Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Թուրքիա

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքի աւարտէն անմիջապէս ետք, երէկ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Պոլիս (Թուրքիա), ուր 9-14 մարտին պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը, հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Մկրտչեանի համար այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ միջազգային առաջին փորձառութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, ան իր կազմը օժտեց զօրաւոր մարզիկներով: Թուրքիա մեկնած մարզիկներն են....

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Դարձեալ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Սելթիքսէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ մնացին այն երկու խումբերը, որոնք ցարդ ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսը: Արդէն իսկ իր տոմսը ապահոված Ուորիըրզ Պոսթըն Սելթիքսէն դարձեալ պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ` 99-86 արդիւնքով: Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) եւ Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեցին 25-ական կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Մոնաքօ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Եուրօ-2024. Գերմանիա Եւ Թուրքիա` Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրած Միակ Երկիրները

  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Գերմանիա եւ Թուրքիա հանդիսացան միակ երկիրները, որոնք առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` հիւրընկալելու Եուրօ-2024-ը: 3 մարտը վերջին պայմանաժամ ճշդուած էր: Դանիա, Նորվեկիա, Շուէտ եւ Ֆինլանտա, որոնք կ՛ուզէին միացեալ թեկնածութիւն առաջադրել, չշարունակեցին իրենց ճիգերը: Գերմանիա եւ Թուրքիա մինչեւ ապրիլ 2018 իրենց թղթածրարները ամբողջացնելով պէտք է ներկայացնեն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին,...

Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Խապի Ալոնսօ Կ՛աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող սպանացի միջազգային նախկին միջնապահ Խապի Ալոնսօ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Նշենք, որ Գերմանիոյ ախոյեանին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-2017 տարեշրջանի աւարտին: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, իր ակումբէն բացի Ռէալ Մատրիտի, Լիվըրփուլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ` 67-38

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Շեպիպէ Շիահ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 67-38 արդիւնքով (26-7, 8-12, 16-5 եւ 17-14): ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (19 կէտ), Այտա Պախոս (15), Մեղրի Թորոսեան (8), Լէյլա Ֆարես, Ֆարահ Հարաքէ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Եւ Մութթահետ` Յաղթական

Հուփս - Ռիատի մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջինին, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, Հուփս 91-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն (12-20, 27-42, 49-59 եւ 75-91): Հուփսէն Անթոնիօ Հէյմըն նշանակեց 26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, իսկ Ռիատիէն Ալատէ Ամինու նշանակեց 21 կէտ եւ 15 ռիպաունտ:...

Պարսելոնայի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանին գծով դարձի 2 ճակատումներ: Պարսելոնա եկաւ փաստելու, որ ֆութպոլի աշխարհին մէջ անկարելի ոչինչ կայ եւ կլոր գնդակի աշխարհին մէջ միշտ ալ կարելի են անակնկալներ: Արդարեւ, Պարսելոնա երթին իր կրած պարտութիւնը մոռնալով (4-0) եկաւ ֆութպոլի լաւ դաս մը տալու Փարիզ Սեն Ժերմենին, երբ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյններուն կ՛անդրադառնանք ստորեւ: Ֆետերասիոնը վեց ամիսով կախակայեց իրաւարար Հիւսէյն Համիէն, որ Ռիատա Ուալ Ատապ - Շեպիպեթ Մազրաա մրցումին անհրաժեշտ օրէնքները չգործադրեց: Թատամոն Սուր Ռասինկի դէմ իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս եւ առանց համակիրի` դռնփակ: Ֆետերասիոնը հրապարակեց Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք երթի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Մինի Ֆութպոլի 8 Մրցումներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումներէն մաս մը կատարուեցաւ շաբաթ, 4 մարտ 2017-ին: Մնացեալ մրցումները պիտի շարունակուին այսօր` հինգշաբթի, 9 մարտին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. 2003-2004 Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան - Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ                14:00 2003-2004 Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան - Հայ կաթողիկէ...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօրուան Մրցումին Մխիթարեանի Մասնակցութիւնը` Հարցականի Տակ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռոսթովի: Նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի իր խմբակիցներուն հետ մեկնեցաւ Ռուսիա: Երէկ, անգլիական ակումբի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ անորոշ է, թէ այս մրցումին Մխիթարեան պիտի խաղա՞յ, թէ՞ ոչ:...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 18 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ազգային Հաւաքական

26 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Ղազախստան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրապարակեց անունները արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 18 ֆութպոլիստներուն, որոնք նախապատրաստական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր ստացան: Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցող ֆութպոլիստներուն եւ հաւաքականին վերջնական անուանացանկը պիտի հրապարակուի աւելի...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Նշանակեց 58 Կէտ, Բայց Օքլահոմա Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 126-121 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Թէեւ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 58 կէտ, սակայն կէտերու այդ քանակը յաղթանակ չապահովեց անոր կազմին: Տալաս Մավըրիքս, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, 122-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 25 կէտ, մինչ Տանճելօ...

Թենիս. Ֆետերերի Նոր Մրցանիշը

Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի նախկին դիրքը գրաւած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր նոր մրցանիշ մը հաստատեց «Էյ. Թի. Փի.»-ի 50 լաւագոյն թենիսմէններու ցանկին մէջ ընդգրկուելուն համար: Այս շաբաթ 35 տարեկան ֆետերեր, որ 874-րդ անգամն ըլլալով ընդգրկուեցաւ «Էյ. Թի. Փի.»-ի շաբթուան լաւագոյն 50-ին մէջ, յաջողեցաւ գերազանցել ամերիկացի Ճիմի Քանըրսի մրցանիշը, յայտնեց Tennis.com կայքը: Նշենք, որ վերջերս յստակացաւ, թէ յառաջիկայ 3 տարիներուն...

Իպրահիմովիչ 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

  Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին 3 մրցումով կախակայեց Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչը: Ան կախակայուեցաւ, որովհետեւ Փորթցմաութի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (27-րդ հանգրուան) արմուկով հարուածած էր մրցակից կազմի մարզիկ Թէյրոն Մինքսը: Սակայն հարուածը վրիպած էր օրուան կեդրոնի իրաւարար Քեւին Ֆոլանտի ուշադրութենէն: Իպրահիմովիչ, որ տուգանք ալ պիտի վճարէ, պիտի բացակայի Չելսիի, Միտըլզպորոյի եւ Ուեսթ...

Վենկեր Որոշեց Հեռանալ Արսենալէն

Լոնտոնեան Արսենալի ֆրանսացի մարզիչ Արսեն Վենկեր որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ ակումբէն, յայտնեց independent.co.uk կայքը: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ նորոգել այդ պայմանագրութիւնը, որովհետեւ ըստ անգլիական մամուլին, ան բաւական լաւ առաջարկ մը ստացած է Չինաստանէն:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը մրցի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներէն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, իսկ խումբին համակիրներէն ուղղուիլ դաշտ եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Ռիատի Եւ Մութթահետ – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս կը հիւրընկալէ Ռիատին, մինչ Մութթահետ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ` Թատամոնը: Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Հուփս կը գրաւէ 9-րդ դիրքը (3 յաղթանակ եւ 11 պարտութիւն), իսկ Ռիատի` 2-րդ դիրքը (11 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն): Իսկ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Ռէալ Մատրիտ` Դարձեալ Յաղթական Այսօր` Պարսելոնա – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Պայէրն Միւնիխի մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Պայէրն Միւնիխ եւ Ռէալ Մատրիտ երթի իրենց յաղթանակները կրկնեցին դարձեա՛լ նոյն արդիւնքով` յաջորդաբար Արսենալի (5-1) եւ Նափոլիի դէմ (3-1): Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեվանտովսքի (55-րդ` փենալթիով), Արժեն Ռոպեն (68-րդ), Տուկլաս Քոսթա (78-րդ) եւ Արթուրօ Վիտալ (80-րդ եւ 85-րդ): Արսենալի կոլը նշանակեց...

3×3 Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն` 18 Տարեկանէն Վար Դասակարգին Մէջ

3×3 Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն` 18 Տարեկանէն Վար Դասակարգին Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ, 3x3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (տղաք եւ աղջիկներ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել 1 յունուար 1999-էն 1 յունուար 2000-ի ծնունդ բոլոր մարզիկները: Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 100 ամերիկեան տոլար` իւրաքանչիւր խումբի համար (4 մարզիկ): Անիկա տեղի պիտի ունենայ հանգրուանային ձեւով: Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 11 մարտ (հիւսիսի նահանգ) Մանար համալսարանին մէջ, Թրիփոլի: Արձանագրութեան վերջին...

Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականը Ֆութպոլի Բարեկամական 2 Մրցում Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականը 11 եւ 13 մարտին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Մակեդնիոյ մէջ` իր հասակակիցներուն դէմ: Նշենք, որ 6 մարտին հաւաքականը մարզական հաւաքի մը սկսաւ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Առաքելեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներն են. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութիւն Մելքոնեան, Գուրգէն Աւետիսեան եւ Նարեկ Պօղոսեան: ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Page 1001 of 1277 1 … 1,000 1,001 1,002 … 1,277

Արխիւներ