Ապի Նասր. «Երանի Հայերուն Օրինակին
Հետեւինք` Յիշողութեան Պահպանման Իմաստով»
Բագրատունի. «Ինչո՞ւ Լիբանան Կը Տատամսի
Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան Նահատակներու
Թոռներուն Հետ Զօրակցութեան Օր Յայտարարելէ»
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 18 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Անդունդէն դրախտ» խորագիրով ձեռնարկ մը` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցին մէջ: Ներկայ էին երեսփոխաններ Նաամթալլա Ապի Նասըր, Եուսեֆ Խալիլ, Ֆարիտ Խազեն, Ժիլպերթ Զուէյն, Ուալիտ Խուրի եւ Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Ֆահըտ, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետեր եւ Քեսրուանի շրջանի անձնաւորութիւններ:
Պաշտօնական ձեռնարկէն առաջ ներկաները ուղղուեցան դպրոցին մէջ գտնուող գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի նաեւ այդ դպրոցին մէջ մահացած 300 հայ որբերու շիրիմը: Սեն Ժոզեֆի տնօրէն հայր Սեմաան Ժամիլ աղօթեց նահատակ որբերուն հոգիներուն համար, անկէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին որբերու շիրիմին վրայ: Իբրեւ կեանքի ու վերապրումի խորհրդանիշ, հոն տնկուեցան նռնենի եւ մայրիի ծառ մը:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ բազմութիւնը ուղղուեցաւ Սեն Ժոզեֆ դպրոցի հանդիսասրահ, ուր «Հայաստան» մասնաճիւղին անունով արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Գառնի Պետիրեան: Ան շեշտեց, որ Թուրքիան նոր ձեւերով մտադիր է իր արիւնալի ընթացքը շարունակել` ուրանալով իր յանցագործութիւնը` հաստատելով, որ, հակառակ ամէն ինչի, հայոց պայքարը պիտի շարունակուի վճռական կերպով, մինչեւ մեր իրաւունքներուն ձեռք բերումը:

Ապա խօսք առաւ Սեն Ժոզեֆի տնօրէն հայր Սեմաան Ժամիլ, որ ըսաւ, թէ հպարտութեամբ կարելի է հաստատել, որ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին թոռները տակաւին կառչած կը մնան իրենց դատին ու զայն կը փոխանցեն յաջորդող սերունդներուն: Ան համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց դպրոցին պատմութիւնը` յատուկ կերպով շեշտը դնելով Լիբանանի` թրքական տիրապետութեան տակ գտնուած հանգրուանին Այնթուրայի դպրոցը թրքացման կեդրոնի վերածելու իրականութեան` հաստատելով, որ այս ծրագիրը վարեցին Ճեմալ փաշան եւ Հալիտէ Էտիպ Ատիվարին: Հայր Սեմաան Ժամիլ ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հայկական ինքնութիւնը կը խլուէր որբ մանուկներէն եւ իրենց հայկականութիւնը յիշելու որեւէ փորձ շատ սուղ կ՛արժէր անոնց: Ապա ան անդրադարձաւ այս իրականութիւնը տարիներ առաջ լուսարձակի տակ առած եւ պատմութեան թաքուն մնացած էջերը լոյսին բերած Միսաք Քելեշեանի աշխատանքներուն, որբերու շիրիմի կառուցման նախաձեռնած Յարութ Խաչատուրեանի (ԳՈՀԱՐ) ներդրումին եւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի արձանին, որոնք եկան անմահացնելու 300 հայ որբերուն յիշատակը: Դպրոցի տնօրէնը շեշտեց, որ այն ոճիրները, որոնցմէ կ՛ամչնայ մարդկային միտքն ու խիղճը, ոչ միայն շարունակեցին վառ մնալ հայութեան յիշողութեան մէջ, այլ հայերը մնացին պահանջատէր, աշխարհը իրազեկ դարձուցին թուրքերուն կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան, մինչ Թուրքիա շարունակեց վնաս հասցնել ու ոտնակոխել մարդկային սկզբունքները: Իր խօսքի աւարտին հայր Սեմաան Ժամիլ ողջունեց հայութիւնը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութիւնը յատկապէս իր ազգային վառ գիտակցութեան եւ արժանապատուութիւնը պահպանելու վճռակամութեան համար` դիտել տալով, որ հայութիւնը իր արմատներուն կառչածութեան եւ ազգային դատին հետապնդման դպրոց կը նկատուի:
Գեղարուեստական բաժինով Կասիա Էճիտեան շուիի վրայ նուագեց «Վէրքերով լի»-ն եւ «Մարտիկի երգ»-ը:

Անկէ ետք խօսք առաւ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր, որ ջերմօրէն ողջունեց եւ դրուատեց պատուաւոր եւ հայ ժողովուրդը եւ անոր հաւաքական յիշողութիւնը` «ի տարբերութիւն լիբանանցիներու եւ յատկապէս մարոնիներու յիշողութեան»: Ան զուգահեռներ գծեց անցեալի օսմանեան պետութեան եւ այժմու Թուրքիոյ պետութեան փոքրամասնութիւններու հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւններուն միջեւ: Ապի Նասր խօսեցաւ Հալիտէ Էտիպի տնօրէնութեամբ որբանոցին հետապնդած թրքացման ծրագիրին մասին: Երեսփոխանը անդրադարձաւ Լեռնալիբանանի մէջ գործադրուած թրքական անմարդկային քաղաքականութեան` դիտել տալով, որ Օսմանեան պետութիւնը Լիբանանի մէջ նպատակադրած էր այն, ինչ որ նպատակադրած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, սակայն տարբեր միջոցներով: Ան յայտնեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ծանր օրերուն ԼեռնաԼիբանանի լիբանանցիներուն մէկ երրորդը սովամահ եղաւ, մէկ երրորդը գաղթեց եւ մնացած մէկ երրորդը տոկաց իր հողին վրայ, իսկ նոյն օսմանեան ոճրագործ պետութիւնը` եւրոպական երկիրներու լռութեան հովանաւորութեամբ հայերը կը կոտորէր հուրով ու սուրով: Երեսփոխան Ապի Նասըր հարց տուաւ, որ այսօր այդ մէկ երրորդ կենդանի եւ իր հողին վրայ մնացած լիբանանցիներուն պարտքը չէ՞ յիշել սովամահ եղածները եւ անոնց յիշատակին օր մը յատկացնել: «Չ՛արժե՞ր մէկ օր պետական արձակուրդի օր յայտարարել` յիշելու համար դար մը առաջ պատահածները, նաեւ յիշեցնելու, թէ ապագային նման դէպքեր կրնան կրկնուիլ», հարց տուաւ Ապի Նասըր: «Մենք եւ հայերը ենթարկուեցանք թրքական ոճրային քաղաքականութեան, սակայն կայ մեծ տարբերութիւն մը` մենք կը մոռնանք, մեր հայ եղբայրները երբեք չեն մոռնար: Երանի հայերուն օրինակին հետեւինք» Խօսելով նորօրեայ իրավիճակին մասին` երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր նկատել տուաւ, թէ ո՛վ է օգտուողը շրջանի առկայ կացութենէն, որուն նպաստեցին, ըստ իրեն, արեւմուտքը եւ արաբական վարչակարգերը: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ այսօր հայերը լիբանանեան իրականութեան անքակտելի մասը կը հանդիսանան, իրենց ներդրումը ունին բոլոր մարզերուն մէջ, իրենց գործունէութեամբ միշտ հպարտութիւն կը պատճառեն: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գոյատեւումը կարելի կ՛ըլլայ միայն երկխօսութեամբ եւ համակեցութեամբ` հեռու ամէն տեսակ ծայրայեղութիւններէ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած տեսերիզ մը:

Օրուան հիմնական բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ մեր ապրած կեղծիքի, ահաւոր լռութեան, անձնական շահերու տիրապետութեան, հաւաքական յիշողութեան եւ ոճիրը ընդունիլ մերժող ոճրագործներու առկայութեան ժամանակաշրջանին հաւաքուած ենք յիշելու 100 տարուան վաղեմութիւն ունեցող դատ մը եւ յիշեցնելու, որպէսզի անոր կրկնութեան առաջքը կարելի ըլլայ առնել: Ան աւելցուց, որ հայութիւնը տակաւին կառչած է իր դատին ու պահանջատիրութեան, հակառակ զինք լռութեան մատնելու բոլոր փորձերուն, նաեւ ան բարձրաձայն կը յայտարարէ, որ զինք բնաջնջելու փորձերը ձախողութեան մատնելու նպատակը ձախողած է, որովհետեւ ահաւոր ոճիրին ենթարկուածներուն թոռներն ու ծոռերը այսօր իրաւատէր են:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ շուրջ դար մը առաջ այդ դպրոցին մէջ թրքացման ահաւոր քաղաքականութեան ենթարկուած եւ զոհուած հայ մանուկներուն միակ յանցանքը իրենց հայ ըլլալն էր` շեշտելով, որ նահատակ որբերը խորհրդանիշ են արժանապատուութեան, ազատութեան եւ ապագայի: Ան նկատել տուաւ, որ նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման մէջ կարեւորագոյնը հաւաքական հաւատարմութիւնն է սրբազան կտակին եւ անոնց իրաւացի դատին: «Մեր ժողովուրդին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ լռութիւնը տեղի տալն է ինքնին, այս պարագային լռութիւնը դաւաճանութիւն է նահատակներուն եւ անոնց կտակին», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ հայութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալ իրաւայաջորդներուն, իսկ ցարդ Ցեղասպանութիւնը չճանչցած պետութիւններէն կ՛ակնկալէ դիմել այս քայլին, որովհետեւ պատմական եւ քաղաքական փաստացի իրականութիւն է` հաստատելով, որ ոճիրին գծով լուռ մնալը ինքնին ոճիր է:
Լիբանանեան իրականութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ցաւով զարմանք յայտնեց, որ պաշտօնական Լիբանան տակաւին կը տատամսի 24 ապրիլ 2015-ը Ցեղասպանութեան նահատակներու թոռներուն հետ զօրակցութեան օր յայտարարելէ եւ պաշտօնական արձակուրդ ճշդելէ: Ան յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացածներուն թոռներն ու ծոռերը հազարաւոր լիբանանցիներ կը հանդիսանան, լիբանանցիները եւս ենթարկուած են օսմանեան եաթաղանին, որուն համար եւս Թուրքան ներում չէ հայցած: Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ, հակառակ այս բոլորին, տակաւին կան լիբանանեան¬թրքական բարեկամութեան մասին խօսող լիբանանցիներ, որոնք կը մոռնան, թէ այսօրուան Թուրքիան Լիբանանի մէջ ոճիրներ գործած օսմանցիներուն յաջորդն է:
Իր խօսքը եզրափակելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ եթէ լռութիւնը շարունակուի, ոճիրը կրնայ կրկնուիլ, եթէ ոճրագործը չպատժուի, ոճիրը ոճիր կը շարունակէ մնալ` աւելցնելով, որ բռնութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն միասնական պայքարը արդարութեան եւ իրաւունքի ձեռքբերման հիմնական միջոց է:
Ապա ԼԵՄ-ականներ Հրակ Գարամինասեան, Բարտի Պետիրեան եւ Հրաչ Ճինպաշեան հայրենասիրական երգեր ներկայացուցին: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: