Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարքօ Ռէոս մէկ ամիս պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին, յայտնեց գերմանական խումբին պաշտօնական կայքը:
27 տարեկան Ռէոս վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Պայէր Լեւերքուզընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 44-րդ վայրկեանին:
Ան ցարդ նշանակած է 2 կոլ` 11 մրցումի ընթացքին: