
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մէյրուպան, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 96-77 արդիւնքով (23-19, 52-31, 76-52 եւ 96-77):
Տարեշրջանի իր 13-րդ յաղթանակը արձանագրելով` ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց պարագլուխի դիրքին, մինչ Մէյրուպա մնաց վերջին դիրքին վրայ:
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ գրեթէ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած էր իր մրցակիցը, երրորդ քորթըրին կէսէն ետք մարզիչ Ճօ Մուժահես, իր հիմնական մարզիկները դաշտէն դուրս բերաւ եւ առիթ տուաւ իր պահեստի մարզիկներուն, որոնց կարգին` Փաուլօ Պետիկեանի, Ճորճ Արսլանեանի եւ Տանիել Պաղտատեանի, դաշտ ներկայանալու եւ մասնակցելու մրցումին:
Նշենք, որ մրցումէն բացակայեցաւ Հայկ Կէօքճեան (վիրաւոր):
ՀՄԸՄ-էն Տուայն Ճեքսըն դարձաւ թրիփըլ տապըլի հեղինակ (16 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), մինչ ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Ֆատի Խաթիպ (37 կէտ, ներառեալ` 4 թրի փոյնթ):
Բաւական տպաւորիչ եւ բացառիկ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քեւին Կալոուէյ, որուն նշանակած 12 կէտերէն երեքը տանք էին:
Իսկ Աթեր Մաճոք նշանակեց 10 կէտ եւ իրագործեց 9 ռիպաունտ:
Մէյրուպայէն Էմանուէլ Ճոնզ նշանակեց 22 կէտ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի 108-102 արդիւնքով յաղթեց Թատամոնին:
Ժան Ապտելնուր (Ռիատի) եւ Իրվին Մորիս (Թատամոն) նշանակեցին 25-ական կէտ:
Իսկ նախանցեալ օր տեղի ունեցած բաւական հետաքրքրական ճակատումը` Շանվիլի եւ Սաժեսի միջեւ, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 89-82 արդիւնքով:
Նշենք, որ այսպիսով Սաժես կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը:
Այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:


