Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցան նմանօրինակ ցոյցեր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ:
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ կազմակերպեցին խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պատասխանատուներուն:
Կոչ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան
Եւ Քոնկրեսին
24 ապրիլ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: 100-ամեակի նախօրեակին, մինչ կը յարգենք յիշատակը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած` կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն, կ՛անդրադառնանք նաեւ հասարակաց պատմութեան վսեմ արարքներու` գործուած սակաւաթիւ, բարեգութ մարդոց կողմէ, որոնք կանգնեցան մեր նախահայրերուն կողքին եւ ջանացին մեղմել անոնց տառապանքը:
Կը գնահատենք արիութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուին, ինչպէս նաեւ գաւառներու մէջ ամերիկեան հիւպատոսներուն, որոնց շարքին` Ճորճ Հորթոն, Լեզլի Տէյվիս եւ Ճեսի Ճեքսոն, որոնք չվարանեցան քողազերծել օսմանեան կառավարութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին վայրագութիւնը:
Կ՛արժեւորենք բարեգործական ճիգերը ամերիկեան «Նիր իսթ Ռիլիֆ» կազմակերպութեան, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ օրին նախաձեռնեց հանրային արշաւ մը` սատար կանգնելու հայ ժողովուրդի բեկորներուն եւ ապահով երդիք մը հայթայթելու Ցեղասպանութեան բազմահազար որբերուն:
Կ՛ակնածինք խիզախութեամբը Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, որ պատերազմի աւարտին ստանձնեց Հայ ժողովուրդի հայրենիքի սահմաններու ճշդման առաքելութիւնը` մասնակի լուծում մը հայ ժողովուրդի պատմական տարածքային իրաւունքներու վերականգնման խնդիրին:
Մինչ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ընդունած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը 1951-ին եւ 1981-ին, եւ մինչ ամերիկեան Քոնկրեսը 1975-ին եւ 1987-ին որդեգրուած բանաձեւերով ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը, վերջին տասնամեակներուն ամերիկեան յաջորդական իշխանութիւններ տեղի կու տան թրքական սպառնալիքներու դիմաց եւ կը դիմեն անպատուաբեր ինքնագրաքննութեան: Ոճիրէն դար մը ետք, Թուրքիա, տակաւին անզղջում, անամօթաբար կը յամառի իրագործել Ցեղասպանութեան վերջին հանգրուանը` ժխտումը: Բարոյական հրամայական է, որ Միացեալ Նահանգներ անյապաղ դադրեցնեն Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հետ իրենց առնչութիւնը:
Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Քոնկրեսին պատշաճօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Կը յորդորենք ամերիկեան կառավարութեան` ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ձեռնարկէ քայլերու` նիւթական եւ ոչ նիւթական կորուստներու հատուցման եւ հայ ժողովուրդի տարածքային սեփականութեան վերականգնման:
Կը խրախուսենք ամերիկեան կառավարութիւնը` դառնալու առաջամարտիկը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւին` իբրեւ նախաքայլ այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, մենք` Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներս, կը հաստատենք, որ աւելի քան երբեք կը մնանք պահանջատէր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու արդար դատի հետապնդման գործին մէջ:
16 ապրիլ, 2015
ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններ
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը եւս ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմաց: Անոնք դեսպանատան աշխատակիցին յանձնեցին պահանջագիր, որուն մէջ կը յորդորեն ամերիկեան կառավարութեան` ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Դեսպանատան աշխատակիցը առաւ պահանջագիրը եւ խոստացաւ ատիկա փոխանցել հասցէատիրոջ:
Համաերիտասարդական սոյն ծրագիրին հետեւելով` ՀՅԴ Յունաստանի, Քանատայի եւ Հոլանտայի երիտասարդական միութեանց անդամները եւս, բողոքի խաղաղ հաւաքներ կազմակերպեցին իրենց երկիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն դիմաց եւ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ տեղ գտած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող կարգախօսներ:
Իսկ Բրիտանիոյ երիտասարդական միութիւնը իր կարգին Լոնտոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչներուն յանձնեց միացեալ պահանջագիրը:
Նշենք, որ Շուէտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» երիտասարդական միութեան անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Շուէտի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց: