Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 13. Ժխտողականութեան Քրէականացման Որոշումի Բեկանման Առիթով

Նոյեմբեր 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԺԱՆ ՊԷՊԷՃԵԱՆ

05488820_400.f

Հայ դատի միջազգային քարոզչական աշխատանքներուն մէջ, անկասկած կարելի էր յաւելեալ յաջողութիւն մը նկատել Ցիւրիխի` Հայոց ցեղասպանութեան գծով որդեգրած ժխտողականութեան քրէականացման որոշումը, որովհետեւ այդ որոշումը ճանաչումէն եւ դատապարտումէն մէկ քայլ աւելի բարձր կեցուածք կարելի էր նկատել տուեալ երկրին պարագային` ի նպաստ Հայ դատին:

Արդարեւ, Զուիցերիոյ վերոյիշեալ որոշումը յստակօրէն Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքական դիրքորոշում մըն էր, որ հաւանաբար կարող էր քաղաքական ծանր յանձնառութեան տակ ձգել Թուրքիան, եթէ աննշմար անցնէր: Նմանատիպ վերլուծումի կարելի է հասնիլ` նկատի առնելով, որ ժխտողականութեան  քրէականացման առնչութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան գծով միայն մէկ նախադէպ գոյութիւն ունէր (Ֆրանսայի պետութեան կողմէ) եւ եզակի երեւոյթ մըն էր:

Սակայն այսօր, երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Թուրքիան ենթարկուած է միջազգային քաղաքական ահաւոր ճնշումի եւ շրջափակման, անոնց նկատմամբ ժխտումէն ու անճարակ յայտարարութիւններէն բացի ո՛չ մէկ համոզիչ եւ տրամաբանական բացատրութիւն ունի: Հետեւաբար Թուրքիան որոշ ուշացումով անդրադարձաւ, որ եւրոպական երկրորդ պետութեան մը կողմէ ժխտողականութեան քրէականացման որոշումի որդեգրման եւ անոր անարձագանգ ձգուելուն պարագային, քանի մը տասնեակ եւրոպական երկիրներ մեծ հաւանականութեամբ պիտի երթային քաղաքական նոյն ճամբով, ինչ որ իսկապէս Թուրքիան կը դնէր քաղաքական ու բարոյական ծանր եւ վտանգաւոր կացութեան մէջ:

Ահա թէ ինչու Թուրքիան իր բոլոր կարելիութիւններով, հնարամտութիւններով, իրաւաբանական բազմաբնոյթ խորհրդածութիւններով հազիւ թէ յաջողեցաւ այդ վտանգէն խուսափիլ եւ ձեւով մը կանխարգիլեց եւ վիժեցուց ի նպաստ Հայ դատին արձանագրուող գեղեցիկ կէտ մը: Այս հարցի հոլովոյթին մէջ ճիշդ չէ այն տեսակէտը, որ Թուրքիան 0-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումով, քանի որ այդ որոշումը միայն բեկանեց ժխտողականութեան քրէականացման բանաձեւը, որ կը հակադրուի եւրոպական մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու սկզբունքին:

Ես անձնապէս մտահոգ չեմ, որ այս հարուածէն խուսափելով Թուրքիան բարոյական իրաւունքը ունենայ հերքելու Հայոց ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը եւ իր պատասխանատուութիւնը:

Այսօր, տուեալ զարգացումներուն լոյսին տակ, մենք պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման կարեւոր հանգամանքը պահենք մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, եւրոպական երկիրները պիտի կարենան աւելի հանգիստ հասնիլ նոյն բանաձեւի որդեգրման, ուր այլեւս կարելի չէ զայն բեկանել:

Քուէյթ, 30 հոկտեմբեր 2015

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականին Կազմը` Սոսլան Անտիեւի Անուան Մրցաշարքին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?