Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

March 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնյայտ երեւոյթ դարձած է, որ Ազրպէյճան հերթական կերպով հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ զինադադարը կը խախտէ, հայ սահմանապահներ կը սպաննէ եւ սահմանամերձ դիրքերուն կացութիւնը օրըստօրէ ալ աւելի սրելով` փորձելով հասնիլ մագլցողական քայլերու: Նաեւ շատ յստակ է, որ թշնամին դեռ համոզուած չի թուիր ըլլալ իր պարտութեան եւ անընդհատ ռազմական գործողութիւններ կը կատարէ` սպասելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հանրապետութիւնները դիմեն մագլցողական քայլերու, եւ պատեհ առիթը ընծայուի նոր պատերազմ մը շղթայազերծելու: Ազրպէյճանի «լայնախոհ» նախագահն ալ ընկերային ցանցերու միջոցով անպակաս չի մնար իր երկրի հակահայ այս քաղաքականութիւնը բացայայտօրէն դրսեւորելէ եւ ռազմական արտայայտութիւններ կը կատարէ` ի մտի ունենալով աւելի եւս սրել իրավիճակը եւ սկսիլ պատերազմի: Այս ռազմական գործողութիւններուն պատճառով այս տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի սահմանին վրայ 12 զինուորներ եւ 2 գիւղացիներ զոհուած են եւ թշնամին զինադադարը խախտած է աւելի քան 5000 անգամ: Բնական է, որ հայկական կողմը կը հակադարձէ թշնամիին այս ոտնձգութիւններուն եւ անոնց շարքերուն մէջ ալ կը պատճառէ մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Սակայն այս հակամարտութեան լուծումը պատերազմի վերսկսումը չէ, ոչ ալ սահմանին վրայ իրավիճակը լարուած պահելն է: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հերթական արտայայտութիւնները կը կրեն նոյն բնոյթը, որ կողմերուն կը թելադրեն մնալ զուսպ եւ խաղաղ միջոցներով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:

Միւս կողմէ, վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան յատկանշական իրադարձութիւններ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային ժողովի օրակարգէն յետս կոչեց հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ հրամանագիրով մը Գագիկ Ծառուկեանին զերծ կացուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան կոմիտէէն:  Վերջին դէպքը դուռ բացաւ հրապարակային վիճաբանութիւններու եւ ամբաստանութիւններու: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` գիտակցելով իրավիճակի ծանրութեան եւ նախանձախնդիր ու յանձնառու մնալով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անվտանգութեան, հաշտարարի դեր կատարեց կողմերու հաշտեցման համար, ինչ որ առաջքը առաւ  ներքին տագնապալի կացութեան մը ստեղծման: Այլապէս թշնամին յարմար առիթ պիտի նկատէր ասիկա եւ նոր ոտնձգութիւններ կատարէր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի  հանրապետութիւններուն դէմ: Իրավիճակի աւելի սրման պարագային կրնար ստեղծուիլ անկանխատեսելի եւ քաոսային կարգավիճակ:

Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ հինգշաբթի, 5 մարտին տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց մեր սահմանամերձ դիրքերը պաշտպանող անձնուէր զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը չեն խնայեր, որ հայ երեխան ապրի անվտանգ եւ ունենայ բարօր կեանք մը:

ՀՅԴ – ԶՈՄ

Նախորդը

Զօրակցական Հաւաք` Հայրենի Սահմանը Պաշտպանող Զինուորներուն

Յաջորդը

Թուրքերն Իրենց Անցեալի Մասին Պատկերացում Անգամ Չունեն. Արսինէ Խանճեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.