Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ խրուաթ Նիքշա Փաւչեւիչ նշանակուեցաւ տղոց ազգային խումբի մարզիչ:
1956-ին ծնած մարզիչը պիտի պատրաստէ հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Օգոստոսին տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքին հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Պոսնիա, Սլովաքիա եւ Շուէտ: