Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին իր գումարած ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային, պիտի կազմակերպէ «Օլ Սթար»-ի մրցում մը, որուն թուականը պիտի յստականայ շուտով:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ տեղի պիտի ունենայ նաեւ թրի փոյնթի մրցում մըն ալ, տղոց եւ աղջկանց համար, ինչպէս նաեւ` տանքի մրցումը:
Վերջապէս, գլխաւոր մրցումը տեղի պիտի ունենայ այժմու մարզիկներուն եւ անցեալի պասքեթպոլիստներուն միջեւ:
Վերոնշեալ բոլոր եկամուտներուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին: