Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսանողական Իրազեկման Հաւաք` Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ

Ապրիլ 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-19-15_zom-1Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին հարիւրաւոր լապտերներ լուսաւորեցին Պէյրութի երկինքը «#AgainstAllGenocides» (#ԸնդդէմԲոլորՑեղասպանութիւններուն) անունը կրող իրազեկման ձեռնարկին ընթացքին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով, սակայն կը միտէր հանրութեան յիշեցնելու բոլո՛ր ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները:

Նախքան հաւաքը, օրեր շարունակ տեղի ունեցաւ նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ քարոզարշաւ. երիտասարդներ տեղադրեցին սեւուճերմակ նկարներ, որոնց մէջ բռնած էին խաւաքարտ մը, որ կը կրէր «#AgainstAllGenocides» գրութիւնը: Շուտով այս արշաւը ժողովրդականութիւն շահեցաւ, յատկապէս երբ հանրային դէմքեր, լիբանանցի հռչակաւոր անձեր, ինչպէս` Զաւէն Գույումճեան, Էսփերանս Ղանեմ, Էլի Հաուշան, Սեւակ Քեթենճեան, Այլին Խաչատուրեան, Քարմէն Լապաքի եւ շատ ուրիշներ միացան` տեղադրելով իրենց նկարները` գործածելով ձեռնարկի «հեշթեկ»-ը:

Ընկերային ցանցերու քարոզարշաւը հասաւ իր գագաթնակէտին իրազեկման ձեռնարկով` իբրեւ թիրախ ունենալով Լիբանանի երիտասարդութիւնը, անոնց ընտելացնելու համար բոլոր ցեղասպանութիւններուն հետ, որոնց ականատես եղած է պատմութիւնը, եւ կոչ ընելու հաւաքական ճիգերով վերջ տալու կրկնուող բռնութիւններուն:

4-19-15_zom-4Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ գտնուող «Տեմքօ Սթիլ» հաստատութեան կողքին, սկսաւ կազմակերպիչներուն բացման խօսքով, որուն մէջ Հրակ Աւետանեան ընդգծեց. «Մեզի այսօր միացնողը մեր յանձնառութիւնն է մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ, մեր պինդ  հաւատքն է իւրաքանչիւր մարդ արարածի իրաւունքին` ապրելու առանց իր ազգային պատկանելիութեան, կրօնին, կարծիքին կամ արեւելման պատճառով հալածանքի ենթարկուելու վախով»:

Աւետանեան աւելցուց. «Այսօր հաւաքուած ենք մեր ձայնը բարձրացնելու ընդդէմ ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ոճրագործի: Այսօր հաստատակամօրէն կ՛ըսենք` բաւ է, եւ սոսկ մտածումը ամբողջ ցեղ մը բնաջնջելու անմարդկային, չարդարացուող, անարդարացի եւ անընդունելի է: Ան նշեց, որ «ընդդէմ բոլոր ցեղասպանութիւններուն» կարգախօսը իր մէջ կը ներառէ Տարֆուրի, Ռուանտայի, Քամպոտիոյ, Պոսնիոյ, Ուքրանիոյ, ասորիներու, հայերու, հրեաներու եւ բնիկ ամերիկացիներու ցեղասպանութիւնները: Առաւել` այս կարգախօսը «զօրակցութիւն կը յայտնէ մեր քոյր ու եղբայրներուն Պաղեստինի, Ղանայի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի եւ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հազարաւոր անմեղ կեանքեր տակաւին կը շարունակուին առօրեայ դրութեամբ ջարդուիլ», նշեց Աւետանեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, «հարիւրաւոր լապտերներ Պէյրութի երկինքին մէջ ձգելով, նաեւ արձակած կ՛ըլլանք հարիւրաւոր մղձաւանջներ, զորս ցեղասպանութիւններէն վերապրողներ շալկած են իրենց հետ այս ամբողջ տարիներուն ընթացքին… նաեւ կ՛արձակենք կոչեր` ճշմարտութեան եւ արդարութեան»:

4-19-15_zom-3Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանահայ մրցանակակիր արուեստագէտ Այլին Խաչատուրեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդութեան դերին կարեւորութեան վրայ` ընկերային շարժումներու մէջ: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն իրենց վրայ վերցնելու պատասխանատուութիւնը` վերջ տալու կրկնուող բռնութիւններուն: Արուեստագէտը ըսաւ, որ բաւարար է որքան սպանութիւններու, ջարդերու եւ ցեղասպանութիւններու վկայ դարձած է մարդկութիւնը: «Բոլորս շարժինք պահանջելու ճանաչում բոլոր ցեղասպանութիւններուն եւ անցնինք հատուցումի հանգրուանին: Միայն անցեալի սրբագրումով է, որ կրնանք ապահովել աւելի լաւ, ապահով եւ աւելի խաղաղ ապագայ մը», եզրափակեց Խաչատուրեան:

4+19-15_zom-5Ձեռնարկի հիւր Տի-Ճէյ-ը ներկայացուց փունջ մը իր ստեղծագործութիւներէն: Անոր երգով ընկերակցեցաւ Գարմէն Պալեան:

Ձեռնարկին ընթացքին մեծ պաստառներու վրայ կը ցուցադրուէին տեսերիզներ, շարժապատկերներէ բաժիններ, տուեալներ եւ պատկերներ` բազմաթիւ փաստագրուած ցեղասպանութիւններէ, ներկաները իրազեկելու եւ երեկոյի պատգամը փոխանցելու համար:

Ձեռնարկը յատկանշուեցաւ 500 լապտերներու երկինք արձակումով, մրցանիշ մը` Լիբանանի պատմութեան մէջ, իբրեւ յարգանքի տուրք բոլոր անմարդկային ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու զոհերուն:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Պատանիները Նորարար Շունչով Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Մօրս Պատմութիւնը Պիտի Պատմեմ Զաւակներուս» Նշեց Էմիլ Էմիլ Լահուտ

Յաջորդը

«Անդունդէն Դրախտ». Այցելութիւն` Այնթուրայի Որբանոց

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?