Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանէն Եւ Արտերկրէն Մօտաւորապէս
80 Ընկերութիւն Կը Մասնակցի
«Երեւան Շօ-2015» Ոսկերչական Ցուցահանդէսին
Վերջերս Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է «Երեւան շօ-2015» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեւած է մինչեւ 26 հոկտեմբեր: Արդէն 5-րդ անգամն ըլլալով կայացող Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին կը մասնակցին մօտաւորապէս 80 ընկերութիւններ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ 2016-ին Հայաստանի մէջ համաշխարհային ոսկերիչներու քոնկրեսի ժողով պիտի գումարուի:
Ցուցահանդէսին բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ այցելած է ցուցահանդէսի տաղաւարներ, դիտած` հայրենական եւ արտերկրի ընկերութիւններուն ներկայացուցած ոսկերչական իրերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքաւորումները, ծանօթացած` այդ ընկերութիւններուն գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:
Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ
Աւետիք Իսահակեանի 140-Ամեակը
Գիւմրիի մէջ հոկտեմբեր 30-ին նշուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի 140-ամեակը:
Տարին յոբելենական է. նշուած է ո՛չ միայն վարպետին ծննդեան, այլ նաև անոր յուշատուն-թանգարանի գործունէութեան 40-ամեակը: 1875 թուականի հոկտեմբեր 30-ին Ալեքսանդրապոլի Ղազարապատ գիւղին մէջ, որ այդ օրերուն կը կրէր բանաստեղծին ազգանունը` Իսահակեան, ծնաւ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ Աւետիք Իսահակեանը: 1897-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ լոյս կը տեսնէ Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու անդրանիկ ժողովածուն` «Երգեր ու վէրքեր» խորագրով, գիրք մը, որ կը նախանշէր անոր գրական ստեղծագործութեան սկիզբն ու հաւատամքը: Հայրենիքի, սիրոյ, կարօտի, մայրական սիրոյ թեմաները Իսահակեանի ստեղծագործութեան հիմնական նիւթերը եղած են: Հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը, անոր առասպելը, երազն ու սէրը իրենց բացառիկ դրսեւորումը գտան իսահակեանական պոէմներուն եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ:
Թէեւ իսահակեանական տարին պարտաւորեցնող է` ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի մեծարեն եւ պիտի գնահատեն վարպետը, սակայն հիմնական միջոցառումները տեղի ունեցան հոկտեմբեր 30-ին` բանաստեղծին ծննդեան օրը: Քաղաքային իշխանութիւնները, Իսահակեանի ստեղծագործութիւնները գնահատողները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ յարգեցին մեծ բանաստեղծին յիշատակը, ապա մասնակցեցան վարպետին յուշատուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան: 1975 թուականէն, մեծ քնարերգակին հայրական տան մէջ, որ կառուցուած էր 1829-ին բանաստեղծին պապին` Նիկողայոս Իսահակեանի կողմէ, կը գործէ Աւետիք Իսահակեանի յուշատուն-թանգարանը: Թանգարանին մէջ վերականգնուած են` բանաստեղծին աշխատասենեակը, Իսահակեաններուն հիւրասենեակը, ննջասենեակը, խոհանոցը, մառանը եւ թոնրատունը:
Օրը տօնական էր, բայց հիւրասէր վարպետը ինքն էր, որ ո՛չ միայն շնորհաւորանք կ՛ընդունէր, այլ նաեւ իր տունը այցելած հիւրին տնավարի պատուելու առաքելութիւնը կ`իրականացնէր. յուշատուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր «Գիրը հոգեւոր հաց» վերտառութեամբ իսահակեանական հիւրասիրութիւն` թանգարանի բոլոր այցելուներուն համար: Ազգային համեղ կերակուրներ, գինի եւ հաց` հիւրընկալ վարպետին հիւրասիրութիւնը եւ ստեղծագործութիւնները բոլորինն էին, իսկ կենացները` իրը: Գիւմրիի քաղաքապետը խոստացած է, որ տարուան ընթացքին թանգարանին նոր ցուցափեղկերուն համար յատկացուած գումարը միակը պիտի չըլլայ, պիտի իրագործուին նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ, իսկ ամէնէն մեծ անակնկալը` անոր «Ուստա Կարոն» անտիպ գործին տպագրութիւնը պիտի ըլլայ: Իսահակեանի «Ուստա Կարոն» մեծածաւալ վէպը մնայուն ուղեկցեցաւ գրողին ստեղծագործական կեանքին ընթացքին, սակայն, աւա՜ղ, մնաց անաւարտ:
««Ուստա Կարոն» պիտի աւարտի այն օրը` «Երբ պիտի լուծուի հայկական հարցը», ըսած է վարպետը: «Հակառակ կիսաւարտ մնալուն, բայց այդ գործը տպագրելու անհրաժեշտութիւն կայ: Վարպետին համար ամէնէն մեծ նուէրը զայն յիշելն է, իսկ ընթերցողներուն համար ամէնէն մեծ նուէրը պիտի ըլլայ այդ ստեղծագործութեան տպագրութիւնը», լրագրողներուն տեղեկացուցած է Սամուէլ Բալասանեանը` վարպետին գործերէն առանձնացնելով «Աբու Լալա Մահարի» ստեղծագործութիւնը` իբրեւ դպրոցական տարիներէն իր մէջ դաջուած լաւագոյն ստեղծագործութիւն:
Նշենք, որ ամբողջ օրուան ընթացքին վարպետին յուշատուն-թանգարանը լեցուն էր այցելուներով, ո՛չ միայն Գիւմրիիէն, այլ նաեւ` Շիրակի այլ համայնքներէն, մարզերէն: Վարպետին շունչն ու ստեղծագործութիւնները կը թեւածէին վարպետին պապենական տանն ու «Վարպետաց» փողոցին մէջ:
Ղարաբաղի Մէջ Հայաստանի Պետական
Երկրագործական Համալսարանի
Գիտական Արտադրական
Պաշարի Կեդրոն Պիտի Կառուցուի
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Արաքս գետի ափին, Հայաստանի պետական երկրագործական համալսարանի գիտական արտադրական պաշարի կեդրոն պիտի կառուցուի: Այս մասին համապատասխան որոշում տրուած է 29 հոկտեմբերի Հայաստանի կառավարութեան նիստին:
Շինարարութեան պիտի յատկացուի 73.2 միլիոն դրամ: 2015-ին արդէն տրամադրուած է 20 միլիոն դրամ: «Մենք առաջին անգամ ըլլալով Ղարաբաղի մէջ այսպիսի համալիր պիտի կառուցենք: Կը հաւատանք, որ սոյն ծրագիրը օգտակար պիտի դառնայ հայ ուսանողներուն», յայտնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան:
«Կլէնտէյլ Ատվենթիսթ» Բժիշկ Մասնագէտները
5 Օր Շարունակ Բժշկական Օգնութիւն Ցուցաբերած Են
Նոյեմբերեանի Շրջանի Բնակիչներուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի եւ ԳԱԲԿ-ի նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 18-22 բժշկական տարբեր ծառայութիւններ մատուցուցած են Նոյեմբերեան քաղաքի եւ յարակից 30 համայնքներու մօտաւորապէս 900 բնակիչներու:
Միացեալ Նահանգներէն եկած 35 բարձրակարգ բժիշկներէ բաղկացած խումբը, ԳԱԲԿ-ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Քեւըն Ռոպերթսի գլխաւորութեամբ, բարեգործական հիմունքներով Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ իրականացուցած են մօտաւորապէս 40 բարդ վիրահատութիւններ` դիմածնօտային, երակներու լայնացման վիրահատութիւն, լեղապարկի հեռացում, ճողուածքահատում, հետազօտած եւ դեղորայքով ապահոված են նախապէս հերթագրուածներէ 2 անգամ աւելի այցելուի` մօտաւորապէս 900 փոքրիկ եւ մեծահասակ: Ամերիկացի գործընկերները Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին նուիրած են շտապ օգնութեան 2 մեքենայ` համալրուած առաջին բուժօգնութեան սարքերով, արդի բուժիչ թեքնիքներով, անզգայացման 2 սարք, վիրահատական գործիքներ եւ մեծ քանակութեամբ դեղորայք:
«Ուրախ եմ, որ մեր առաջատար մասնագէտներուն շարքին շատերը ազգութեամբ հայեր էին: Բոլորը թուել չեմ կրնար, բայց այս 5 օրերուն ընթացքին անոնք ինչե՜ր կատարեցին, կարելի է հրաշք կոչել», յայտնած է ԳԱԲԿ-ի նախագահ Քեւըն Ռոպերթսը: Յիշեցնենք, որ վերջինս 1988-ի երկրաշարժին իր մասնագիտական օգնութեամբ բազմաթիւ մարդոց կեանքը փրկեց:
Նշենք, որ սրտաբաններ Արբի Նահապետեան, Յարութ Մեսրոպեան եւ թոքաբան Արին Աբուլեան փրկած են ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող 63-ամեայ Սեդայի եւ 80-ամեայ Զենիչկայի կեանքերը: Բժիշկ Արմոնտ Կոտիկեանի միջամտութեամբ կատարուած է դիմածնօտային 2 բարդ վիրահատութիւն` բացուած է 5 տարեկան Նարեկի լեզուն, որ ի ծնէ ամբողջովին միաձուլուած էր քիմքին, եւ` 35-ամեայ Լիլիթի ծանր հիւանդութենէն ետք սեղմուած ծնօտը:
Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան շատ կարեւոր կը նկատէ նմանատիպ ձեռնարկներու իրականացումը սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ: «Սահմանին մօտ ապրող մեր հայրենակիցները պէտք է մնայուն զգան համայն հայութեան աջակցութիւնը, իսկ այսօրինակ միջազգային համագործակցութիւնը, յոյսով եմ, որ օրինակ պիտի ծառայէ բոլորին համար», նշած է Սարգիս Քոթանճեանը եւ տեղեկացուցած է, որ երկու հիւանդանոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:
Ձեռնարկը բարձր գնահատած է երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ ընդունած է ԳԱԲԿ-ի բարձրակարգ մասնագէտներուն եւ երախտիքի խօսք յայտնած է այս անգնահատելի աջակցութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերեանի հիւանդանոցը 2010-ին վերանորոգուած, կահաւորուած եւ բուժսարքաւորումներով համալրուած է հիմնադրամի` Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Աւստրալիոյ եւ Լիբանանի տեղական մարմիններու համաֆինանսաւորմամբ:
Արծուաբերդի Փակ Մարզադաշտին Վրայ
Արեւային Ջրատաքացուցիչ Տեղադրուած Է
Արծուաբերդի փակ մարզադաշտին մէջ տեղադրուած է արեւային ջրատաքացուցիչ եւ ելեկտրական ջեռուցման համակարգ` կարելիութիւն տալով զայն օգտագործել նաեւ ցուրտ եղանակներուն:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը ամփոփած եւ ներկայացուցած են «Այլընտրանքային էներկիա» ծրագրով իրականացուող միացեալ ծրագիրներուն արդիւնքները:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կարեւոր կը համարէ «Այլընտրանքային էներկիա» ծրագիրը. անոր բնապահպանական առաւելութիւնները ակնյայտ են, իսկ սահմանամերձ Արծուաբերդի մարզադաշտը ջեռուցմամբ եւ տաք ջուրով ապահովելը կը կրկնապատկէ նախագիծին կարեւորութիւնը: Ձմրան եւս մարզուելու կարելիութիւն ունենալով` Արծուաբերդի եւ շրջակայ գիւղերու պատանիները առաւել մեծ յաջողութիւններու կրնան հասնիլ: Պատմութեան ընթացքին մենք շատ առիթներ ունեցած ենք հպարտանալու հայ մարզիկներու բացառիկ յաջողութիւններով եւ համոզուած ենք, որ Հայաստանի ապագայ բաժակակիրները պիտի մարզուին այս մարզադաշտին մէջ», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Սահմանամերձ Արծուաբերդ գիւղը, որ կը գտնուի Ազրպէյճանէն մօտաւորապէս 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ունի մօտաւորապէս 5220 բնակիչ: Մարզադաշտը կ՛օգտագործուի տարբեր մարզական խմբակներու կողմէ, ո՛չ միայն արծուաբերդցի, այլ նաեւ` դրացի շրջաններու պատանիներուն կողմէ:
Շրջանին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն շնորհիւ` գիւղի մարզադաշտին մէջ առկայ ջեռուցման համակարգը համալրուած է 31.5 քիլովաթ հզօրութեամբ արեւային ջրատաքացուցիչով, ինչ որ շատ լաւ եւ արդիւնաւէտ միջոց է: Համակարգի գործարկումը ձմրան շրջանին 50-60 առ հարիւրով պիտի նուազեցնէ ջեռուցման ծախսը, իսկ ամրան` 100 առ հարիւրով տաք ջուրի ծախսը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յաւելեալ 1.5 միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ մարզադաշտին համար նոր պատուհաններ ձեռք բերելու եւ տեղադրելու համար:
Այս տարի «Այլընտրանքային էներկիա» ծրագրին մէջ ներառուած են Հայաստանի եօթը մարզերու հետեւեալ 17 շրջաններու` Լոռիի մարզի Չկալով համայնք, Գեղարքունիքի մարզի Վահան, Ծովագիւղ, Լիճք համայնքներ, Վայոց Ձորի մարզի Գնիշիկ, Բարձունի, Խնձորուտ, Գոմք համայնքներ, Տաւուշի մարզի Չինարի, Արծուաբերդ, Բերդաւան, Ջուջեւան համայնքներ, Արագածոտնի մարզի Ուջան համայնք, Սիւնիքի մարզի Լոր, Արեւիս, Նժդեհ համայնքներ, Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ համայնք:
Նշենք, որ ծրագրի իրականացման համար 2015 թուականին «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ը տրամադրած է` 207 միլիոն 438 հազար 200 դրամ:
Քաշաթաղի Հայկազեան Շրջանին Մէջ
Դպրոց Կը Կառուցուի
Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Հայկազեան համայնքին մէջ դպրոց կը կառուցուի:
Ըստ նախագիծին, նորակառոյց դպրոցը պիտի ըլլայ տիպային, եռայարկ շինութիւն, ներառեալ` նկուղ ու ձեղնայարկ եւ պիտի համապատասխանէ շինարարական արդի չափանիշներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան Դիմատետրի էջը:
Հայկազեան կրթօճախը կը կառուցուի Լեռնային Ղարաբաղի պետական պիւտճէով: Արդէն աւարտած են նկուղային եւ առաջին յարկերու պատերու շարուածքը, աշխատանքներ կը տարուին առաջին յարկի ծածկի կառուցման ուղղութեամբ:
Հայկազեան դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ հանդիսութիւններու դահլիճ: Կը նախատեսուի բակին մէջ կաթսայատուն կառուցել, իսկ դասարաններուն մէջ պիտի տեղադրուին ջեռուցման համակարգեր:
Նշենք, որ Հայկազեանը Քաշաթաղի հարաւային թեւի համայնքներէն է, կազմուած չորս բնակավայրերէ` Հայկազեան, Ջանֆիտա, Սահար եւ Դարբնոց: Դպրոցը ունի մօտաւորապէս 120 աշակերտ:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի
«Պըրթլինք»-Ի Գործակցութիւնը
Փոքրիկներու Կեանք Կը Փրկէ
2015 թուականին կ՛ամբողջանայ «BirthLink» կազմակերպութեան եւ համագործակցութեան ութերորդ տարին: Ծրագրի նպատակն է նուազեցնել նորածիններու մահացութեան եւ հիւանդութեան թիւերը` առողջական հարցեր ունեցող եւ ոչ բաւարար ծանրութեամբ ծնած փոքրիկներուն համապատասխան բժշկական օգնութիւն ապահովելու միջոցով: Մինչեւ օրս «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մօտաւորապէս 600 միլիոն դրամ յատկացուցած է Երեւանի եւ մարզերու քառասուներեք նորածնային բաժանմունքին:
Այս ծրագրով ծննդաբերութեան եւ նորածիններու յատուկ բաժանմունքները վերանորոգուած եւ նոր սարքաւորումներով օժտուած են, բժշկական անձնակազմը վերապատրաստուած է, ինչ որ կարելիութիւն տուած է որակեալ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու առողջական հարցեր ունեցող նորածիններուն:
Այս ծրագրին շնորհիւ ներկայիս հասանելի են մատչելի բժշկական լուծումներ` նոր աշխարհ եկած փոքրիկներու կեանքին անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ծննդաբերող մայրերուն մօտ բարդութիւնները կանխարգիլելու համար: Արդարեւ, կարելի եղած է նորածիններու մահացութեան դէպքերուն 80 առ հարիւրը կանխել:
Իբրեւ «Պըրթլինք»-ի հետ ութամեայ համագործակցութեան շարունակութիւն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը իր գրասենեակին մէջ կազմակերպած է երկօրեայ վերապատրաստում մարզերու եւ Երեւանի նորածնային բաժանմունքներու մասնագէտներուն համար: Սեմինարին ընթացքին կը ներկայացուին այս բնագաւառին վերաբերող բոլոր նորութիւնները:
Սեմինարի մասնակիցները ողջունած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, «Պըրթլինք»-ի տնօրէն Քաթի Մելորը եւ Հայաստանի գլխաւոր նէոնաթոլոկ Պաւել Մազմանեանը:
«Առողջ փոքրիկը ընտանիքին առանցքն է, իսկ ընտանիքը` կայուն հասարակութեան երաշխիքը: Կայուն հասարակութիւնն ալ, իր կարգին, որեւէ երկրի զարգացման եւ յառաջընթացի նախապայմանն է: Մենք վճռական ենք` պայքարելու Հայաստանի մէջ ծնած իւրաքանչիւր փոքրիկի համար: Կ՛ուզենք, որ մեր փոքրիկները ո՛չ միայն երջանկութիւն պարգեւեն իրենց ծնողներուն, այլ նաեւ ըլլան առողջ, արժանաւոր մարդիկ եւ քաղաքացիներ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք»-ը այս պայքարին մէջ, ուս-ուսի տուած, կ՛օգնեն հայաստանեան բժիշկներուն` անոնց ապահովելով ո՛չ միայն անհրաժեշտ սարքաւորումներ, այլեւ` հոգեբանական աջակցութեամբ` դժուարին, բայց եւ անգերագնահատելի աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու հարցին մէջ», հաղորդած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան: