Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ հանդիսութիւններով եւ դասարանային զանազան աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին ամբողջ աշակերտութիւնը` մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:
Մանկապարտէզին մէջ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, գլխաւորաբար` այբուբենի թեմաներով, Թարգմանչաց տօնը եզրափակելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան այցելութեամբ:
21 հոկտեմբերին «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ կայացած նախակրթարանի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը յատկանշուեցաւ աշակերտական ամենալայն մասնակցութեամբ: Շուրջ 100 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ աղօթքի, ասմունքի, երգի ու բեմական ներկայացումներու բծախնդրօրէն մշակուած շարքով մը մեծարեցին Ոսկեդարու թարգմանիչները: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քեշիշեանի:
Միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններուն մէջ հանդիսութիւններու կազմակերպման համար շեշտը դրուած էր աշակերտներու անհատական եւ խմբային ինքնուրոյն աշխատանքին վրայ: Այդ առումով, Թարգմանչաց տօնը առիթ ծառայեց, որ աշակերտներ կատարեն պրպտումներ` տարբեր թեմաներով եւ անոնց արդիւնքները ներկայացնեն իրենց հասակակիցներուն եւ ուսուցիչներուն` առանձնաբար տեղի ունեցած երկու հանդիպումներու ընթացքին, 22 հոկտեմբերին: Աշակերտներ օգտագործեցին արհեստագիտական տարբեր միջոցներ` ներկայացնելու համար լսատեսողական նիւթեր` գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ թարգմանիչներու վաստակին մասին:
Բոլոր ձեռնարկներուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Տնօրէնը աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան եւ շեշտեց աշակերտներու` այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդները ըլլալու պարտականութիւնը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուին բոլորին կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ եւ ոչ միայն առիթէ առիթ: