17 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Ֆրանչիսկոս պապին կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին խօսքը եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը: Նաեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր` ներառեալ նախագահի ընտրութիւնը:


