Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Ուղղութեամբ Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Երեք Առանցքներու Վրայ

Նոյեմբեր 4, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

DSC00106

Պէյրութի դուռերուն գտնուող իսրայէլեան բանակին եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ կռիւները 1982 օգոստոսի առաջին օրերուն կեդրոնացած էին օդակայան-Պուրճ Պարաժնէ-Քոքոտի եռանկիւնին վրայ, ուր հրետանիի բախումներն ու հրթիռարձակումները կը շարունակուէին անընդհատ:

Իսրայէլեան ուժեր, օդակայանէն դէպի Քոքոտի շրջան յառաջխաղացք արձանագրելէ եւ նոր գրաւուած շրջաններուն մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելէ ետք, չորեքշաբթի, օգոստոս 4-ի կանուխ առաւօտուն, ժամը 2:00-էն սկսեալ յարձակման անցան երեք գլխաւոր առանցքներու վրայ, սեղմելով պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած պաշարման արդէն իսկ փոքր օղակը:

Օդակայանի շրջանին մէջ մասնակի բախումներով սկսած գործողութիւնները շուտով ընդհանուր յարձակողականի վերածուեցան, որոնք մղուեցան Ուզահիի, Թանգարանի եւ նաւահանգիստի առանցքներու վրայ:

Ամէնէն կարեւոր եւ շօշափելի յառաջխաղացքը արձանագրուեցաւ Ուզահիի շրջանին մէջ, պաղեստինեան գաղթակայաններուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան ուժերը գրաւեցին Ուզահիի ծովեզերեայ ամբողջ շրջանը, ինչպէս նաեւ` Հանրի Շեհապ զօրանոցը, հասնելով մինչեւ քուէյթեան դեսպանատան մօտակայ շրջանը, միայն քանի մը հարիւր մեթր հեռու Սապրայի մուտքէն: Միւս կողմէ, որոշ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ նաեւ Լէյլաքիի ուղղութեամբ, Պուրճ Պարաժնէի գաղթակայանը առնելով մահիկաձեւ պաշարման մէջ:

Թանգարանի շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումները յատկանշուեցան աննախընթաց սաստկութեամբ: Իսրայէլեան բազմահարիւր հրասայլեր յարձակման անցան Թանգարան-Պարպիր գիծէն մինչեւ Շաթիլա գաղթակայանին դիմաց գտնուող ծառաստաններուն ուղղութեամբ: Դէպի Պարպիր ճամբուն վրայ, իսրայէլեան ուժեր յառաջացան մինչեւ զինուորական ատեան եւ Ռաս Նապաայի անկիւնադարձը: Միւս կողմէ, անոնք քանդեցին ձիարձակարանի արեւելեան պատը եւ անկէ ներս թափանցելով կռուի բռնուեցան հոն հաստատուած ուժերուն հետ: Ռմբակոծման ընթացքին, հրթիռներ ինկան Մանսուր պալատին, Ֆրանսայի դեսպանին բնակարանին եւ Պարպիր հիւանդանոցին վրայ: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը յաջողեցան մինչեւ Թանգարան ետ մղել իսրայէլեան ուժերը:

Նաւահանգիստի շրջանին մէջ իսրայէլեան յառաջխաղացքը եղաւ սահմանափակ: Իսրայէլեան ուժեր յառաջացան մինչեւ Ֆաթթալ շէնք եւ Դամասկոսի դուռ թաղը, ուր դիրքեր հաստատեցին:

Ամբողջ օրը Պէյրութ եւ արուարձանները ապրեցան դժոխային ռմբակոծումներու երկար ժամեր: Թնդանօթներով եւ մարտանաւերէ կատարուած ռմբակոծումները մոռացութեան մատնեցին նախորդ օրերու ռմբակոծումներու սաստկութիւնը. իսկ օդանաւեր միայն երեկոյեան ժամը 6:30-ի շուրջ ու մօտաւորապէս մէկ ժամ մասնակցեցան այդ ռմբակոծումներուն, իսկ աւելի ուշ, շարունակեցին թռիչքները` լուսարձակ ռումբերով լուսաւորուած Պէյրութի երկինքին մէջ: Ռմբակոծումներու սաստկութեան պատճառով անկարելի եղաւ օգնութեան հասնիլ բազմահարիւր վիրաւորներու, կամ` մարել ամէնուրեք ծագած հրդեհները, որոնցմէ բարձրացած ծուխի սեւ խաւը պատեց մայրաքաղաքն ու արուարձանները: Միայն քաղաքային զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը անցաւ երեք հարիւրը: Սպաննուեցան նաեւ մեծ թիւով զինեալներ ու բանակայիններ: Իսրայէլեան բանակը տուաւ 95 զոհ եւ վիրաւոր:

***

Օգոստոս 4-ի գիշերը հաստատուած լռելեայն զինադուլէն ետք, Պէյրութն ու արուարձանները ընդհանուր առմամբ խաղաղ գիշեր մը բոլորեցին: Հինգշաբթի, օգոստոս 5-ի արեւածագէն առաջ, Թանգարանի շրջանին մէջ սահմանափակ բախումներ տեղի ունեցան: Նոյն առանցքին վրայ կէսօրին եւս կարճատեւ բախում մը տեղի ունեցաւ, իսկ յետմիջօրէին , Ժամհուրի շրջանին մէջ քանի մը հրթիռներ ինկան: Երեկոյեան, իսրայէլեան օդանաւեր հետախուզական թռիչքներ կատարեցին Պէյրութի վերեւ:

Ուրբաթ, օգոստոս 6-ին, Թանգարան-Պարիր-Մոհամէտ Հութ շրջանը բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձաւ: Միւս կողմէ, Ժընահի ծովեզերեայ շրջանին մէջ իսրայէլեան մարտանաւեր մասնակցեցան ռմբակոծումներուն:

Յոռեգոյն դէպքը արձանագրուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 1:30-էն ետք, երբ իսրայէլեան օդանաւեր, քննական թռիչքներէ ետք, ռմբակոծեցին Սանայայի շրջանին մէջ, հանրային պարտէզին դիմաց գտնուող ութ յարկանի շէնք մը, որ ամբողջութեամբ փուլ եկաւ ու շուրջ 250 զոհ եւ վիրաւոր թաղեց քարակոյտերուն տակ: Զոհերն ու վիրաւորները մեծ մասամբ գաղթական կիներ ու մանուկներ էին: Խնդրոյ առարկայ շէնքին մէջ պաղեստինեան գրասենեակ մը կը գտնուէր, ուր պատասխանատուներ յաճախ ժողով կը գումարէին:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ տեղեկատուութեան նախարարութեան շէնքին մօտ, խլելով 4 զոհ եւ 11 վիրաւոր:

Միւս կողմէ, յետմիջօրէին հրթիռներ ինկան Սին էլ Ֆիլի եւ Ռումիէի մէջ, իսկ իսրայէլեան օդանաւերու դէմ արձակուած հակաօդային հրթիռի մը անկումին պատճառով ութ հոգի վիրաւորուեցան Պուրճ Համուտի մէջ:

***

DSC00105DSC00107

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երկօրեայ համեմատական հանդարտութենէ ետք, օգոստոս 8-էն 9 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հարաւային արուարձաններէն մինչեւ Թանգարան տարածուող շրջանին մէջ բուռն բախումները վերսկսան:

Հրետանիի ռմբակոծումները սկսան հարաւային արուարձաններէն ու հասան մինչեւ Թանգարանի անցքը: Երկուշաբթի, օգոստոս 9-ի առաւօտեան ժամը 3:00-էն սկսեալ, Սին էլ Ֆիլէն մինչեւ Տըքուանէ, Տորա եւ Պուրճ Համուտ տարածուող շրջանները հրթիռարձակումներու թիրախ դարձան: Այնուհետեւ, հրետանիի ուժգին բախումներ տեղի ունեցան հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Կէսօրէ ետք, զինուորական գործողութեանց միացան նաեւ իսրայէլեան օդանաւեր. առաջին հերթին, անոնք ռմբակոծեցին Թարշիշի, Պաուարէժի, Քֆար Սալուանի եւ Ժապալ Քնիսէի վրայ գտնուող սուրիական ուժերու դիրքերը:

Օդանաւային ռմբակոծումները կեդրոնացան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ: Հանգրուան առ հանգրուան ռմբակոծուեցան Սապրա, Շաթիլա, Պուրճ Պարաժնէ եւ Ֆաքհանի գաղթակայանները, Հարէթ Հրէյքը, օդակայանի բոլորակը, Քուէյթի դեսպանատան շրջանը, Սփինիսն ու Ժընահը: Ռմբակոծումներուն մասնակցեցան նաեւ իսրայէլեան մարտանաւեր:

Երեկոյեան օդանաւային ռմբակոծումները դադրեցան, սակայն հրթիռարձակումները շարունակուեցան: Հրթիռներ ինկան Հազմիէի, Կալըրի Սըմաանի ճամբուն, ապա նաեւ` Քեսրուանի ծովեզերեայ շրջաններուն վրայ:

Քանի մը ժամուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, գիշերուան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Թանգարանի մօտակայ ճակատը վերստին բռնկեցաւ: Ուժգին բախումներուն ընկերացաւ իսրայէլեան որոշ  յառաջխաղացք, իսկ Էշրեֆիէի կարգ մը շրջաններ  բազմաթիւ հրթիռներ ստացան: Նոյն միջոցին,  Ռամլէթ Պայտայէն մինչեւ Սէն Միշել տարածուող  ծովեզերքը եւս ռմբակոծուեցաւ սաստկօրէն:

Իսրայէլեան ուժեր մեծ թիւով հրասայլեր եւ ուժ  կեդրոնացուցին կեդրոնական հրապարակներէն  մինչեւ Թանգարան եւ հարաւային արուարձաններ  երկարող սահմանագիծին վրայ:

* * *

Երեքշաբթի, օգոստոս 10-ի արեւածագէն առաջ,  հարաւային արուարձաններուն ու մօտակայ  բլուրներուն միջեւ անընդհատ ռմբակոծումները  վերսկսան: Իսկ յետմիջօրէին, զինուորական  գործողութիւնները մագլցում արձանագրեցին, երբ  ծայր առին օդանաւային եւ հրետանիի  ռմբակոծումները:

Քննական թռիչքներէ ետք, իսրայէլեան օդանաւեր  յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին սկսան ռմբակոծել  Պէյրութի  հարաւային արուարձանները, կեդրոնանալով  պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ: Աւելի  քան մէկուկէս ժամ տեւած ռմբակոծումներուն  ընկերացան մէկ կողմէ` թնդանօթային ու միւս  կողմէ` մարտանաւերէ կատարուած  ռմբակոծումներ, որոնք ռազմական  գործողութեանց ծիրը տարածեցին մինչեւ Թանգարանէն Ռամլէթ Պայտա երկարող գիծը: Օդանաւային ռմբակոծումներու դադրեցումէն ետք,  թնդանօթային ռմբակոծումները  շարունակուեցան, միաժամանակ դէպի  արեւելեան շրջաններ ծայր առին կոյր  հրթիռարձակումներ, որոնք ընդգրկեցին Հատէթը,  Հազմիէն, Թէլ Զաաթարն ու Էշրեֆիէն:

Իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին նաեւ Տահր  Պայտարի սուրիական դիրքերը, ուր «Սամ»-եր  հաստատուած էին. Իսրայէլ վճռած էր արգիլել  հակաօդային հրթիռներու հաստատումը:

Յետմիջօրէի բուռն ռմբակոծումներուն ընթացքին, իսրայէլեան ռմբակոծումները պահ մը կեդրոնացան Սաքիէթ Հատէթի մէջ գտնուող Մաքսուտ շէնքին վրայ, մինչեւ որ անիկա փուլ եկաւ: Այլ շէնք մը նոյն պայմաններու մէջ քանդուեցաւ Պուրճ Պարաժնէի մէջ:

Զինուորական շարժումներու ծիրին մէջ, իսրայէլեան 40 հրասայլեր ուղղուեցան Ժըպէյլ եւ դիրքեր հաստատեցին շրջանին մէջ:

* * *

«Ազդակ»-ի 3-էն 7 օգոստոս 1982-ի յաջորդական հինգ թիւերու վրայ երկարող եւ «Որպէսզի Լիբանան ապրի» խորագիրը կրող խմբագրականներ լոյս տեսած էին: Խմբագրականին չորրորդ` 6 օգոստոսի թիւով «Ազդակ» կը գրէր, ըսելով, որ պետութիւններն ալ կը նմանին ապրող մարմիններու: Եթէ առողջ են իրենց բոլոր օրկաններով, ամէնէն ծանր անհանգստութիւնն իսկ յաղթահարելու ուժը չի պակսիր անոնց: Բայց եթէ արդէն իսկ խանգարուած գործարաններ ունին, դոյզն անհանգստութիւնն իսկ կը բաւէ զանոնք զգետնելու համար:

Իսկ լիբանանեան պետութեան պարագային պատահեցաւ այնպէս, որ արդէն իսկ խախուտ հաւասարակշռութիւն ունեցող այս հայրենիքը թիրախ դարձաւ իրմէ անհամեմատօրէն մեծ ու ծանր ցնցումի:

«Ազդակ» կը նշէր, որ 1958-ի քաղաքացիական առաջին լուրջ ցնցումէն ետք, երբ Լիբանանի կայունացումով մտահոգ օտար պատուիրակութիւններ կը շեշտէին արմատական բարեկարգումներու անհրաժեշտութիւնը, այս հայրենիքին ղեկավարութիւնը ստանձնած  քաղաքական ուժերը չունեցան ապագան շահելու այդ արթնութիւնը:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 60-ական թուականներու Լիբանանը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուց ընկերային ու տնտեսական իր հիմերը ամրապնդելու հարցը: Նաեւ ճիշդ է, որ լիբանանեան զոյգ թեւերը ներդաշնակելու առաջադրութեամբ, 1958-էն ետք, պետութիւնը որդեգրեց լիբանանցիները ընկերային ու տնտեսական իր ենթահողին վրայ միաձուլելու վարքագիծը: Բայց նոյնքան բացայայտ իրողութիւն է ա՛յն, որ բարեկարգումի այդ բոլոր փորձերը յաճախ միայն ծրագիր մնացին եւ կարելի չեղաւ Լիբանանը օժտել ընկերատնտեսական առողջ մարմինով` 1969-էն սկսեալ սաստկացած շրջանային ցնցումները դիմագրաւելու համար:

Իր տեսակէտը հաստատելով, «Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. «Այդ համոզումով եւ Լիբանանը ներքնապէս ուժեղացնելու այդ առաջադրանքով մենք հաստատօրէն կառչեցանք ընկերատնտեսական հիմնական բարեկարգումներու պահանջին, որ կը հանդիսանայ լիբանանեան մեր քաղաքականութիւնը առաջնորդող գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը»:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէ ըսելով, որ վաղուան Լիբանանը պէտք է կարենայ միանգամընդմիշտ սրբագրել ազատ տնտեսութիւնը անտեսումի եւ չարաշահութեանց դրութեան վերածելու անցեալի իր սխալը: Երբ ազատ տնտեսութիւնը գաղափարախօսութեան վերածած Արեւմուտքն անգամ աւելի ու աւելի կը փարի պետական ծրագրումի, հակակշիռի եւ խառն նախաձեռնութեանց ուղիին, Լիբանան չի կրնար եւ պէտք չէ շարունակէ հարուստը աւելիով յղփացնելու եւ աղքատը թշուառութեան ու անապահովութեան մէջ մխրճելու անցեալի իր ընթացքը: Սկսելով տուրքերու արդար բաշխումէն, անցնելով ծայրամասային շրջաններու բարգաւաճման ծրագիրներէն եւ հասնելով ընկերային արդարութեան նպաստող պետական քայլերու ծաւալումին` վաղուան Լիբանանը առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայէր իր հատուածները իրարմէ հեռացնող ընկերային թէ տնտեսական անտեսումները եւ հակասութիւնները լուծելու հարցին:

* * *

Խմբագրականին հինգերորդ եւ վերջին մասով, 7 օգոստոսի թիւով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ եթէ մէկ կողմէ Լիբանանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ քաղաքակրթական դիմագիծը եղան աղբիւրը անոր առեւտրական եւ դրամատնային կողմնորոշումին, միւս կողմէ լիբանանցիին ազատ նախաձեռնութիւնները այս հայրենիքը օժտեցին սպասարկութեանց իտէալ կեդրոն մը դառնալու կարելիութիւններով:

Բայց «լիբանանեան այս հրաշքը», միջին արեւելեան չափանիշներով բարօր կենսամակարդակ մը նուաճելով հանդերձ, տասնամեակներ շարունակ իր ծոցին մէջ կուտակեց դժգոհութիւններ եւ դառնութիւններ, որովհետեւ պետական ոչ մէկ իշխանութիւն եւ քաղաքական ոչ մէկ ղեկավարութիւն փորձեց կենսունակ այս տնտեսութիւնը պաշտպանել մենաշնորհներու եւ չարաշահութեանց դէմ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը եկաւ հաստատելու, թէ լիբանանեան պետութիւնը արդէն իսկ հիմնական դերակատարութիւն չունէր իր քաղաքացիներուն տնտեսական ապահովութիւնը երաշխաւորելու  մարզին մէջ, երբ պետական սպասարկութեանց կազմալուծումով լիբանանցին լքուեցաւ իր սեփական բախտին:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ վաղուան Լիբանանը  իրաւունք չունի կրկնելու այս սխալը: Միաձոյլ, կայուն եւ զօրաւոր պետութիւն մը դառնալու իր ճիգին մէջ, վաղուան Լիբանանը պէտք է կարենայ իրապէս երաշխաւորել իր զաւակներուն նախաձեռնութեան ոգին, ազատօրէն գործելու եւ բարգաւաճելու հնարաւորութիւնը անխտիր բոլորին մատչելի դարձնելու իմաստով:

Իր դիրքորոշումը յստակացնելով «Ազդակ» կ՛ըսէր.

«Կը պահանջենք տնտեսական բնոյթի պետական նախաձեռնութիւններ, որպէսզի այս ճամբով կարելի ըլլայ զօրավիգ կանգնիլ ոչ-ինքնաբաւ քաղաքացիներուն: Աշխատանքի  նոր մարզեր ստեղծելու եւ աշխատաւորներուն գործ հայթայթելու քայլեր կը սպասուին պետութենէն: Թէ՛ արդիւնաբերական եւ թէ սպառողական մարզերու մէջ համագործակցական ցանցերու հիմնումն ու զարգացումը հրամայական դարձած են եւ պետութիւնը այլեւս չի կրնար խուսափիլ այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելու իր պարտաւորութենէն: Նոյնն է պարագան բնակարանային տագնապին, որ պետութենէն կը սպասէ բնակութիւնը ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, մասնաւորաբար աշխատաւորութեան, պաշտօնէութեան եւ թոշակաւորներուն մատչելի դարձնելու ծրագիրներուն գործադրութիւնը»:

Շարունակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէ. «Կը պահանջենք պետական հսկողութիւն եւ արդար հակակշիռ, որպէսզի փոքրամասնութիւն մը արգելք չկանգնի լիբանանցիներու մեծամասնութեան  նախաձեռնելու ազատութեան: Աշխատանքի վարձատրութեան նուազագոյն սակի պարբերական ճշդումը առաջին քայլն է իր քաղաքացիներուն տէր կանգնող պետութեան, մեկնակէտ ունենալով ապրուստի սղութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Նոյնքան կենսական է սպառողական հիմնական նիւթերու գիներուն հակակշռումը , անհրաժեշտ պարագային պետական միջոցներով զանոնք հայթայթելու քայլին դիմելով»:

Այնուհետեւ «Ազդակ» կ՛ըսէր. կը պահանջենք մանաւանդ պետական ծրագրեալ քաղաքականութիւն, որպէսզի լիբանանցին կարենայ պաշտպանուիլ կեանքի բոլոր դժուարութեանց դէմ եւ վերջ տայ արտագաղթի իր փորձութեան: Անհատական (մասնաւոր) եւ պետական հաստատութիւններու միջոցով հարկ էր ապահովել պարտադիր եւ ձրի նախակրթութիւն, իբրեւ առաջին քայլ երիտասարդ սերունդներու մասնագիտական ճիշդ կողմնորոշումին, անոնց համապատասխան աշխատանքի ասպարէզ բանալու կրթական քաղաքականութեամբ: Ընկերային ապահովութեան մարզերը ընդարձակելու պահանջը նոյնքան ստիպողական շեշտ ստացած էր լիբանանցիին համար, որ արդարօրէն իր պետութեան մէջ կը փնտռէր վաղուան իր ապահովութեան գերագոյն երաշխիքը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?