«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, իսկ Նափոլի` Ռէալ Մատրիտը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ եւ Ռէալ Մատրիտ իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար 5-1 եւ 3-1 արդիւնքով:
Արսենալի առաքելութիւնը` բաղդատմամբ Նափոլիի, քիչ մը աւելի դժուար կը նկատուի, թէեւ ֆութպոլի կլոր գնդակի աշխարհին մէջ ամէն ինչ կարելի է ակնկալել:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Պարսելոնա այլ դժուար առաքելութիւն մը ունի, երբ հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը` նկատի ունենալով, որ երթին Ֆրանսայի մէջ 4-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց:
Վաղուան երկրորդ մրցումին, Պորուսիա Տորթմունտ, որ պիտի հիւրընկալէ Պենֆիքան, համեմատաբար աւելի հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը միայն: