
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ «Պի Փրոտաքշըն»-ի, հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան եւ «Քոմըրշըլ» ապահովագրութեան ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 4 մարտ 2017-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ մեճիք ֆութսալի սպասուած մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան աշխարհի անուանի ֆութպոլիստներէ կազմուած հաւաքականը եւ Պէյրութի դրամատունը:

Աշխարհի հաւաքականի մարզիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով այս մրցումին յաղթեցին 11-7 արդիւնքով:
Մրցումին ներկայ գտնուեցան 2500 հանդիսատեսներ:
Նշենք, որ աշխարհի հաւաքականի կազմին ընդմէջէն ելոյթ ունեցան պրազիլցի Ֆալքաօ, կալեսցի Ռայըն Կիկզ, իտալացի Փաուլօ Մալտինի, իրանցի Վահիտ Շամսայ, հոլանտացի Նեպիլ Աքաազուն, ֆրանսացի Սիան Կառնիէ եւ սերպ բերդապահ Զորան Ռաքիսեւիչ: Իսկ անոնց մարզիչն էր լիբանանցի Հասան Համմուտ:
Աւարտին կազմակերպիչները յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին հիւր կազմի մարզիկներուն:
 
			

