Նախորդ շաբաթավերջին Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն զուգահեռ:
9 աթոռի համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 13 անձեր:
Այս ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց եւ Ասիոյ հեծելարշաւի նոր ֆետերասիոնին մաս կազմեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Եթէ Լիբանանի համար այս յաջողութիւնը նկատուեցաւ կարեւոր, միւս կողմէ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար եւս Վաչէ Ծատուրեանի այս յաղթանակը նկատուեցաւ իսկապէս մեծ նուաճում:
Կը շնորհաւորենք Վաչէ Ծատուրեանը` անոր այս ընտրութեան առիթով, անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: