Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անարդար Ընտրութիւններ, Ոչ Կատարեալ Յաղթանակ

Նոյեմբեր 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_110215

1 նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր աթոռներուն թիւը 7 յունիսին իր ապահոված 258-էն բարձրացուց 317-ի: Այդպիսով, Էրտողանի կուսակցութիւնը յաջողեցաւ վերատիրանալ կառավարութիւնը առանձինը կազմելու իրաւունքին, սակայն ձախողեցաւ սահմանադրութիւնը առանց հանրաքուէի կամ նոյնիսկ հանրաքուէով բարեփոխելու իրաւունքը ձեռք բերել, որուն համար կարիքը ունէր յաջորդաբար յաւելեալ 60 եւ 14 աթոռներու: Այսպիսով, անոր արձանագրած յաղթանակը կարելի է նկատել ոչ կատարեալ: Թուրք ժողովուրդը քուէարկեց ի նպաստ կայունութեան, սակայն ոչ ի նպաստ սահմանադրութեան բարեփոխման, որուն իրականացման համար իշխող կառավարութիւնը այժմ ստիպուած է այլ խորհրդարանական կուսակցութեան մը հետ գոյացնել համաձայնութիւն մը` անկէ ինքնաբերաբար բխող Էրտողանի համար անախորժ զիջումներու բոլոր անպատեհութիւններով:

Քաղաքական ապաբարոյական տեսանկիւնէն դիտուած կարելի է նշել, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը անցնող 5 ամսուան ընթացքին իր ճշդած նուազագոյն արդիւնքը ապահովելու համար օգտագործեց ճիշդ մարտավարութիւն մը. ձախողութեան մատնեց համախոհական կառավարութեան կազմութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ յաջողեցաւ ՔԱԿ-ը ներքաշել զինեալ պայքարի մը մէջ` այդպիսով ապահովելով ազգայնականներուն եւ կայունութեան ձգտողներուն քուէները: Վերջին 5 ամսուան անկայունութիւնը վերջիններուս մօտ արթնցուցած էր յիշատակը 1990-ական թուականներու անկայունութեան, երբ շարք մը համախոհական կառավարութիւններ անյաջող կերպով կառավարեցին երկիրը: 7 յունիսի ընտրութիւններու քուէարկութեան չմասնակցած զանգուած մը շտապեց քուէարկութեան կեդրոններ եւ քուէարկեց այդ ընտրութեանց արդիւնքին հիմամբ միակուսակցական կառավարութիւն մը կազմելու առաւելագոյն առիթը ունեցող կողմը յաջողցնելով իրեն համար կայունութիւն ապահովելու համոզումէն եւ ազգայնական զգացումներէ մղուած: Ուստի, զարմանալի չէ, որ կիրակի օրուան ընտրական արդիւնքին լոյսին տակ` թրքական լիրան երկուշաբթի օր տոլարին դիմաց արժեւորուեցաւ 4 առ հարիւրով եւ Թուրքիոյ սակարանը արձանագրեց 5 առ հարիւրի աճ մը:

Իշխող կուսակցութեան ձեռք բերած արդիւնքը անմիջականօրէն կապուած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձեռք բերած արդիւնքին: Հակառակ ընտրապայքարի անարդար պայմաններուն, քրտամէտ կուսակցութիւնը յաջողեցաւ մուտք գործել խորհրդարան, սակայն ստացած քուէներուն համեմատութիւնն ու աթոռներու թիւը նուազեցան իշխանութիւններուն կիրարկած տեղեկատուական անարդար շրջափակման պատճառով, ինչպէս նաեւ 10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ ահաբեկչական գործողութենէն ետք հաւաքներու դադրեցման եւ ՔԱԿ-ի կողմէ քրտամէտ կուսակցութեան տիրական եղած շրջաններուն մէջ ինքնավար շրջաններու յայտարարման պատճառով:

Մինչ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր աթոռներուն թիւը աւելցուց երկուքով, մեծ հարուած մը ստացաւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, որուն աթոռներուն թիւը 80-էն նուազեցաւ 40-ի, եւ անիկա ետ մնալով քրտամէտ կուսակցութենէն, վերածուեցաւ խորհրդարանին չորրորդ ուժին:

Մեկնելով այս բոլորէն, կարելի է նշել, որ Տաւութօղլուն 5 ամսուան մէջ իր ընտրական երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով ապահովեց իր քաղաքական ապագան: Կը մնայ տեսնել, թէ երկիրին իսկական ղեկավարը` Էրտողանը պիտի յաջողի՞ այդ տէ ֆաքթօ ղեկավարութիւնը վերածել տէ Ժիւրէի:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Գնահատեց Գոհար Երգչախումբի Հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանը

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 12. Ժխտողականութիւնը, ՄԻԵԴ-ը Եւ Ֆրանսան

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?