Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն, կատարեց «Քալչիօ»-ի իր 612-րդ մրցումը:
Այսպիսով, 39 տարեկան բերդապահը մրցումով մը գերազանցեց Ա. Էս. Ռոմայի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Թոթթին:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Փաուլօ Մալտինի (647) ապա` Խաւիէ Զանեթթի (615):