Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Ս. Հոգի Համալսարանին` «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 Տարի… Ե՞տքը» Կարգախօսով Համագումար

Ապրիլ 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-20-15_USEK1Կազմակերպութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ մարդկային գիտութեանց բաժանմունքին, երէկ` երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Հայոց ցեղասպանութիւն. 100 տարի… ե՞տքը» կարգախօսով համագումար մը տեղի ունեցաւ համալսարանի ժողովասրահին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պետական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, համալսարանական դասախօսներու, եւ մտաւորականներու:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի հանդիսավար, համանուն համալսարանի դասախօս Քարին Նասր-Տեմիրճեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ ձեռնարկը կը կայանայ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, եւ ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր մասերուն խորագիրները: Ան իւրաքանչիւր բանախօսի խօսք առնելէն առաջ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց անոնց կենսագրականը:

4-20-15_USEK2Համալսարանի դասախօսներէն Հուտա Նաամէ ֆրանսերէնով համալսարանին խօսքը փոխանցելով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, այս գծով հրապարակուած վկայութիւններուն, հայ-թուրք երկխօսութեան փորձերուն, հայութեան նկատմամբ ցուցաբերուած անարդարութեան եւ հայ համայնքի հաւաքական յիշողութեան: Դոկտ. Նաամէ յիշեցուց 24 ապրիլ 1915-ին 600 հայ մտաւորականներու տարագրութիւնը եւ մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանումը եւ աքսորի ու մահուան դատապարտումը: Նաամէ մէջբերեց Թալէաթի այն խօսքը, թէ մէկ հայ որպէս նմուշ պիտի ձգէ միայն: Ան ընդգծեց, որ այսօրուան ժիհատականներուն, ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործած աւերները շրջանի երկիրներուն մէջ, կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութեան, Ռուանտայի եւ այլ ցեղասպանութիւններ` հարց տալով, որ քանի՞ ցեղասպանութիւններ պէտք է գործադրուին տակաւին: Դոկտ. Հուտա Նաամէ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, յատկապէս` դասախօս Քարին Նասր-Տեմիրճեանին:

4-20-15_USEK3Ապա խօսք առաւ լիբանանցի պատմաբան դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին, որ արաբերէնով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` վաւերագիրներու լոյսին տակ: «Չկայ պատմութիւն առանց վաւերագիրի եւ չկայ վաւերագիր առանց պատմութեան», ըսաւ դոկտ. Զահրէտտին` թուելով Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող յատկապէս թուրք անձնաւորութիւններու` Թալէաթի, Նազըմի, Աթաթուրքի, Մաուլէն Զատէ Ռիֆաաթի արտայայտութիւններն ու կեցուածքները, ուրկէ բացայայտօրէն կը պարզուի, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած ու կանխածրագրուած էր թրքական Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներուն կողմէ` երկու հանգրուաններով.

1) 1910-ին Սելանիկի մէջ գումարուած նշեալ կուսակցութեան ղեկավարներու ժողովին, ուր քննարկուած ու որդեգրուած է Ցեղասպանութեան ծրագիրը:

2) Ապրիլ 1915-ի սկզբնաւորութեան Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներու գաղտնի ժողովը, ուր որոշուած են Ցեղասպանութեան գործադրութեան քայլերն ու անոնց մանրամասնութիւնները:

Զահրէտտին նաեւ յիշեցուց, որ 2005-ին թրքական «Հիւրրիէյթ» թերթը հրապարակած է Թալէաթի յուշերը եւ աւելի ուշ` Մուրատ Պարտաքճը հրապարակած է Թալէաթի յուշերուն օսմաներէն բնագիրը, «ինչ որ բացայայտ ու փաստագրեալ վկայութիւն է Հայոց ցեղասպանութեան համար»: Դոկտ. Զահրէտտին իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ «մերօրեայ սուլթան Էրտողան որքան ալ փորձէ խեղաթիւրել կամ աղաւաղել պատմութիւնը` պիտի չյաջողի ճերմկցնել թուրքերու պատմութեան սեւ էջերը, եթէ նոյնիսկ աշխարհի հականեխիչ դեղերը գործածեն»:

Ապա խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ արաբերէնով պատմական հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ Հայկական հարցի նորագոյն հանգրուանի ծագման` սկսելով 1878-ի Սան Սթեֆանոյի խորհրդաժողովէն ու զայն յաջորդած 1878-ի Պերլինի դաշնագիրէն` հասնելով Սեւրի դաշնագիրին` 10 օգոստոս 1920-ին, ուր Թուրքիա եւ դաշնակից պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան հայոց անկախ պետութիւնը, զայն կանխած` Ցեղասպանութեան շրջանը եւ ապա` յուլիս 1923-ի Լոզանի դաշնագիրը, որ անտեսելով Սեւրի դաշնագիրը, արգիլեց աշխարհասփիւռ հայերու տունդարձը:

Ապա Եագուպեան թուեց սփիւռքի կազմաւորման, յատկապէս` 1920-1965 երկարող շրջանը, որ կը նկատուի արդի հայկական գաղութներու հիմնադրութեան շրջան: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապած էր արեւմտեան երկիրներու, յատկապէս` Եւրոպայի վրայ, որ ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ: Իրապէս եղաւ այդ մէկը, սակայն ետքը միջազգային քաղաքական շահերուն խաչաձեւումը խանգարեց անոնց ճիգերը եւ Հայաստան մղուեցաւ Խորհրդային Միութեան գիրկը: Այնուհետեւ ո՛չ Թուրքիան պատժուեցաւ, ո՛չ ալ հայերը վերատիրացան իրենց իրաւունքներուն:

Շարունակելով թուել հայկական հարցի թեւակոխած յաջորդական հանգրուանները, Վերա Եագուպեան դիտել տուաւ, որ Լոզանի դաշնագիրէն ետք 1921-ին Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած գաղտնի համաձայնութեան հիմամբ, ֆրանսացիք 1939-ին պարպեցին Ալեքսանտրէթի նահանգը: Ապա եկաւ 1965-ը, որ դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռի մեկնակէտը հանդիսացաւ եւ 29 օգոստոս 1985-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ որդեգրուեցաւ: Եագուպեան իր թուումները շարունակեց հասնելով մինչեւ ներկայի` 100-ամեակի հանգրուանը, ուր հայութիւնը կը պահանջէ հայոց նիւթական, բարոյական եւ հողային պահանջներու հատուցումը:

Ապա ֆրանսերէնով խօսք առաւ համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Սուհայլա Սալլում, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, յատկապէս զգացական դիտանկիւնէն` ներկայացնելով հայ ժողովուրդի անցեալի նկատմամբ սէրը, փառքը եւ ապագայի հեռանկարները: Ան զուգահեռ մը գծեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած տառապանքներուն ու ջարդերուն:

Վերջին խօսողը եղաւ Անտոնեան համալսարանի դասախօսներէն Դալար Աթեշեան, որ իր անձնական վկայութիւնը փոխանցեց իբրեւ հոգեբան` վերլուծելով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու ապրած հոգեբանական մտատանջութիւնները` թրոման: Ան մէջբերում կատարեց գրող Ուիլիըմ Սարոյեանէն եւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայերու ներդրումին: Ան իր խօսքը եզրափակեց «հարիւր առ հարիւր լիբանանցի եւ հարիւր առ հարիւր հայ եմ» ըսելով:

Այս առիթով Յակոբ Քելուկեան տուտուկի վրայ ելոյթ ունեցաւ հայկական եղանակով:

 

 

Նախորդը

Խաչքարի Բացման Արարողութիւն` Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ. Ապու Սաապ Կը Յայտարարէ, Որ Ապրիլ 24-ին Լիբանանի Բոլոր Վարժարանները Փակ Պիտի Մնան

Յաջորդը

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Արաբերէն Բացառիկ Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Յունիս 12, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?