Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

April 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-17-15_shir-1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Դէպի յաւերժութիւն» խորագիրով ձեռնարկ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանին մօտ ժողովրդային հաւաքը ընթացք առաւ եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ ջահերթ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանէն դէպի «Արին» կեդրոն, ուր ծաղիկներ զետեղուեցան խորհրդանշական Ծիծեռնակաբերդին առջեւ:

4-17-15_shir-4

Աւետիս Կիտանեան
Աւետիս Կիտանեան

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Գօգօ Յակոբեան: Այնուհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բանախօսեց Աւետիս Կիտանեան, որ ներկայացուց պատմութեան ընթացքին Հայ դատի պայքարին ապրած զարգացումները` յայտնելով, թէ իւրաքանչիւր հանգրուան իր յատկանշականութիւնը ունէր` մատնանշելով Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը, որ սուգի հանգրուանով կը բնորոշուէր: 50-ամեակին յաջորդեց Ցեղասպանութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու եւ Թուրքիոյ վրայ ճանաչում պարտադրելու հանգրուանը, որ կատարուեցաւ շնորհիւ հայ երիտասարդութեան մղած զինեալ պայքարին եւ քաղաքական ճնշումներուն: Այսօր կ՛ապրինք յաղթանակներու եւ պահանջատիրութեան հանգրուան, որուն կը վկայեն վերջին շրջանին 100-ամեակին առիթով համաշխարհային յայտարարութիւններն ու ճնշումները հայկական հարցին վերաբերեալ, նշեց Կիտանեան, անդրադառնալով յատկապէս Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութեան:

4-17-15_shir-2Շարունակելով իր խօսքը` Կիտանեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը յաղթած է թուրքին, որովհետեւ բոլոր պայմաններով հանդերձ կը շարունակէ գոյատեւել ու ապրիլ. որովհետեւ ձախողցուցած է 1 հայ պահելու եւ թանգարանին մէջ զետեղելու թուրքին ծրագիրը: Աւարտին Կիտանեան անդրադարձաւ Արցախեան պայքարին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի երիտասարդութեան դերակատարութեան` գաղութներու պահպանումի եւ գոյատեւման իմաստով, յայտնելով, որ այդ երիտասարդութիւնը եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքներէն մէկը, տրուած ըլլալով, որ անոնք զանազան միջոցներով իրենք զիրենք պարտադրած են հայ մնալ եւ յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ:

Նշենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Վիգէն Տիշչեքենեան` Շանթ Տիշչեքենեանի նուագակցութեամբ եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին անդամները:

 

Նախորդը

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

Յաջորդը

Բարի Լոյս 5. Հաւաքական Յիշողութեան Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.