Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյնթ Քաթրինզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Հիմնարկէք

Նոյեմբեր 4, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

katrinz_110415

Մէյրիեն Ֆըրթ «Սէյնթ Քաթրինզ Սթանտըրտ»-ի մէջ անդրադառնալով Սէյնթ Քաթրինզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութեան` կը գրէ. «Յիշատակման ծանր օր մըն էր, սակայն մինչ հողով լեցուն բահը գետնէն բարձրացաւ, հայ համայնքի կեդրոնը մխիթարուեցաւ:

«Կիրակի օր մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ «Մարթինտէյլ ռոտ»-ի կեդրոնին առջեւ` ներկայ գտնուելու համար Սէյնթ Քաթրինզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութեան:

«Յուշակոթողը պիտի յիշեցնէ 100 տարի առաջ օսմանցի թուրք զինուորներու կողմէ 1,5 միլիոն հայերու ջարդը:

«Կեդրոնի վարիչ եւ տեղւոյն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Կերի Գաւազանճեան զայն կենսական նկատեց` ոգեկոչելու համար 100-ամեակը` «ահաւոր ոճիրի մը, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր այն տարածքին մէջ, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ Թուրքիա»:

«Յուշակոթողը պիտի ծառայէ իբրեւ «ժողովուրդի մը սպանութեան մնայուն վկայութիւն մը», ըսաւ Գաւազանճեան:

«Մինչ բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ` Քանատան, 1915-1923 դէպքերը ճանչցած են իբրեւ ցեղասպանութիւն, բոլորը անոնց օրինակին չեն հետեւած:

«Թուրքիա կ՛ընդունի, որ բազմաթիւ հայ քրիստոնեաներ բախումներու ընթացքին սպաննուեցան, երբ Հայաստան մաս կը կազմէր Պոլիսէն կառավարուող կայսրութեան, սակայն կը մերժէ, որ անիկա ցեղասպանութիւն մըն էր:

«Որովհետեւ թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ պատմութիւնը վերախմբագրել, մենք յանձնառու ենք զայն նշելու այնպէս ինչպէս որ էր», ըսաւ Գեղարդ վրդ. Քիւսպեքեան` նախքան յուշակոթողի կառուցման վայրի հողը օրհնելը:

«Արարողութեան հողը բերուած էր պատմական Հայաստանէն, այն վայրէն, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ Էրզրում քաղաքը, ուր 200 հազար հայեր կ՛ապրէին: Հողը խառնուեցաւ քանատական հողին` հետ իբրեւ «մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան նկատմամբ իմացեալ յանձնառութեան» մը խորհրդանիշ, ըսաւ Գ. վրդ.  Քիւսպեքեան:

«Կեդրոնի քարտուղար Սեւակ Պելեան յայտնեց, որ հայ համայնքը «շնորհակալ է այն երկիրին, ուր մարդու իրաւունքները յարգուած են եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը` ճանչցուած»:

Պելեան հայ համայնքին կոչ ուղղեց յարատեւելու: «Պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ արդարութիւն ստանանք», ըսաւ ան:

«Սէյնթ Քաթրինզի հայ համայնքը հայկական ամէնէն հին հայ համայնքներէն մէկն է եւ կազմուած է 1890-ական թուականներուն», ըսաւ Պելեան: Քաղաքը այսպիսով կը միանայ քանատական շարք մը այլ քաղաքներու, որոնք Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներ կանգնեցուցած են:

«35 հազար քանատական տոլար արժող յուշակոթողը 7 ոտք լայնք եւ 10 ոտք բարձրութիւն ունի եւ գործն է Համիլթընի մէջ գործող ճարտարապետ Ժան Անթիքեանի: Անոր վրայ նշուած պիտի ըլլան անունները Հայաստանի վեց նահանգներուն, ուր կը բնակէին գրեթէ բոլոր զոհերը: Պիտի ներառէ կրակ մը, որ կը խորհրդանշէ զոհերուն յաւիտենական յիշատակը եւ գլխուն պիտի ունենայ փիւնիկ մը` խորհրդանշելով մոխիրէն վեր բարձրանալով վերապրելու հայ ժողովուրդին յանձնառութիւնը:

«Յուշակոթողը նաեւ պիտի ներառէ խաչքար մը` հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան հետ կապը խորհրդանշելու համար:

«Մինչեւ օրս յուշակոթողին համար հարկ եղած գումարին 60 առ հարիւրը հաւաքուած է: Գաւազանճեան տեղւոյն հայ համայնքին կոչ ուղղեց` աջակցելու ծրագիրին եւ օժանդակելու գումարի ամբողջացման:

«Կը նախատեսուի յուշակոթողին բացումը կատարել 2016-ի ապրիլին»:

 

Նախորդը

Էյուպ Ճան. Հրանդ Տինքի Ցանկութիւնը Կատարուեցաւ

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ը Պատմութեան Մէջ Ամենասխալ Վճիռն Է Կայացրել, Որը Դիւրին Կը Դարձնի Մարդկայնութեան Դէմ Յանցագործութիւնները

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?