Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Մէջ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

April 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-18-15_zahle-2Կազմակերպութեամբ Զահլէի մէջ հայ քաղաքական 3 կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն, շաբաթ, 18 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Զահլէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլարշաւ եւ յիշատակի հանդիսութիւն:

Քայլարշաւը ընթացք առաւ Զահլէի Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ֆաթիմաի Տիրամայր եկեղեցիէն, ուր հայր Ալիշան Աբարթեան խօսեցաւ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքին եւ սկզբունքներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն դիմագրաւելու իրենց սպառնացող չարիքներուն: Ան ըսաւ, որ հայ ազգը նախընտրած է ընդհանրական քրիստոնէական կրօնը ուրիշ որեւէ կրօնէ եւ ան սորված է, թէ որքա՛ն պէտք է չարչարուիլ Քրիստոսի անունին համար եւ երբեք չվհատիլ անոր սէրէն:

Ապա  Զահլէի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին անունով Խաժակ Բալուլեան հրաւիրեց ներկաները հետեւելու  ՀՄԸՄ Այնճարի եւ ՀԲԸՄ Պէյրութի շեփորախումբերուն, որոնք առաջնորդեցին ներկաները դէպի Զահլէի հայկական շուկան, որմէ ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Զահլէի հայ առաքելական եկեղեցի:

Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեան պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան որոշումը իրագործելու համար Թուրքիոյ կատարած ոճրագործութիւնները, որոնք սկսած են 1800-ական թուականներէն, երբ Համիտեան կոտորածներուն ընթացքին զոհ գացին աւելի քան 300.000 հայեր, իսկ աւելի ուշ Ատանայի կոտորածին ընթացքին աւելի քան 30.000 հայեր զոհուեցան:

Ան շարունակեց թուելով այն բոլոր յարձակումները, որոնք թուրքերը կատարեցին հայերուն դէմ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ կը շարունակեն կատարել ներկայիս` Թուրքիոյ մէջ սպաննելով Հրանդ Տինքն եւ Սեւակ Շահինը:

Հաւաթեան ըսաւ, որ թուրքերը ներկայիս կանգնած են հայկական, յունական, ասորական ցեղասպանութիւններուն հողին վրայ եւ յաջողած են վերածուիլ մեծ պետութեան, բայց անոնք ձախողած են իրենց առաքելութեան մէջ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ծնունդ առաւ մոխիրներէն եւ իր որբ, անօթի եւ փոքրաթիւ ժողովրդային բանակով ջախջախեց թրքական բանակը Սարդարապատի մէջ 1918-ին եւ պարզեց իր ապրելու ու գոյատեւելու Եռագոյն դրօշը:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Իւրաքանչիւր հայ պարտականութիւն ունի պահելու իր ազգային դիմագիծը, տէր կանգնելու իր ժողովուրդի մշակոյթին, պատմութեան, լեզուին եւ ամէնէն կարեւորը` ոգիին: Հայութիւնը պարտաւոր է բոլոր միջոցներով հզօրացնելու իր զոյգ հանրապետութիւնները, որոնք միակ ապաստանն են աշխարհացրիւ հայութեան»:

4-18-15_zahle-4Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն` հանդիսապետութեամբ Ներսէս քհնյ. Ճերմակեանի եւ մասնակցութեամբ հայր Ալիշան Աբարթեանի, ապա հոգեւոր հայրերը վառեցին շրջափակին մէջ զետեղուած ջահը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» խմբերգով:

 

 

 

Նախորդը

«Կարկաչ» Կոմիտասեան Երգաշարով Յարգեց Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Իրազեկումի Հանգրուանէն Պահանջներու Ներկայացման Հանգրուան Անցնելու Անհրաժեշտութեան Շեշտադրում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.