Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Վկայութեան Հզօրացումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

November 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_102915

Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները: Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար քննել Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը եւ որոնել զանոնք լուծելու կարելիութիւնները:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն` եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան վրայ, շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

ա) Առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցիներու միութեան` գործակցութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական վկայութեան նոր թափ տալով: Այս ուղղութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին դերը կենսական է:

բ) Յաճախ յիշեցնել մեր շրջապատին, թէ քրիստոնեայ եկեղեցիները կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին: Հետեւաբար, քրիստոնեաները համահաւասար քաղաքացիներ են իսլամներուն հետ` նո՛յն պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով:

գ) Յիշեցնել յատկապէս Արեւմուտքին, թէ շրջանին մէջ կրօնական, մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւնը կարելի է պաշտպանել` մէկ կողմէն գործնապէս խիստ կեցուածք ճշդելով ծաւալող ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ, իսկ միւս կողմէ` զանազան ծրագիրներու ճամբով օժանդակել քրիստոնեայ համայնքներուն վերակազմակերպման:

Հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք, տեղի ունեցաւ 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին ինկած ասորի նահատակներուն ձօնուած յուշարձանի բացումը, վանքի շրջափակին մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Գործարարութեան Աւելի Լաւ Միջավայր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.