Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ. «Ցեղասպանութեան Իբրեւ Հետեւանք Հայ Ժողովուրդին Կորուստները Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Ապրիլ 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-16-15_Lokh-4Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը կազմակերպած էին դասախօսական երեկոյ մը` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` աջակցութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին:

4-16-15_Lokh-2Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նպատակայարմար է խօսիլ ու հանրութեան ներկայացնել հայ ժողովուրդի կորուստները առողջական մարզին մէջ եւ յետ ցեղասպանութեան տարիներուն հայութեան սպառնացած հիւանդութիւններուն մասին: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց  100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ ազնիւ բարերարի մը:

Ապա «Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայ ժողովուրդին կորուստները առողջապահական մարզին մէջ» նիւթը յաջորդաբար ներկայացուցին Ամերիկեան համալսարանի դասախօսներ` Մէյրի Արեւեան եւ Հրաչ Քեստենեան:

Մէյրի Արեւեան
Մէյրի Արեւեան

Մէյրի Արեւեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման հանգրուանները: Ան ըսաւ, որ առաջին հանգրուանին մտաւորականութիւնը եւ տղամարդիկ սպաննուեցան, բնակչութիւնը, որ առաւելաբար կը բաղկանար կիներէ, ծերերէ եւ մանուկներէ, տեղահան եղաւ դէպի Տէր Զօրի անապատները:

Իսկ ցեղասպանութեան Բ. հանգրուանը, որ աւելի սոսկալի էր, սկսաւ 1916-ի գարնան, երբ ոչ մէկ հայ ձգելու որոշումով թուրք զինուորները ոչ միայն ոչնչացուցին անապատին մէջ տեղահան եղած հայերը, այլեւ արգելք հանդիսացան ամերիկեան կամ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, որ օգնութեան ձեռք երկարեն հայ ժողովուրդին:

Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ողջ մնացած հայերը զոհ դարձան համաճարակներու, երբ կը բացակայէին նոյնիսկ բժշկական տարրական միջոցները:

Իսկ երրորդ հանգրուանը ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ որբերուն կրած թշուառութիւններն էին որբանոցներուն մէջ: Անոնք սնունդի եւ առողջապահական միջոցներու չգոյութեան պատճառով կորսնցուցին իրենց կեանքերը:

Ան մէջբերեց վկայութիւններ Լիբանանի տարբեր շրջաններու որբանոցներուն մէջ հայ որբերուն ապրած վիճակին  մասին, ինչպէս` Ժիպէյլի, Նահր Իպրահիմի, Ղազիրի եւ Այնթուրայի մէջ:

Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ սրտաճմլիկ վկայութիւններու նպատակը եւ ոչ միայն յիշել է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մանուկները կորսնցուցած են իրենց մայրերը, հարազատներն ու նաեւ իրենց մանկութիւնը, մինչ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի Թուրքիոյ ուրացումով եւ մեր պատմական տարածքներու բռնագրաւումով, այլ բարձրաձայն ըսելու համար. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

Հրաչ Քեստենեան
Հրաչ Քեստենեան

Իր կարգին, Հրաչ Քեստենեան իր նիւթը սկսաւ ներկայացնելով, թէ ինչպէ՛ս թուրք բժիշկներ, առաջնորդուելով մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ չկրնալով հանդուրժել հայ ժողովուրդի զաւակներուն ձեռք բերած յաջողութիւնները, որոշած են հակառակ իրենց բժշկական կոչումին մեծ թիւով հայ բժիշկներու ու հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլել` տարբեր տեսակի թունաւոր նիւթեր ներարկելով անոնց մարմնին մէջ: Թուրք բժիշկները աշխատած են նաեւ մուկերու համար նախատեսուած դեղեր օգտագործել առողջ հայերուն վրայ եւ բժշկական փորձեր կատարել: Ապա ան տարբեր վկայութիւններով հաստատեց այն փաստը, որ օսմանեան բանակը աւելի մեծ թիւով զինուորներ կորսնցուց, որովհետեւ դեղ պատրաստող գրեթէ չէր մնացած պետութեան մէջ:

Հրաչ Քեստենեան ըսաւ, որ Վահագն Տատրեանի յուշերուն մէջ կը հանդիպինք այն վկայութեան, թէ թուրք զինուորներու կողքին, բժիշկները շատ մեծ դեր ունեցան ցեղասպանութեան իրագործման մէջ:

Ինչպէս նաեւ «Տը Թայմզ» թերթին մէջ լոյս տեսած տոքթ. Նազիմի մասին յօդուածը կը խօսի Նազիմի վտանգաւոր քաղաքագէտ ըլլալուն մասին, որուն հրամանով ոչնչացուած է հայ հասարակութեան գրեթէ կէսը:

Քեստենեան անդրադարձաւ այն վկայութիւններուն, որոնք կը խօսին, թէ ինչպէ՛ս թուրք բժիշկներ գնդակահարած են հայ ատամնաբուժներ` քունի պահուն:

Ան ներկայացուց Կրեսի Նափի վկայութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ հայ բժիշկներու ու դեղագործներու կեանքերը խլելով, ալ Թուրքիոյ մէջ դեղ պատրաստող չէր մնացած:

Հրաչ Քեստենեան շեշտեց այն իրականութիւնը, որ բժշկական ասպարէզին մէջ հազուադէպ  է օգտագործել գիտութիւնը` սպաննելու համար հազարաւոր մարդիկ, բան մը, որ իրագործեցին թուրք բժիշկները, որոնք գիտական մարզով իրենց կրցածին չափ վնաս հասցուցին հայութեան:

Ապա Քեստենեան խօսեցաւ 20-րդ դարու սկիզբը Լիբանանի մէջ գործող երկու համալսարաններու կատարած բարենպաստ դերին եւ առաքելութեան մասին, երբ մեծ թիւով հայ ուսանողներ, մասնաւորաբար բժիշկներ վկայուելով Ամերիկեան ու Սան Ժոզեֆ համալսարաններէն լծուած են հայ ժողովուրդի ծառայութեան` մեկնելով Խարբերդ, Ատանա եւ տարբեր գաւառներ:

Նոյնանուն համալսարանները նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ալ ցուցաբերած են շատ առիթներով:

Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնները նոյնիսկ օգտակար դարձած են հայ ուսանողներուն եւ զանոնք հեռու պահած են թուրք զինուորականներուն ձեռքէն:

Ան ներկայացուց ուսանողներու վկայութիւնները` յղուած նամակով իրենց համալսարանի տնօրէններուն, որոնց մէջ կը պատմեն իրենց  կրած չարչարանքներուն մասին:

Ան աւարտեց խօսքը ըսելով, որ ոչ միայն Սարգիս Թորոսեան հաւատարմօրէն ծառայած է օսմանական բանակին եւ մասնակցած Կալիփոլիի ճակատամարտին ու ունեցած դժբախտ վախճան, այլ շուրջ 400 հայ բժիշկներ ծառայած են օսմանեան բանակին, որոնց մասին շատ քիչեր կը խօսին:

Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ դասախօսներուն` օգտաշատ նիւթերուն համար, եւ բոլորին` իրենց ներկայութեան համար:

 

Նախորդը

«Կոթողական» Թատերախաղի Ներկայացում` Երկրորդական Կարգերու Աշակերտներուն Համար

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն. Ժամանակացոյց` Միւռոնի Պատրաստութեան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?