Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած է Պոլսոյ «Քամփ Արմէն» անունը կրող մանկատան վերադարձը Կետիկփաշայի հայկական եկեղեցւոյ: Ըստ «Նիուզ ամ.»-ի` ընկերային ցանցերու մէջ բազմաթիւ թուրք եւ քիւրտ յառաջադէմ գործիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են այդ կապակցութեամբ:
Թրքական «Հիւրրիէյթ» օրաթերթի խմբագիր Էյուպ Ճան գրառում կատարած է այս կապակցութեամբ. «Այսօրուան իմ լսած ամենալաւ լուրն է: Վերջապէս կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի ցանկութիւնը»:
Նշենք, որ Կետիկփաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամի փաստաբան Սեպու Ասլանգիլը յայտարարած է, որ մանկատան շէնքի սեփականութեան վկայականի վերադարձին հետ կապուած բոլոր աշխատանքները աւարտած են, եւ շէնքը այժմ եկեղեցւոյ կը պատկանի:
Պոլսոյ «Քամփ Արմէն» մանկատունը 1987-ին գրաւուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ, այնուհետեւ վաճառուած` թուրք գործարարի մը: Վերջինս ալ որոշած է քանդել մանկատունը եւ շքեղ տուներ կառուցել: Հասարակական ճնշման արդիւնքով մանկատան քանդումը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է:
Յիշեալ մանկատան մէջ պատսպարուած են նաեւ Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը` Ռաքէլ Տինքը:
Մանկատան տարածքին մէջ ամիսներ շարունակ կը հերթապահէին հայ գործիչներ: