ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Վերջին երկու-երեք տարեշրջաններուն ՀՄԸՄ-ը իր ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբերով զարթօնք կ՛ապրի: Պասքեթպոլի պարագային, մօտ տասը տարի երկրորդ դասակարգի մէջ լուսարձակներէ հեռու մնալէ ետք, խումբը առաջին դասակարգ բարձրացաւ, իսկ ֆութպոլի պարագային 6 տարի երրորդ դասակարգի մէջ խաղալէ ետք,նախանցեալ տարի խումբը երկրորդ դասակարգ բարձրացաւ եւ այժմ երկրորդ դասակարգի պարագլուխի դիրքին համար կը պայքարի` առաջին դասակարգ բարձրանալու ձգտումով:
Հարկաւ, ժողովրդային մարզախաղերու այս նուաճումները մարզադաշտէն անդին արձագանգ ձգելու են:
ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերու վերազարթնումով, անոնց ճշդած նպատակներու եւ տարեկան ելեւմտացոյցի զուգահեռ բարձրացումով` լիբանանահայ համայնքը , որ տնտեսական, քաղաքական եւ ժողովրդագրական դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուի, ձեւով մը թթուածին կը ստանայ, երբ իր նարնջագոյն խումբերը դաշտ կը ներկայանան: Նորածինէն մինչեւ ալեհեր ծերունին, հայախօս թէ արաբախօս, հայութեան մօտ թէ հեռու, հայութեան բոլոր շերտերէն եւ երբեմն հայութենէն ալ դուրս մարդիկ մարզադաշտէն ներս թէ հեռատեսիլին առջեւ, բարձր ոգեւորութեամբ կը հետեւին խաղերուն ու կը քաջալերեն ՀՄԸՄ-ը:
Երիտասարդներէն շատեր փոխանակ կլկլակի նիստերով, ֆութպոլի գրաւախաղով եւ այլ ժամանցներով զբաղցնելու իրենք զիրենք, իրենց ժամանակէն շաբաթը քանի մը ժամ ֆութպոլի կամ պասքեթպոլի խումբին կը տրամադրեն:
Միաժամանակ, երեխաները, խանդավառուած այս մթնոլորտէն, իրենց համակրած խումբի մարզիկներուն մէջ հերոսներ կը տեսնեն, կ՛ուզեն անոնց պէս ըլլալ ապագային: Անոնք կ՛ուզեն Սեւակ Քեթենճեանին կամ Ճոնի Քոնճեանին պէս մարզիկներ ըլլալ:
ՀՄԸՄ-ի մարզախաղային թնդիւնը ո՛չ միայն հայութեան մէջ արձագանգ կը ձգէ, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի մէջ: ՀՄԸՄ-ի երկրպագուներու ոգին վարակիչ կը դառնայ այլ խումբերու, որոնք կը փորձեն ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ստեղծած մթնոլորտին նմանը ունենալ: Բնականաբար պատկառելի է ՀՄԸՄ-ի մրցումներու պահուն թրիպիուններուն վրայ զգացուող թրթռացումը:
Երբ երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերը մարզախաղերով ալ իրարու հետ կը մրցին` միլիոններ թափելով իրենց հովանաւորած խումբերուն վրայ, ՀՄԸՄ-ի մարզախաղային իւրաքանչիւր նուաճումը անգամ մը եւս կը փաստէ հայութեան ներկայութիւնը լիբանանեան հրապարակին վրայ:
Այսուհանդերձ, վերազարթնումը ունի իր բացասական կողմերը: Հսկայ ելեւմտացոյցները, շնորհիւ նուիրատու հովանաւորներու, որեւէ ատեն կրնան կրճատումի ենթարկուիլ: Ասիկա ժողովուրդին մէջ կրնայ մեծ յուսախաբութիւն յառաջացնել: Ոմանք կը փաստարկեն, թէ պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերուն վրայ ծախսուած գումարները աւելի օգտակար եւ անհրաժեշտ նախագիծերու կարելի է օգտագործել:
Ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ անհեթեթ անհամութիւններ ի յայտ կու գան ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն միջեւ, երբեմն ալ` ՀՄԸՄ-ի համակիրներու եւ այլ խումբերու համակիրներու միջեւ: Ի դէպ, պասքեթպոլի խումբին հովանաւորութեան շուրջ հարցի մը պատճառով բաւական տհաճ արտայայտութիւններ եւ հակառակութիւններ եղան, այն աստիճան, որ շատեր մոռցան խումբին վնասը անոր շահէն զանազանել:
Ցաւօք, քանի որ ֆէյսպուքը թոյլ կու տայ, որ ամէն անհատ իր կարծիքը դրսեւորէ ամենայն ազատութեամբ, ՀՄԸՄ-ի համակիրներ իրենց դիրքորոշումները, տեղի թէ անտեղի կարծիքները, պատշաճ թէ անպատշաճ կերպով ցեխարձակումներն ու վերլուծումները կ՛արտայայտեն ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն վարչական պատասխանատուէն մինչեւ պահեստի ամենակրտսեր մարզիկին նկատմամբ: Ի վերջոյ, ֆէյսպուքը հասանելի է ամէն մարդու, եւ քննադատութեան ենթակաները զգացում ունին, արժանապատուութի՛ւն ունին: Ուստի, ի՞նչ օգուտ կրնան բերել պասքեթպոլի թէ ֆութպոլի խումբերու մարզիկներուն դէմ անհիմն եւ անմակարդակ քննադատութիւնները, ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներու հանդէպ վարկաբեկիչ մեկնաբանութիւնները:
Վերջին երկու տարիներու ՀՄԸՄ-ի վերազարթնումը մարզական յեղափոխութիւն մըն է իր դրական եւ ժխտական կողմերով:
Վարձքը կատար` անձ առ անձ բոլոր անոնց , որոնք տքնեցան, ծրագրեցին, իրենց լուման չխնայեցին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը վերստին բարձրանայ, իր կարօտաբաղձեալ փառքի օրերը վերագտնէ եւ ՀՄԸՄ-ի թիկունքին կանգնող հանրութեան բարոյահոգեբանական ոգին բարձրանայ: