Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Բանակի Դիպուկահարներու Դպրոցը

November 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայոց բանակի դիպուկահարներ կը մարզուին
Հայոց բանակի դիպուկահարներ կը մարզուին

Արդէն հինգ տարի է` Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու կազմին մէջ կը գործէ յատուկ նշանակութեան զօրամաս` դիպուկահար-արձակազէններու պատրաստութեան դպրոցը: Այս տարիներուն զօրամասին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու համար պատրաստուած են քանի մը հարիւր բարձրակարգ մասնագէտներ: Այս մասին կը գրէ Ռազմինֆօ կայքէջը:

Յատուկ դպրոցին մէջ պատրաստութիւն անցած արձակազէններու բարձր մարտական պատրաստութեան ամէնէն վառ օրինակը թերեւս այն փաստն է, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը չէ յայտնաբերուած թշնամիին կողմէ: Փոխարէնը` գրեթէ բոլորն ալ մասնակցած են առաջին գիծին վրայ մարտական խնդիրներու կատարման, խոցած` հակառակորդի թիրախները, որոնց շարքին նաեւ` թշնամիի դիպուկահար զինուորները:

Զօրամասի հրամանատարի տեղակալը կը նշէ, թէ իրենց մօտ զինուորները պատրաստութեան տարբեր աստիճաններ կ՛անցընեն: «Կան զերոյէն մասնագիտութիւնը սորվողներ, կան նաեւ արդէն իսկ որոշակի հմտութիւններ ունեցող մասնագէտներ, եւ տակաւին պէտք է տիրապետեն աւելի մեծ տրամաչափի զէնքերուն: Կը կատարուի նախնական խիստ ընտրութիւն: Կը պատահի, որ թեկնածուները տարբեր պատճառներով չեն համապատասխաներ սահմանուած չափանիշներուն: Անոնք անմիջապէս կ՛ուղարկուին այլ վայրեր` այլ բնոյթի ծառայութիւն մատուցելու համար», կը նշէ սպան:

Ուսման սկզբնական շրջանը մեղմ է: Ապագայ դիպուկահարները կը ծանօթանան զէնքերու կառուցուածքին, անոնց կիրարկման կարգին, նշանակութեան: Ապա կը սկսի վարժութիւններու ծանր շրջանը: Ֆիզիքական պատրաստութեան մարզանքներ, կրակային բարդագոյն խնդիրներ եւ այլն: Բոլորը գերազանց կատարելէ ետք միայն զինուորին կը տրուի դիպուկահարի «կոչում»:

Պապաշով Նիզամի Շամիլօղլու
Պապաշով Նիզամի Շամիլօղլու

Ռազմինֆոյի ուսումնասիրութեանց իբրեւ արդիւնք` 2015-ին յայտնի դարձած է ազրպէյճանական բանակի 2 դիպուկահարներու մահուան պարագան, որոնք սպաննուած են հայկական կողմի հետ դիպուկահարային մենամարտի պատճառով: Նշուած 2 կորուստները Ազրպէյճան փորձած է ներկայացնել այլ կերպ: 23 յունուար 2015-ին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ «զէնքի հետ անզգուշ վարուելու իբրեւ արդիւնք արձակուած կրակոցի» պատճառով սպաննուած է պայմանագրային զինուոր, 26-ամեայ Պապաշով Նիզամի Շամիլօղլուն: Պապաշովի մահը իրականութեան մէջ մարտական կորուստ է, որովհետեւ զայն յուղարկաւորած են պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ: Աւելի ուշ, ընկերային ցանցերուն վրայ յայտնաբերուեցան անոր ծառայողական լուսանկարները, ներառեալ` դիպուկահարի հրացաններով:

Իսկ օգոստոս 2015-ի առաջին կիսուն սահմանագիծի Աղտամի հատուածին մէջ սպաննուած պայմանագրային զինուոր, ենթասպայ Օսմանով Իպրահիմ Իսմայիլօղլուն, որուն մահուան մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչեւ օրս չէ յայտնած, ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք` ի յայտ եկաւ, որ եղած է արձակազէնային դասակի հրամանատար:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Գիրք Մը. «Ամօթ Եւ Արժանապատուութիւն» «Ով Որ Խիղճ Ունի, Ներողութիւն Կը Խնդրէ»

Յաջորդը

Պատերազմը Տեղափոխւում Է Ազրպէյճան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.