Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Մարքոս Ռոխոյի եղբայրը սպաննուցեաւ արժանթինեան Լա Փլաթա քաղաքին մէջ:
«Տը Սան»-ի համաձայն, 17 տարեկան Ժերոնիմօ Ռոխօ իր ընկերոջ հետ փորձած է թալանել նախկին ոստիկան մը, որ կրակած է անոնց վրայ:
Ծանր կերպով վիրաւորուելով Մարքոսի եղբայրը թէեւ փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն ժամեր ետք մահացած է, մինչ անոր ընկերը սպաննուած է տեղւոյն վրայ:
Կը նշուի, որ անոնք երկուքը փորձած են կողոպտել թաքսիի վարորդ մը, որ յաջողած է խոյս տալ: Ատկէ ետք անոնք մօտեցած են այդ նախկին ոստիկանին ուղղութեամբ, որ կրակած է 2 փամփուշտ: