Հրասանդներ` Հալէպի Հայաշատ Նոր Գիւղ Թաղամասին Վրայ
«Արմէնփրես»-ի հետ հեռաձայնային կապի ընթացքին, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ 14 ապրիլի կէսօրին, Նոր Գիւղ գտնուող Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մօտակայ շէնքերէն մէկուն վրայ հրասանդներ ինկած են: Բարեբախտաբար, զոհեր չկան: Նիւթական վնասները մեծ են: Շէնքի երեք յարկերը ամբողջովին փլած են: Ժ. Ռէյիսեան տեղեկացուցած է, որ քանդուած բնակարանները հայերու կը պատկանին: Ռէյիսեանի խօսքով` Հալէպի վիճակը կը...




















