Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Պատանիները Նորարար Շունչով Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Մօրս Պատմութիւնը Պիտի Պատմեմ Զաւակներուս» Նշեց Էմիլ Էմիլ Լահուտ

Ապրիլ 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-18-15_bm-1Շաբաթ, 18 ապրիլ 2015¬ի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին տեղի ունեցաւ «Մենք ենք մեր դատին իրաւատէրերը» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Ընդհանուր վարիչ մարմինին: Նախքան պաշտօնական ձեռնարկը, այս առիթով օրուան ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը միջոցառումներ. 100 պատանիներէ բաղկացած խումբ մը կէսօրուան ժամը 12:00-ին քայլարշաւ կատարեց Պուրճ Համուտի հրապարակէն մինչեւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման պատմութեան հանգրուաններու ներկայացում եւ հացադուլ, հագուստներու փճացում եւ նորերու յայտնաբերում` խորհրդանշելով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական եւ հոգեկան վերանորոգումը, եօթը վրաններու սարքում` խորհրդանշելով հայ ժողովուրդի աշխատանքը, սփիւռքի կազմութիւնը եւ հայեցի դիմագիծի պահպանումը, Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանի ներկայացում, ինչպէս նաեւ պաստառներու եւ մոմերու տեղադրում:

Երեկոյեան պաշտօնական ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, նախարար Արթիւր Նազարեան, երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Նեպիլ Նիքոլա, նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ, ինչպէս նաեւ Մասուտ Աշքար:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ցեղասպանութեան զոհերուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով արաբերէնով բացման խօսքը կատարեց Ռիթա Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ ցեղասպանութեան արարքէն անցած է 100-տարի եւ Թուրքիոյ պետութիւնը կը շարունակէ ժխտել զայն: Ան ըսաւ, որ հաւաքական բնաջնջումը մարդկութեան դէմ ոճիր է, որ անժամանցելի է` աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը եւս թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին նոյն փորձառութիւնը ապրած է եւ տուած նահատակներ, որոնց յիշատակը պիտի շարունակենք յարգել: Ան ըսաւ. «Լուռ պիտի չմնանք եւ պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքը»:

4-18-15_bm-2Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակը զօրակցիլն է ՀՅԴ պատանեկան միութեանց անդամներու, որոնք նստացոյց ու 24 ժամ տեւողութեամբ հացադուլ պիտի կատարեն` արտայայտելու համար իրենց զայրոյթը, հաւատքը իրենց դատին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծելու, որ Օսմանեան կայսրութիւնը ձախողեցաւ հայերը բնաջնջելու իր ծրագիրին մէջ, այդ պատճառով ալ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յաղթանակի եւ փառքի նշում է, իսկ այդ յաղթանակին եւ փառքին փաստերը այս պատանիներն ու հայ ժողովուրդն են:

Կիտանեան Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը հայ ժողովուրդի կուրծքին շքանշան մը նկատեց եւ փաստ մը, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ու տնտեսական շահերուն` ի վերջոյ արդարութիւնն է, որ պիտի յաղթէ:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Ալեն Աուն, որ ըսաւ, որ հաւաքին նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելն է: Ան նշեց. «Իբրեւ լիբանանցիներ, մեր պարտաւորութիւնն է ըլլալ մեր հայ եղբայրներուն կողքին»: Ան հարց տուաւ, որ երբ բոլոր պետութիւնները կը մատնանշեն գործուած յանցանքը, ինչո՞ւ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել, այդ ընելով ի՞նչով կ’օգտուի, ինչո՞ւ այս վիրաւորանքը, որ ոչ միայն զոհերուն ուղղուած է, այլ նաեւ անոնց ժառանգորդներուն: «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին այստեղ գտնուիլը փաստ մըն է կատարուած յանցագործութեան, այլապէս պիտի ըլլայիք Պոլսոյ, Ատանայի, Մերսինի, Տիգրանակերտի եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ», ըսաւ երեսփոխան Աուն: Ան նշեց, որ հայրենիքներն ու յարաբերութիւնները այսպէս չեն կառուցուիր, «վե՛րջ ժխտողականութեան»` աւելցնելով, որ յարգուած պետութիւն մը կը վարուի Գերմանիոյ նման, որ ընդունեց իր գործած յանցանքը: «Չենք ուզեր թոռները պատասխանատու նկատել իրենց նախահայրերուն գործած յանցանքին համար, սակայն երբ թոռները կը պնդեն որդեգրել այդ յանցանքը, բնական է, որ այստեղ գտնուինք եւ իրենց լսեցնենք այս խօսքերը», նշեց Աուն: Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` պատմութեան հետ առերեսուելու եւ միասնաբար կերտելու աւելի լաւ ապագայ մը, որ կարելի չէ իրագործել անցեալի ժխտումով:

Ապա խօսք առաւ նախկին երեսփոխան Էմիլ էմիլ Լահուտ, որ վերյիշեց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ մայրը, որ Ատաբազարէն քալելով Հալէպ հասած է: Ան նշեց. «Հարիւր տարի անցած է, սակայն մենք չենք մոռցած եւ պիտի չմոռնանք»: Լահուտ ըսաւ, որ մարդասպանը իր ոճիրը կը շարունակէ ժխտողականութեան ճամբով: «Նոյնիսկ եթէ հարիւր, երկու հարիւր, թէ հազար տարի անցնի, ցեղասպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ ցեղասպանութիւն եւ ձեռքերդ արիւնով աղարտուած, իսկ Հայ դատը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մեծ մօրս պատմութիւնը պիտի պատմեմ զաւակներուս, եւ կառչած պիտի մնանք հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն` առանց զիջումներու կամ սակարկութեան», յայտարարեց Լահուտ:

Խօսք առաւ Մասուտ Աշքար, որ ըսաւ, թէ հարիւր տարի առաջ, մինչ Օսմանեան կառավարութիւնը հայերը, ասորիները, քաղդիացիներն ու յոյները ցեղասպանութեան կ’ենթարկէր, նոյն ատեն լիբանանցիները սովի կը մատնէր եւ այդ ճամբով 150 հազար լիբանանցիներ սովամահ կ’ընէր, իսկ Ճեմալ փաշան «այս նոյն հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրացնէր լիբանանցիներ` քրիստոնեաներ ու իսլամներ», ինչ որ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու հասարակաց ցաւալի պատմութեան ցուցանիշն է:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա, որ նշեց, որ այսօր «մեր հայ եղբայրներուն հետ» աշխատանք կը տանինք, որպէսզի ցեղասպանութեան ճանաչում ձեռք բերենք Թուրքիայէն, որ հարիւր տարիէ ի վեր չէ փոխուած: «Մենք այստեղ ենք դատապարտելու համար այն անարդարութիւնը, որ գործուեցաւ խաղաղասէր եւ ազատ ժողովուրդի մը դէմ, որուն միակ յանցանքը անձնատուր ըլլալ մերժելն էր», ըսաւ Նիքոլա եւ հարց տուաւ, որ Ողջակիզումը ճանչցած պետութիւնները ինչո՞ւ ճնշում չեն բանեցներ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան յայտարարեց. «Հայոց Ողջակիզումը պիտի շարունակէ մեր դատը մնալ, մինչեւ անոր ճանաչումը»:

Նիքոլա իր խօսքին վերջաւորութեան Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին դարձեալ կոչ ուղղեց` 24 ապրիլը դատապարտման եւ սուգի ու ոչ աշխատանքի օր հռչակելու:

4-18-15_bm-15Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: Տեղի ունեցաւ կանթեղներու արձակում: Հացադուլին մասնակից պատանիները գիշերեցին Նահատակաց հրապարակին վրայ, իսկ կիրակի առաւօտեան ուղղուեցան Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ուր հաղորդուեցան:

 

 

Նախորդը

Ռաուտայի Մէջ ՍԴՀԿ-ՀՅԴ Միացեալ Ձեռնարկ

Յաջորդը

Ուսանողական Իրազեկման Հաւաք` Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In