Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարկաչ» Կոմիտասեան Երգաշարով Յարգեց Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը

Ապրիլ 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4756Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար, երէկ` կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ  տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան սոյն իւրայատուկ առիթով ուղղեց իր սիրտին խօսքը: Քէշիշեան ներկաները ողջունելէ ետք, խնդրեց անոնցմէ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: «Այսօրուան մեր համերգը պիտի մատուցենք իբրեւ խունկ ու մոմ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակին», շեշտեց ան: Քէշիշեան փոխանցեց իր ուսուցման ընթացքին ունեցած զարմանքն ու  զայրոյթը` նկատելով, որ տասնեակ մը լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէ կազմուած յիսնեակ մը սաներէն մէկ քանին միայն ծանօթ էին կոմիտասեան երգերուն, սակայն ան նաեւ հաստատեց, որ իր ուրախութիւնը մեծ եղաւ երբ անցեալ չորեքշաբթի, աւելի քան 1700 աշակերտներ գիտակից ձեւով լսեցին կոմիտասեան անմահ ստեղծագործութիւնները:

Ապա մայեսթրոն բեմ հրաւիրեց Համազգայինին «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը` ներկայացնելու համար Մեծ եղեռնի խորհրդանիշերէն` Կոմիտասէն, երգերու երկու շարքեր: Առաջին շարքը ընդգրկեց «Հով արէք սարեր ջան», «Հաբըրբան», «Ալագեազ սարն ամպել ա», «Խնկի ծառ» երգերը, իսկ երկրորդ շարքը` «Չինար ես», «Երկինքն ամպել ա», «Կուժն առա», «Գնա գնա» եւ «Շախկըր-շուխկըր»:

Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբն ալ ներկայացուց «Արեւազօծ ծաղկանոց» երգաշարը. որ ըստ Քէշիշեանի աւանդական դարձած է Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբին`  Արեգ Լուսանեանի կողմէ մշակուած երգերը ներկայացնելը: Քէշիշեան ըսաւ, որ ««Արեւազօծ ծաղկանոց» խորագիրը կը պարունակէ տարուան 12 ամիսները, որոնցմով մենք եւս  ծաղկեփունջ մը կը զետեղենք նահատակներուն անթառամ յիշատակին»:

Համազգայինին «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ`  ներկայացնելու համար դասական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ այլ ժամանակակից երգեր` «Սաունտ Օֆ Միուզիք», «Նայիլի Ահլա Զահրա» եւ «Ռաժեհ-Ռաժեհ» երգերը:

Մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին`  զիրենք քաջալերելուն եւ իրենց հետ  գործակցելնուն համար, ապա Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը յայտագիրը փակեց «Ապրի՛լ կրկին» երգով:

Երգչախումբերուն ոգեշնչող եւ  հոգեպարար կատարողութենէն ետք համերգը իր  աւարտին հասաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերու նուիրումով` խմբավարին եւ դաշնակահարին:

 

 

Նախորդը

100-Ամեակի Բացառիկը` Գիտամատչելի Բովանդակութեամբ Եւ Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեանի Հովանաւորութեամբ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Մէջ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի  Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Մարտ 23, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023
Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում` Այլ Ընտրանք Չկայ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Շրջափակումը Դէմ Է Մարդկային Արժանապատուութեան Ու Միջազգային Օրէնքին»

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In