Գաղութային

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ  Արաբերէն Բացառիկ Համար

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Արաբերէն Բացառիկ Համար

«Ազդակ»-ի արաբերէն բաժանմունքը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մօտ օրէն կը հրատարակէ «Ազդակ»-ի չափով 12 էջնոց թիւ մը: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը կը շարունակէ առօրեայ կշռոյթով տեղադրել Ցեղասպանութեան հետ առնչուած ձեռնարկներուն եւ  քաղաքական զարգացումներուն հետ առնչուած մանրամասնութիւնները` միաժամանակ նկատի ունենալով թէ՛ արաբական աշխարհի եւ թէ՛ արաբալեզու հայ ընթերցողները: Բացառիկ թիւը ամբողջութեամբ յատկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Անոր աշխատակցած են Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն,...

Կազմակերպութեամբ  Ս. Հոգի Համալսարանին`  «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 Տարի… Ե՞տքը» Կարգախօսով Համագումար

Կազմակերպութեամբ Ս. Հոգի Համալսարանին` «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 Տարի… Ե՞տքը» Կարգախօսով Համագումար

Կազմակերպութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ մարդկային գիտութեանց բաժանմունքին, երէկ` երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Հայոց ցեղասպանութիւն. 100 տարի... ե՞տքը» կարգախօսով համագումար մը տեղի ունեցաւ համալսարանի ժողովասրահին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պետական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, համալսարանական դասախօսներու, եւ մտաւորականներու: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի հանդիսավար, համանուն համալսարանի դասախօս Քարին Նասր-Տեմիրճեան իր բացման խօսքով ողջունեց...

Խաչքարի Բացման Արարողութիւն`  Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ.  Ապու Սաապ Կը Յայտարարէ, Որ Ապրիլ 24-ին  Լիբանանի Բոլոր Վարժարանները Փակ Պիտի Մնան

Խաչքարի Բացման Արարողութիւն` Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ. Ապու Սաապ Կը Յայտարարէ, Որ Ապրիլ 24-ին Լիբանանի Բոլոր Վարժարանները Փակ Պիտի Մնան

Երէկ` երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ` Ֆանար, տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Բացման խօսքը արտասանեցին աշակերտներ Քրիստին Ճիպելեան եւ Ռոտրիկ Սեփեթճեան: Անկէ ետք Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան խօսք առաւ: Ան հակիրճ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան առաքելութիւնը անցեալէն ցայսօր եւ խօսեցաւ խաչքարի...

Լիբանանեան – Ամերիկեան  Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը եւս: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական ուսանողական ակումբին կողմէ: Հայ ուսանողները պատրաստած էին կարճ ժապաւէն մը, ուր նկարահանած էին համալսարանի աշակերտները, ուսուցչակազմը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք կը խօսին իրենց տեղեկութիւններուն մասին եւ կարծիքներ կը փոխանցեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ակումբի նախագահ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական  Միութեան Լայնածաւալ  Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Լայնածաւալ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Երէկ` երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին,  ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամները ժտէյտէի, Սեսինի եւ Հապթուր պանդոկին կից ձայնասկաւառակներ բաժնեցին անցորդներուն: Ձայնասկաւառակները կը պարունակէին  հայ եւ օտար հանրածանօթ արուեստագէտներու կատարողութեամբ երգացանկ մը: Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած երգերը նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան, այդ երգերը համաշխարհային կամ շրջանային մակարդակի վրայ մեծ արձագանգ ձգած են: Ձայնասկաւառակին տուփին վրայ զետեղուած է անմոռուկ ծաղիկը, իսկ ետեւի կողմը`...

«Անդունդէն Դրախտ». Այցելութիւն`  Այնթուրայի Որբանոց

«Անդունդէն Դրախտ». Այցելութիւն` Այնթուրայի Որբանոց

Ապի Նասր. «Երանի Հայերուն Օրինակին Հետեւինք` Յիշողութեան Պահպանման Իմաստով» Բագրատունի. «Ինչո՞ւ Լիբանան Կը Տատամսի Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան Նահատակներու Թոռներուն Հետ Զօրակցութեան Օր Յայտարարելէ» Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 18 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Անդունդէն դրախտ» խորագիրով ձեռնարկ մը` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցին մէջ: Ներկայ էին երեսփոխաններ Նաամթալլա Ապի Նասըր, Եուսեֆ Խալիլ, Ֆարիտ...

Ուսանողական Իրազեկման Հաւաք`  Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ

Ուսանողական Իրազեկման Հաւաք` Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ

Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին հարիւրաւոր լապտերներ լուսաւորեցին Պէյրութի երկինքը «#AgainstAllGenocides» (#ԸնդդէմԲոլորՑեղասպանութիւններուն) անունը կրող իրազեկման ձեռնարկին ընթացքին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով, սակայն կը միտէր հանրութեան յիշեցնելու բոլո՛ր ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները: Նախքան հաւաքը, օրեր շարունակ տեղի ունեցաւ նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ քարոզարշաւ. երիտասարդներ տեղադրեցին սեւուճերմակ նկարներ, որոնց մէջ բռնած էին...

Դաշնակցական Պատանիները Նորարար  Շունչով Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Մօրս Պատմութիւնը  Պիտի Պատմեմ Զաւակներուս»  Նշեց Էմիլ Էմիլ Լահուտ

Դաշնակցական Պատանիները Նորարար Շունչով Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Մօրս Պատմութիւնը Պիտի Պատմեմ Զաւակներուս» Նշեց Էմիլ Էմիլ Լահուտ

Շաբաթ, 18 ապրիլ 2015¬ի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին տեղի ունեցաւ «Մենք ենք մեր դատին իրաւատէրերը» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Ընդհանուր վարիչ մարմինին: Նախքան պաշտօնական ձեռնարկը, այս առիթով օրուան ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը միջոցառումներ. 100 պատանիներէ բաղկացած խումբ մը կէսօրուան ժամը 12:00-ին քայլարշաւ կատարեց Պուրճ Համուտի հրապարակէն մինչեւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր տեղի...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ.  Իրազեկումի Հանգրուանէն Պահանջներու  Ներկայացման Հանգրուան Անցնելու  Անհրաժեշտութեան Շեշտադրում

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Իրազեկումի Հանգրուանէն Պահանջներու Ներկայացման Հանգրուան Անցնելու Անհրաժեշտութեան Շեշտադրում

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Դէպի արդար հատուցում» խորագիրը կրող ձեռնարկը`  կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս ձեռնարկը սկիզբ առաւ քայլարշաւով` քաղաքապետարանի շէնքերէն, ուրկէ հոծ բազմութիւն մը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ քալեց դէպի «Արագած» խաղավայր, որ ձեւով մը վերածուած էր խորհրդաւոր վայրի, ուր տեղ գտած էին պատմական Հայաստանի քարտէսի եւ Ծիծեռնակաբերդի մանրապատկերները: Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն...

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Մէջ  Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն.  Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Մէջ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ Զահլէի մէջ հայ քաղաքական 3 կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն, շաբաթ, 18 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Զահլէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլարշաւ եւ յիշատակի հանդիսութիւն: Քայլարշաւը ընթացք առաւ Զահլէի Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ֆաթիմաի Տիրամայր եկեղեցիէն, ուր հայր Ալիշան Աբարթեան խօսեցաւ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքին եւ սկզբունքներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն դիմագրաւելու իրենց սպառնացող չարիքներուն: Ան ըսաւ, որ հայ...

«Կարկաչ» Կոմիտասեան Երգաշարով Յարգեց  Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը

«Կարկաչ» Կոմիտասեան Երգաշարով Յարգեց Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար, երէկ` կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ  տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան սոյն իւրայատուկ առիթով...

100-Ամեակի Բացառիկը` Գիտամատչելի  Բովանդակութեամբ Եւ Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ  Եւ Անի Պէզիքեանի Հովանաւորութեամբ

100-Ամեակի Բացառիկը` Գիտամատչելի Բովանդակութեամբ Եւ Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեանի Հովանաւորութեամբ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Ազդակ» իր ընթերցողներուն կը ներկայանայ բացառիկ համարով: Բացառիկին բովանդակութիւնը շուտով կը հրատարակուի. այս թիւի բովանդակային առանցքը կը յատկանշուի երիտասարդ աշխատակիցներու մասնակցութեամբ: «Ազդակ» յատուկ համաձայնութիւն ունէր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքին հետ`  հրատարակութեան իրականացման համար համագործակցելու: Ուրեմն, սփիւռքի մեր երիտասարդ ուսումնասիրողներուն եւ աշխատակիցներուն առընթեր 100-ամեակի թիւին աշխատակցած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի երիտասարդ գիտաշխատողներն...

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան  Չենթարկուեցաւ,  Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է  Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական  Քաղաքականութեան»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Չենթարկուեցաւ, Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական Քաղաքականութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վատիկան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վաթիքան Ինսայտըր» կայքի տնօրէնին` Ճիաննի Վալենթէի հետ: Յիշեալ կայքը Վատիկանի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի լրատուութեան աղբիւրներէն մէկն է` իր ունեցած հարցազրոյցներով, հայթայթած առարկայական տուեալներով ու ճշգրիտ տեղեկութիւններով: Վեհափառ հայրապետին հետ «Վաթիքան Ինսայտըր»-ի ունեցած հարցազրոյցը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, սրբազան քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

17 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Ֆրանչիսկոս պապին կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին խօսքը եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը: Նաեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր` ներառեալ նախագահի ընտրութիւնը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր  Շիրակեան» Մասնաճիւղ.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Դէպի յաւերժութիւն» խորագիրով ձեռնարկ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանին մօտ ժողովրդային հաւաքը ընթացք առաւ եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ ջահերթ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանէն դէպի «Արին» կեդրոն, ուր...

ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւնները Խաղաղ Ցոյցեր Կատարեցին Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանատուներուն Առջեւ

ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւնները Խաղաղ Ցոյցեր Կատարեցին Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուներուն Առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցան նմանօրինակ ցոյցեր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ կազմակերպեցին խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Միացեալ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն.  Ժամանակացոյց` Միւռոնի Պատրաստութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն. Ժամանակացոյց` Միւռոնի Պատրաստութեան

Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս միւռոնը կ’օրհնուի եօթը տարին անգամ մը: Ս. միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի կ’ունենայ զանազան հանգրուաններով եւ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանք կ’ենթադրէ: Ս. միւռոնը կը պատրաստուի քառասունէ աւելի բոյսերէ: Շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ին տեղի ունենալիք միւռոնի օրհնութեան պատրաստութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքները կը սկսին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն. Հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015 Ժամերգութիւն կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Ժամերգութենէն ետք հանդիսաւոր թափօր եւ...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Առողջապահական Յանձնախումբ.  «Ցեղասպանութեան Իբրեւ Հետեւանք  Հայ Ժողովուրդին Կորուստները Առողջապահական  Մարզին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ. «Ցեղասպանութեան Իբրեւ Հետեւանք Հայ Ժողովուրդին Կորուստները Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը կազմակերպած էին դասախօսական երեկոյ մը` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` աջակցութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին: Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ բարի գալուստ...

«Կոթողական» Թատերախաղի Ներկայացում` Երկրորդական Կարգերու Աշակերտներուն Համար

«Կոթողական» Թատերախաղի Ներկայացում` Երկրորդական Կարգերու Աշակերտներուն Համար

Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուած 3 յաջող ելոյթներէն ետք, երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլի կէսօրուան ժամը 11:30-ին,  Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կրկին ներկայացուց «Կոթողական»-ը, այս անգամ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն դիմաց: Թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան բարի գալուստ մաղթեց սրահին մէջ ներկայ գտնուող աւելի քան 450 աշակերտներուն եւ բացատրեց, որ թատերախաղին մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ 2 տարբեր կարծիքներու...

Աննախընթաց Երեւոյթ` ՔԱՀԼ-ի Մէջ

Աննախընթաց Երեւոյթ` ՔԱՀԼ-ի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, տակաւին հայ ժողովուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները եւ արդարութիւն կը պահանջէ իր մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն արեան համար: Նախորդ դարու սկիզբը, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, թուրք դահիճներու կողմէ ծրագրուեցաւ եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուեցաւ 20-րդ դարու առաջին եւ ամէնէն ողբերգական եղեռնը: Հայկական բնօրրանէն բռնի տեղահան եղան եւ անապատի կիզիչ արեւուն տակ...

Page 351 of 364 1 … 350 351 352 … 364

Արխիւներ