Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ, որ ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, շատ հաւանաբար նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր կազմին հետ:
Սակայն, ըստ «ԱՍ»-ի, 25 տարեկան Ռոտրիկեզ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ այն պայմանով, որ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք Իսքօ հեռանայ արքայական ակումբէն:
Թէեւ Ռոտրիկեզ մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ռէալ Մատրիտի հետ, սակայն նախապէս հաղորդուած էր, որ Ինթեր Միլան մօտէն հետաքրքրուած է մատրիտեան ակումբին միջնապահով: