Բեղուն գործունէութեան մէջ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, որոնք անգամ մը եւս Կովկասեան բարձրաւանդակ ժամանեցին` յանձին ամերիկացի Ճէյմս Ուորլիքի, ռուս Իկոր Փոփովի եւ ֆրանսացի Փիեռ Անտրիոնի, իրենց կողքին ունենալով այս միեւնոյն յանձնախումբի` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Երեք օրերու ընթացքին, հոկտեմբեր 26-28, պատուիրակութիւնը կատարեց մարաթոն այցելութիւններու շարք մը` սկսելով Երեւանէն, անցնելով կիզակէտ` Արցախ եւ ապա Պաքու:
Յիշատակելի էր Արցախ այցելութիւնը, մանաւանդ որ պատուիրակութիւնը իբրեւ դիտորդ հետեւեցաւ Մարտակերտ-Թարթառ շրջանի զինուած ուժերու շփման գիծի հատուածին վրայ կատարուած քննութեան: Հոս ալ դիտորդները դիմաւորուեցան կրակոցներով եւ ստիպուեցան պատսպարուիլ:
Այս խիստ վտանգաւոր առաքելութենէն ետք պատուիրակութիւնը ժամանեց Ազրպէյճան եւ ապա ուղղուեցաւ մայրաքաղաք Պաքու:
Անոնց համար յստակ էր, որ կացութիւնը կը մնայ պայթուցիկ, մանաւանդ որ օրական դրութեամբ կը խախտուի զինադադարը: Պարզ հրացանի գործածութիւն չէ, որ կը կատարուի, այլ հետզհետէ կը գործածուի ծանր հրետանին: Այսպէս, թնդանօթներ գործի լծուելով` գերազանցած են արձակազէններու ներկայութիւնը: Երեւանի մէջ, բազմիցս մամլոյ ասուսիլի ընթացքին, անոնց հարցադրուեցաւ, թէ ո՞ր կողմն է նախայարձակը: Համանախագահները միշտ ալ մնացին վերապահ եւ գերզգուշութիւն ցուցաբերելով` երբեք չայպանեցին Պաքուն, որ շարունակ գումարներ կը մսխէ ռազմական գերարդիական կազմածներով օժտուելով եւ իր անակնկալ յարձակումներն ու ներթափանցումները շարունակելով ոչ թէ միայն դիրքերու եւ ճակատներու վրայ, այլ նաեւ` սահմանամերձ գիւղերէն ներս: Ուորլիք ու գործընկերներ երբեք չարտայայտուեցան Ալիեւի եւ անոր ղեկավարութեան հետեւողական եւ ծայրայեղական ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, գէթ նոյնիսկ` սպառնալիքներուն եւ ատելութեան մասին:
Անոնք բաւարարուեցան շեշտելով, որ Արցախին մէջ տիրող իրավիճակը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան` անցեալ տարիներուն:
Միշտ ալ մնալով քաղաքական բնագաւառէն ներս` անոնք հաւաստիացուցին, թէ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ յանձն առած են խորացնել երկխօսութիւնը եւ հանդիպումի ցանկութիւն արտայայտած են, արմատականօրէն քննարկելու արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցը:
Մինչեւ տարեվերջ բեղուն գործունէութեան մէջ պիտի ըլլան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Ըստ նախագահ Ուորլիքի, Մինսքի խմբակը գործի լծուած է` կազմակերպելու Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը, որ պիտի կատարուի դեկտեմբեր 6-էն, այսինքն` Հայաստանի մէջ կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէէն ետք:
Թէ ի՞նչ կարելի է եզրակացնել այս հանդիպումէն:
Դժուար է շատ բան սպասել` նկատի ունենալով ազերի կողմին «կոյր» մօտեցումը:
Յստակ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը բեղուն է… սակայն ապարդիւն: