
Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան երէկ` Շեպիպէ Շիահ ակումբին մէջ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղէն Նարեկ Կիւրիւնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 11-17 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, տպաւորիչ արդիւնք մը ձեռք ձգելով տիրացաւ առաջնութեան:
Կը շնորհաւորենք Նարեկ Կիւրիւնեանը, անոր մարզիչը եւ ծնողները:


