Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Չենթարկուեցաւ, Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական Քաղաքականութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-17-15_gatigՎատիկան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վաթիքան Ինսայտըր» կայքի տնօրէնին` Ճիաննի Վալենթէի հետ: Յիշեալ կայքը Վատիկանի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի լրատուութեան աղբիւրներէն մէկն է` իր ունեցած հարցազրոյցներով, հայթայթած առարկայական տուեալներով ու ճշգրիտ տեղեկութիւններով:

Վեհափառ հայրապետին հետ «Վաթիքան Ինսայտըր»-ի ունեցած հարցազրոյցը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, սրբազան քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներն ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ Արեւմուտքի մօտեցումը յիշեալ հարցերուն:

Անդրադառնալով մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն` վեհափառ հայրապետը մերժեց որեւէ մօտեցում կամ մեկնաբանութիւն, որ կը փորձէ ցեղասպանութեան ետին տեսնել կրօնական պատճառ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պատմական տուեալները եւ նոյնիսկ թրքական աղբիւրները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղաքական իշխանութիւնը ձեռք ձգած Երիտասարդ թուրքերու փանթուրանական քաղաքականութեան մաս կը կազմէր: Յիշեալ քաղաքականութեան նպատակը Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ թրքական մշակոյթին ու ցեղին պատկանող ժողովուրդները միացնելն էր փանթուրանական համապարփակ կայսրութեան մը սահմաններուն մէջ: Այս ծրագիրի իրագործման մէջ արգելք էր հայ ժողովուրդը, որ Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (որոնք արդէն մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան) երկար դարերու պատմութիւն ունէր եւ լաւապէս կազմակերպուած ներկայութիւն էր: Հայերը շրջանէն արմատախիլ ընելու միակ արմատական միջոցը ցեղասպանութիւնն էր: Ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ երեք հանգրուաններով. ա) Հայ ժողովուրդի ազգային եւ կրօնական ղեկավարներու սպանութիւնը կամ բանտարկութիւնը, բ) Կազմակերպուած ջարդեր հայահոծ շրջաններու մէջ, գ) Տեղահանութիւն եւ աքսոր դէպի Տէր Զօրի անապատները, որպէսզի հոն հիւծի ու մեռնի հայ ժողովուրդը»:

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ այս բոլորը ենթադրութիւն ու երեւակայութիւն չեն, այլ պատմական իրողութիւն են` աւելցնելով. «Թուրքիոյ ղեկավարները այսօր յատուկ ճիգ կը թափեն կրօնական ազդակ տեսնել հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջին մէջ: Մեծապէս դատապարտելի են նման մօտեցումները: Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդին պահանջը արդարութեան պահանջ է, այլ խօսքով` հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու հատուցում է: Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան մէջ ո՛չ մէկ կրօնական խնդիր կամ մօտեցում գոյութիւն ունի: Արդարեւ, 7-րդ դարէն սկսեալ եւ մինչեւ օրս փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ գոյակցած ենք իսլամութեան հետ եւ պիտի շարունակենք»:

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս ջերմօրէն ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապին քաջ կեցուածքը` ըսելով. «Եկեղեցին արդարութեան ձայնն է եւ ժողովուրդին կամքը կը ներկայացնէ, հեռու ամէն տեսակ քաղաքական հաշիւներէ եւ աշխարհաքաղաքական մօտեցումներէ եւ հեռանկարներէ»:

 

Նախորդը

Քաղուածք` Թրքական Մամուլէն

Յաջորդը

Արժանթինի Վիսենթէ Լոփես Քաղաքի Օրէնսդիր Մարմինը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Նախագիծ Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025
Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Մայիս 13, 2025
Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?