Մարզական

Խրուաթ Փաւչեւիչ Նշանակուեցաւ Հայաստանի Պասքեթպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ խրուաթ Նիքշա Փաւչեւիչ նշանակուեցաւ տղոց ազգային խումբի մարզիչ: 1956-ին ծնած մարզիչը պիտի պատրաստէ հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Օգոստոսին տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքին հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Պոսնիա, Սլովաքիա եւ Շուէտ:  

«Էն. Պի. Էյ.».  Հիւրընկալ Երեք Խումբերն Ալ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Եւ Սփըրզ` Փլէյ-Օֆի Իրենց Տոմսերը Ապահոված Միակ Խումբերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 մրցումներ: 12-րդ մրցումը` Մինեսոթա Վուլվզի եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի միջեւ, յետաձգուեցաւ: Սան Անթոնիոյի մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց դժուարութեամբ պարտութիւն մը կրեց Սփըրզէն` 112-110 արդիւնքով: Քաուհի Լէոնարտ (Սփըրզ) եւ Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեցին 39-ական կէտ: Հակառակ անոր որ Իսայահ Թոմաս նշանակեց 32 կէտ, սակայն անոր կազմը` Պոսթըն Սելթիքս, Լոս Անճելըսի մէջ...

Պարսելոնա Պատրաստ Է Մեսսիին Տարեկան 35 Միլիոն Եւրօ Վճարելու

Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց ջանքերը ակումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու առնչութեամբ: 29 տարեկան արժանթինցիին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ: Այժմ ակումբը կը փորձէ նպատակայարմար տարբերակը ընտրել` նոր պայմանագրութեան ստորագրութեան իրականացման համար: «Մարքա»-ի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, Պարսելոնա պատրաստ է Մեսսիին վճարելու տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Պարսելոնա վստահ է, որ նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Մեսսիի հետ, հակառակ...

Կողոպուտի Փորձը Ողբերգութեամբ Աւարտեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Ֆութպոլիստին Եղբօր Համար

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Մարքոս Ռոխոյի եղբայրը սպաննուցեաւ արժանթինեան Լա Փլաթա քաղաքին մէջ: «Տը Սան»-ի համաձայն, 17 տարեկան Ժերոնիմօ Ռոխօ իր ընկերոջ հետ փորձած է թալանել նախկին ոստիկան մը, որ կրակած է անոնց վրայ: Ծանր կերպով վիրաւորուելով Մարքոսի եղբայրը թէեւ փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն ժամեր ետք մահացած է, մինչ անոր ընկերը սպաննուած է տեղւոյն վրայ: Կը...

Եթէ Իսքօ Հեռանայ… Ռոտրիկեզ Պիտի Երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ, որ ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, շատ հաւանաբար նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր կազմին հետ: Սակայն, ըստ «ԱՍ»-ի, 25 տարեկան Ռոտրիկեզ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ այն պայմանով, որ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք Իսքօ հեռանայ արքայական ակումբէն: Թէեւ Ռոտրիկեզ մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ռէալ Մատրիտի հետ, սակայն նախապէս հաղորդուած էր, որ Ինթեր Միլան...

Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Ասիոյ Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Անդամ

Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Ասիոյ Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Անդամ

Նախորդ շաբաթավերջին Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն զուգահեռ: 9 աթոռի համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 13 անձեր: Այս ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց եւ Ասիոյ հեծելարշաւի նոր ֆետերասիոնին մաս կազմեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան: Եթէ Լիբանանի համար այս յաջողութիւնը նկատուեցաւ կարեւոր, միւս կողմէ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար եւս Վաչէ...

Կիրակի, 12 Մարտին. Ճատրակի Տարիքային Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Ակումբին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆեատերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Արձանագրութեան համար կապուիլ «Ուաթց Ափ»-ով` հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-300166, 70-961948 եւ 70-677955 Մասնակցութեան սակ ճշդուած է տասը ամերիկեան տոլար, իսկ արձանագրութեան վերջին ժամկէտ...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ Եւ Նափոլի – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները: Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, իսկ Նափոլի` Ռէալ Մատրիտը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի  ժամանակացոյցով: Երթի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ եւ Ռէալ Մատրիտ իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար 5-1 եւ 3-1 արդիւնքով: Արսենալի առաքելութիւնը` բաղդատմամբ Նափոլիի, քիչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չորեքշաբթի, 8 Մարտին Կը Սկսին 15-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին չորեքշաբթի, 8 մարտին: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը իր մրցումը կը կատարէ շաբաթ, 11 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ժիպէյլի մէջ` հիւրը ըլլալով Պիպլոսի: Ստորեւ` 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 8 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Հուփս - Ռիատի 20:30 Միշել Մըր Մութթահետ - Թատամոն 20:30 Սաֆատի ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 9 ՄԱՐՏ Սաժես - Լուէյզի 20:30...

«Օլ-Սթար»-ի Մրցում` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին իր գումարած ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային, պիտի կազմակերպէ «Օլ Սթար»-ի մրցում մը, որուն թուականը պիտի յստականայ շուտով: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք): Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ տեղի պիտի ունենայ նաեւ թրի փոյնթի մրցում մըն ալ, տղոց եւ աղջկանց համար, ինչպէս նաեւ` տանքի մրցումը: Վերջապէս, գլխաւոր մրցումը տեղի պիտի ունենայ...

Կարէն Նալբանդեան` Ռոսթով – Մանչեսթըր Եունայթըտ Մրցումին Հսկիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 9 մարտին Ռուսիոյ Տոնի Ռոսթով քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Ռոսթով - Մանչեսթըր Եունայթըտ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մրցաշարքին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ հսկիչ նշանակուեցաւ Հայաստանէն Կարէն Նալբանդեան: Նշենք, որ այս մրցումէն պիտի բացակայի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան (վիրաւոր), յայտնեց Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ:

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Վերսկսաւ

Նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 18-րդ հանգրուանի մրցումները: Ալաշկերտ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Բանանցին, Շիրակ նուազագոյն հաշիւով առաւելութեան հասաւ Արարատի նկատմամբ, իսկ Գանձասար Կապան 2 անպատասխան կոլ նշանակեց Փիւնիկի դէմ իր կատարած մրցումին: Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Շիրակ 37 (19-8) 2.- Ալաշկերտ 33 (29-18) 3.- Գանձասար-Կապան 30 (21-14) 4.- Փիւնիկ 27 (18-14) 5.- Բանանց...

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Պարտուեցաւ. Թոմաս Նշանակեց 35 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Պոսթըն Սելթիքս երեք կէտի տարբերութեամբ` 109-106 արդիւնքով, պարտութիւն մը կրեց Ֆէոնիքս Սանզի դաշտին վրայ, հակառակ անոր որ Իսայահ Թոմաս նշանակեց 35 կէտ: Սաքրամենթօ Քինկզ, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, երկարաձգումէն ետք կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 110-109 արդիւնքով պարտուեցաւ: Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս 112-105 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն:...

Պիւֆոն Գերազանցեց Թոթթին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն, կատարեց «Քալչիօ»-ի իր 612-րդ մրցումը: Այսպիսով, 39 տարեկան բերդապահը մրցումով մը գերազանցեց Ա. Էս. Ռոմայի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Թոթթին: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Փաուլօ Մալտինի (647) ապա` Խաւիէ Զանեթթի (615):

Մարքօ Ռէոս` Մէկ Ամիս Բացակայ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարքօ Ռէոս մէկ ամիս պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին, յայտնեց գերմանական խումբին պաշտօնական կայքը: 27 տարեկան Ռէոս վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Պայէր Լեւերքուզընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 44-րդ վայրկեանին: Ան ցարդ նշանակած է 2 կոլ` 11 մրցումի ընթացքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մէյրուպան, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 96-77 արդիւնքով (23-19, 52-31, 76-52 եւ 96-77): Տարեշրջանի իր 13-րդ յաղթանակը արձանագրելով` ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց պարագլուխի դիրքին, մինչ Մէյրուպա մնաց վերջին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Յաղթական Հռչակուեցաւ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 20-րդ հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ երէկ մեկնեցաւ Հիւսիսային Լիբանան` մրցելու համար Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ, իր համակիրներուն ընկերակցութեամբ, իրաւարարներուն կողմէ 2-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը դաշտ չներկայացաւ: Այսպիսով, ՀՄԸՄ ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց 7-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ:...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Նարեկ Կիւրիւնեան Տիրացաւ Առաջնութեան

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան երէկ` Շեպիպէ Շիահ ակումբին մէջ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղէն Նարեկ Կիւրիւնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 11-17 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, տպաւորիչ արդիւնք մը ձեռք ձգելով տիրացաւ առաջնութեան: Կը շնորհաւորենք Նարեկ Կիւրիւնեանը, անոր մարզիչը եւ ծնողները:

Մեճիք Ֆութսալ.  Աշխարհի Հաւաքականի Մարզիկները Յաղթեցին Պէյրութի Դրամատան (11-7)

Մեճիք Ֆութսալ. Աշխարհի Հաւաքականի Մարզիկները Յաղթեցին Պէյրութի Դրամատան (11-7)

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ «Պի Փրոտաքշըն»-ի, հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան եւ «Քոմըրշըլ» ապահովագրութեան ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 4 մարտ 2017-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ մեճիք ֆութսալի սպասուած մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան աշխարհի անուանի ֆութպոլիստներէ կազմուած հաւաքականը եւ Պէյրութի դրամատունը: Ռայըն Կիկզ Աշխարհի հաւաքականի մարզիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով այս մրցումին յաղթեցին 11-7 արդիւնքով: Մրցումին ներկայ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մասիս` 1-1

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Շարքի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Մասիս մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Ճորճիկ Տարագճեան: Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Թաատոտ 19 (24-8) 2.- Լիուա Պարժա 16 (20-11) 3.- Ռայա 15 (19-13) 4.- Ռաուտա Տըքուանէ 14 (17-5) 5.-...

Page 1002 of 1277 1 … 1,001 1,002 1,003 … 1,277

Արխիւներ