Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօրակցական Հաւաք` Հայրենի Սահմանը Պաշտպանող Զինուորներուն

March 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-10-15_ZOM13-10-15_ZOM2Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին տեղի ունեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 27-ամեակի նուիրուած, «Միշտ ձեր կողքին» խորագիրով ժողովրդային հաւաքը, որուն նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել Արցախի եւ զայն պաշտպանող սահմանապահ զինուորներուն:

Արցախեան գոյամարտէն 27 տարիներ ետք սահմանային յաճախակի բախումներու եւ զինադադարի խախտումներու դիմաց` միջազգային ընտանիքը կը մնայ լուռ, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր միջնորդութեան առաքելութեամբ կը գոհանայ դատապարտելով հակամարտող կողմերը: Մինչեւ օրս, Պաքուն կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը, սպառնալիքներ կը հնչեցնէ Արցախի եւ Հայաստանի հասցէին` ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները:

Արցախեան գոյամարտէն 27 տարիներ ետք Արցախեան հարցը տակաւին թարմ է, իսկ հակառակորդի գնդակը` մահացու: Յունուար 2015-էն մինչեւ այսօր Արցախի եւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանները պաշտպանող 12 զինուորներ իրենց կեանքը զոհեցին կասեցնելու համար թշնամիի յառաջխաղացքը: Հակամարտութիւններու ընթացքին նաեւ արձանագրուեցան տասնեակ վիրաւորներ, եւ զոհուեցան Տաւուշէն երկու խաղաղ գիւղացիներ:

3-10-15_ZOM33-10-15_ZOM4Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաստատէ, որ կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Արցախի պաշտպանութեան գործողութիւններուն եւ սահմանապահ զինուորներուն:

5  մարտին կայացած զօրակցական հաւաքը մեկնակէտն է այլ զօրակցական նախաձեռնութիւններու` գումար մը ապահովելու նպատակով. հասոյթը պիտի տրամադրուի նահատակ սահմանապահ զինուորներու ընտանիքներու: Այս մէկը կը համընկնի «Դէպի Երկիր» գաղափարախօսութեան եւ հայրենանուէր երիտասարդին կամքին: Այս ամրան «Դէպի Երկիր» գործուղումներու ընթացքին ԶՈՄ-ական ընկերները պիտի ուղղուին Արցախի սահման, ապա պիտի այցելեն զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ անոնց յանձնեն հաւաքուած գումարը:

Ի վերջոյ, ձեր ուշադրութեան յանձնենք, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւր զոհուած սահմանապահ զինուորի յիշատակին, ԶՈՄ-ական ընկերներ լապտերներ պիտի արձակեն Պուրճ Համուտի հրապարակէն: Թող մեր նահատակ զինուորներուն յիշատակը միշտ վառ մնայ:

 

Նախորդը

Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.