Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hovhannes-Yousoufian_110415

Թուրք կառավարութիւնը ամենաստոր միջոցների դիմելով կ՛աշխատէ մեզ խաբել, թող ինք գիտնայ, որ հայ ազգը այլեւս առաջուան թոյլ, տկար, անխելք, լացող եւ միամիտը  չէ, եւ այսուհետեւ հայ ազգը այլեւս չի խաբուի: Նախկին լացող մանուկը այժմ չափահաս մարդ, երիտասարդ մ՛է եւ իր պահանջները լալով, պոռալով չ՛ուզեր, այլ զէնքով, արիւնով ու մահով: Հայեր, երդուենք, մեր սուրը վար չդնել, կռիւը շարունակել մինչեւ վերջին շունչ – մեռնել ազատութեան համար, ապրել ազատութեան համար:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ

 

MardinShatirian_110415

Մենք ձգտում էինք ազգովին կազմակերպուել, մէկ ճակատ կազմել ազատ հայրենիք ունենալու համար, որտեղ մեր ժողովուրդը կարողանար հանգիստ ապրել եւ բարգաւաճել… Մեր ընկերվարական ձգտումները այդ միջոցին որոշւում էին ռամկավարական կարգերով մեր ժողովրդի համար, որոնց պէտք էր հասնել  յեղափոխութեան միջոցով, պարտադրելով մեր կամքը թուրք կառավարութեան:

ՄԱՐՏԻՆ ՇԱԹԻՐԵԱՆ

 

Haroutioun-Shahrikian_110415

Ամէն ազի բնական եւ անկապտելի իրաւունքը կը կազմէ սեփական հայրենիքը,- որ իր պատմա-աշխարհագրական միջավայրն է,- իբրեւ այդ ազգի գոյատեւման յառաջդիմութեան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակ… Ազատ ինքնորոշման ճամբով, բոլոր ազգերը սեփական անկախ պետութեան կերտումի անբռնաբարելի իրաւունքը ունին:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ

 

Vramian_110415

Իրաւունքը այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն անոնք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ գէթ զմելի մը եաթաղանին դէմ: Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու: Պոռացէք ուզածնուդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք: Կոկորդնիք ու արցունքնիդ մեղքցէք: Պարապ խօսքեր են ատոնք` ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը` առանց վառօդի:

Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ

 

Hagop-Zavrian_110415

Սահմանափակել մեր գործունէութիւնը միայն ինքնապաշտպանութեամբ, նշանակում է մեռցնել յեղափոխութեան գաղափարը: Կան տեղեր, ուր ժողովուրդը կարիք չի զգում ինքնապաշտպանութեան. նրան համոզելը անհնարին է. պատեհութիւնը միայն կարող է նրան համոզել, որ զէնքը կարեւոր է… Եթէ ինքնապաշտպանութեան դէպքում մի աւելի բարձր գաղափար չլինի, քան միայն իր անձի պահպանութիւնը, այն ժամանակ նա իրաւ որ կորսնցնում է իւր յեղափոխական նշանակութիւնը:

ԲԺԻՇԿ ՅԱԿՈԲ ԶԱՒՐԵԱՆ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

12.- 1896-ի սեպտեմբեր 10-12-ին, թուրք զօրքին դէմ դարձեալ բուռն կռիւներ տեղի կ՛ունենան Վանի մէջ: Պաշարման շղթան ճեղքելով, Վարդան, Ախպէր, Պետրոս Սերէմճեան եւ Միքօ` իրենց խումբերով կը յաջողին անցնիլ Պարսկաստան:

13.- ՀՅ դաշնակցութեան առաջին 10 տարիներու յարաբերութեանց ամէնէն կնճռոտ եւ ըստ ընթացքի անհաճոյ հարցերէն է եղած` «հին» թէ «նոր», «մայր» թէ «վերակազմեալ» Հնչակեաններուն հետ միութեան կամ առնուազն համերաշխ գործակցութեան խնդիրը, որուն համար «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան հետ յաջորդաբար կապ հաստատած են եւ խօսակցութիւններ ունեցած` Միհրան Սվազլեան, Յարութիւն Ճանկիւլեան, Յովհաննէս Շահնազար եւ ուրիշներ: Դժբախտաբար, հարցը երբեք պիտի չյանգէր դրական ու քիչ թէ շատ ամբողջական լուծման մը` Հնչակեաններու յաջորդական պառակտումներուն, ներքին պարբերական անհասկացողութիւններուն եւ Արփիար Արփիարեանի էնթրիկներուն պատճառով:

14.-  յուլիս 1897-ի Խանասորի արշաւանքը ունէր պատժական եւ ցուցական-քարոզչական կրկնակ բնոյթ: Հանդիսաւոր երդում տալէ ետք, 1897 յուլիս 24-ի գիշերը (հին տոմար) 253 մարտիկներէ բաղկացած արշաւախումբը կ՛անցնի թուրք-պարսկական սահմանը` Արաուլ լերան կողմէն եւ կ՛իջնէ Խանասորի դաշտը, որ բանակավայրն էր քիւրտ Շարաֆ բէկին եւ անոր ցեղախումբին («Մազրիկ»): Մազրիկ զինեալները կը կոտորուին, բայց Շարաֆ կնոջական հագուստներով կը փախչի:

15.- 1898-ի ամառը, դարձեալ Թիֆլիսի մէջ, գումարուեցաւ ՀՅԴ 2-րդ Ընդհ. ժողովը, որ մէկ կողմէ բիւրեղացուց կուսակցութեան կազմակերպական նկարագիրը` ապակեդրոնացման նուիրագործումով, իսկ միւս կողմէ որոշեց ծաւալուն թափ տալ արտասահմանեան քարոզչութեան` Երկրի յեղափոխական գործի ուժեղացման զուգահեռ:

16.- 1899-ի հոկտեմբեր 26-ի Խաստուրի կռիւը յիշատակելի օր մըն է, երբ թուրք ու քիւրտ, զօրք ու խուժան չափուեցան բուռ մը ֆետայիներու հետ եւ ծանր կորուստներով լքեցին կռուի դաշտը: Արշաւանք չէր` Խանասորի պէս: Պարզ զինատար խումբ մըն էր – ստուար խումբ, շուրջ 80 հոգի – որ կու գար Կովկասէն, երկար ճամբայ կտրեր էր եւ պահ մը կանգ էր առեր Ալաշկերտի Խաստուր գիւղի մօտ` հանգստանալու: Դաշնակցական 15 կտրիճներ նահատակուեցան Խաստուրի այդ մեծ կռուին մէջ, 22-էն մինչեւ 50 տարեկան, Հայաստանի բոլոր երեք հատուածներէն, մեծագոյն մասը Թուրքահայաստանէն:

17.- 2-րդ Ընդհ. ժողովի որոշումը Քրիստափորի ջանքերով ջանքերով կը գործադրուի, երբ 1900-ի հոկտեմբերէն սկսեալ, Փարիզի մէջ, կը սկսի հրատարակութիւնը ֆրանսերէն «Փրօ Արմենիա» կիսամեայ հանդէսին, իբրեւ միջազգային օտարալեզու բանբեր հայ ժողովուրդի դատին: Անոր խմբագիրներն ու աշխատակիցները դարձան Ֆրանսայի ատենի ծանօթ դէմքերը:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Մանուկները

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?