Մեր Խօսքը
Ընթերցումները, նկարները, հեռակայ զեկոյցները յաճախ բաւարար չեն տուեալ շրջանի մը մէջ ապրող ժողովուրդի մը մասին ճշգրիտ տպաւորութիւն ունենալու համար: Այս բացթողումը կը ստանայ կրկնակի տարողութիւն, երբ տուեալ շրջանը կը գտնուի հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանութեան զոյգ ոճիրներուն պատասխանատու պետութեան աշխարհագրական շրջագիծէն ներս: Առաւել եւս, երբ խօսքը կը վերաբերի շրջանի մը, որուն հետ, գաղափարական կամ հոգեկան պատճառներէ մեկնած, ընդհանրապէս չունինք գործնական...





