նախքան լիբանանեան պատուիրակութեան Պահրէյն մեկնումը, ֆետերասիոնին անդամներէն ոմանք հանդիպում ունենալով մարզիկներուն հետ, անոնց մաղթեցին յաջողութիւն: