Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց ջանքերը ակումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու առնչութեամբ:
29 տարեկան արժանթինցիին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ: Այժմ ակումբը կը փորձէ նպատակայարմար տարբերակը ընտրել` նոր պայմանագրութեան ստորագրութեան իրականացման համար:
«Մարքա»-ի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, Պարսելոնա պատրաստ է Մեսսիին վճարելու տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Պարսելոնա վստահ է, որ նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Մեսսիի հետ, հակառակ անոր որ Չինաստանէն անոր տարեկան 50 միլիոն եւրոյի աշխատավարձի առաջարկ ներկայացուած է: