Երէկ` երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամները ժտէյտէի, Սեսինի եւ Հապթուր պանդոկին կից ձայնասկաւառակներ բաժնեցին անցորդներուն: Ձայնասկաւառակները կը պարունակէին հայ եւ օտար հանրածանօթ արուեստագէտներու կատարողութեամբ երգացանկ մը: Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած երգերը նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան, այդ երգերը համաշխարհային կամ շրջանային մակարդակի վրայ մեծ արձագանգ ձգած են: Ձայնասկաւառակին տուփին վրայ զետեղուած է անմոռուկ ծաղիկը, իսկ ետեւի կողմը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբերէնով ամփոփ տեղեկութիւն մը:
Այս աշխատանքով դաշնակցական երիտասարդը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր դատին եւ միշտ պատրաստ է իր դատը տարածելու, այս միջոցով ԼԵՄ-ականները լիբանանցի ժողովուրդին յիշեցուցին հայ ազգի ապրած արհաւիրքն ու տառապանքները եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ հանրային կարծիքին կողմէ ճնշումի կարեւորութիւնը: