Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Ապրիլ 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-20-15_lau-3Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը եւս: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական ուսանողական ակումբին կողմէ: Հայ ուսանողները պատրաստած էին կարճ ժապաւէն մը, ուր նկարահանած էին համալսարանի աշակերտները, ուսուցչակազմը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք կը խօսին իրենց տեղեկութիւններուն մասին եւ կարծիքներ կը փոխանցեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ակումբի նախագահ Նանօր Նահապետեան, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Ան ըսաւ, որ «Թուրքիան որքան փորձէ ինքզինք իբրեւ քաղաքակիրթ եւ մարդկային իրաւունքները յարգող երկիր ձեւացնել, իր բոլոր փորձերը պիտի ձախողին, եթէ ան չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

4-20-15_lau-2Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի համալսարանի կեդրոնական բակ, ուր Հայկական ուսանողական ակումբը կառուցած էր Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Յուշակոթողը կը ներկայացնէ Ծիծեռնակաբերդի գաղափարը, բայց իրականացած է ուսանողական նոր մտածելակերպով եւ ձեւաւորումով: Ներկաները 100 վարդ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ` իբրեւ յարգանքի տուրք Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Հոն նաեւ ուսանողները վառեցին մոմեր:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի ուսանողական հարցերու պատասխանատու դոկտ. Ռաէտ Մոհսեն, որ գնահատեց հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին եւ վճռակամութիւնը` Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց: Ան հաստատեց, որ պէտք է «ապտակը կոչել ապտակ, իսկ ցեղասպանութիւնը` ցեղասպանութիւն: Իսկ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը կանխամտածուած եւ ծրագրուած Ցեղասպանութիւն էր եւ պէտք չէ փորձել ուրիշ ձեւով ներկայացնել զայն»: Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ հայ զոհերու թիւը նուազեցնելու ապիկար փորձին` դոկտ. Մոհսեն հաստատեց, որ բոլոր աղբիւրները կը վստահեցնեն, որ նահատակներուն թիւը մէկ միլիոնէն աւելի է: «Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր անցեալը եւ ընդունի իր ոճիրը, որպէսզի երկու ժողովուրդներն ալ հոգեւոր եւ մտային խաղաղութեամբ ապրին», եզրափակեց Մոհսեն:

4-20-15_lau-1Ապա ներկաները տարբեր լեզուներով համալսարանի կեդրոնական բակը զետեղուած հսկայ պաստառին վրայ գրեցին «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող եզրեր:

Նշենք, որ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահութիւնը բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ ուսանողական այս ձեռնարկին:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Լայնածաւալ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Խաչքարի Բացման Արարողութիւն` Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ. Ապու Սաապ Կը Յայտարարէ, Որ Ապրիլ 24-ին Լիբանանի Բոլոր Վարժարանները Փակ Պիտի Մնան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?