Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Գիրք Մը. «Ամօթ Եւ Արժանապատուութիւն» «Ով Որ Խիղճ Ունի, Ներողութիւն Կը Խնդրէ»

Նոյեմբեր 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

427485b

«Ճումհուրիյէթ» թերթի «Գիրք» յաւելուածականի վերջին թիւին մէջ Կամզէ Ագտեմիր հարցազրոյց մը ունի գրող մտաւորական Այտըն Չուպուքճուի հետ: Այտըն Չուպուքճու վերջերս ուրիշ գործակիցներու հետ միասին խմբագրած եւ հրատարակած է «Ամօթ եւ արժանապատուութիւն» խորագրեալ գիրք մը, որ ուղղակի նուիրուած է 1915-2015 Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այտըն Չուպուքճու հարցումներու պատասխանելով` կը յիշեցնէ, որ հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալի մէջ հայ արուեստագէտները շատ կարեւոր գործեր տուած են ընկերաբանական, հոգեբանական եւ տնտեսական թեմաներու քովն ի վեր գրականութեան, շարժանկարի, նկարչութեան, ճարտարապետութեան եւ երաժշտութեան բնագաւառներէն ներս: Թուրքիոյ մէջ շարժանկարի հարիւրամեակ մը տօնուեցաւ` իբրեւ մեկնակէտ ընդունելով իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող ժապաւէն մը, իբր թէ երկու թուրքեր Եշիլգիւղի Այա-Սթեֆանոս յուշարձանը նկարահաներ են: Մինչդեռ այդպիսի ժապաւէն մը չկայ: Անոնցմէ շատ աւելի առաջ այս աշխարհագրութեան վրայ օսմանցի հայերը շատոնց սկսած էին շարժանկարել:

Ինչո՞ւ հայոց շարժանկարը մեր շարժանկարի պատմութեան սկզբնակէտը չի նկատուիր, ուրիշ կասկածելի ժապաւէն մը կը նկատուի, հասկնալի չէ: Յետոյ օսմանեան շրջանի աշխարհահռչակ նկարիչներէն Իվան Այվազովսքի հայ է, եւ մեզմէ ո՛չ մէկը գիտէ: Եթէ ցանկ մը պատրաստենք, պիտի տեսնենք, որ ամէնէն սիրուած ժողովրդական երգերը հայերէն երգեր են: Ալփասլան Թիւրքէշի շատ սիրած «Սեւ ծովը կը յուզուէր» երգը իրականութեան մէջ հայկական երգ է: «Քամանչա» անուն հայկական երգին համար ալ թրքերէն բառեր յերիւրուած են: Երբ այս մասին կը խօսինք, յանկարծ մեր դիմաց մէկը «կը ներէք, հա՛յ» կ՛ըսէ եւ մեր շունչը կը կտրէ: Զանազան նիւթերու առընթեր Այտըն Չուպուքճու կը հպի նաեւ հայերէ գրաւուած ինչքերու եւ հարստութեան, այսինքն` լքեալ գոյքերու հարցին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիման վրայ հայերը իրենց հայրենիքէն վտարելու եւ անոնց ինչքերը գրաւելու քաղաքականութիւնը կայ, եւ այս խնդիրը հինէն ի վեր վախ կը պատճառէ մասնաւորաբար Անատոլուի հողատէր աղաներուն:

Հայոց ցեղասպանութիւնը տեւաբար ուրացումի նիւթ է, որովհետեւ եթէ ընդունինք, որ այսպիսի յանցանք մը գործեցինք, այն ատեն այդ ինչքերը եւ կալուածները հայերուն պիտի անցնին: «Ի՞նչ կ՛ընենք, եթէ հայերը գան եւ ետ առնեն իրենց ապրանքները»: Այս վախը կը տիրապետէ Անատոլուի արհեստաւորներուն, հողատէրերուն, քաղքենիներուն մօտ: Թէեւ Լոզանի դաշնագրով ընդունուած էր, որ հայերը վերադառնան, բայց անմիջապէս վերջը վէճի նիւթ դարձած է այդ հարցը եւ դիտել տրուած է, որ հայերու վերադարձը ազգային աղէտի մը ճամբայ կը բանայ: Բացէ ի բաց ըսուեցաւ. «Հայերը ետ բերել եւ անոնց ապրանքները վերադարձնել` ազգադաւութիւն է»:

Այտըն Չուպուքճու կ՛անդրադառնայ նաեւ հայկական խնդրի մէջ պաշտօնական պնդումին, ըստ որուն, հայերը տեղահանուեցան, որովհետեւ ռուսերու հետ գործակցեցան: Ասիկա Թուրքիոյ մէջ յետադիմական քաղաքականութեան յենակէտը դարձաւ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները ամբաստանուեցան հայկական ծագում ունենալու մեղադրանքով եւ ասիկա գործի ալ ծառայեց: Բայց, ինչպէս դիտել կու տայ Այտըն Չուպուքճու, պետական տեսակէտը կամաց կամաց սկսած է մաշիլ եւ կքիլ:

Հարցազրոյցին կարեւոր մէկ հատուածն է այն, ուր Այտըն Չուպուքճու յստակ կերպով կը յիշեցնէ, թէ հայերու դէմ մաքրագործումի քաղաքականութիւնը 1915-էն շատ առաջ` Ապտիւլ Համիտի շրջանին սկսաւ: Ապտիւլ Համիտի շրջանին հայ գիւղացիները կրկնակի տուրքի ենթարկուեցան, ճնշումներու տակ դրուեցան, Համիտիյէ կոչուած ուժերու միջամտութեամբ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ բախումներ հրահրուեցան: Ապրուեցաւ շրջան մը, երբ քիւրտերուն համար «հալալ» ըսուեցաւ հայկական ինչքերու բռնագրաւումը: Ուստի հայերը ստիպուեցան զինեալ պաշտպանութիւն եւ ապստամբութիւն իրականացնել: Այս բոլորը ռուսական գրաւումէն շատ առաջ էին: Այդ շրջաններուն իթթիհատականները գործակցած էին հայկական կազմակերպութիւններու հետ, Ապտիւլ Համիտէն փրկուելու համար իթթիհատականները եւ հայերը լրիւ գործակցութիւն հաստատած էին: Բայց երբ իթթիհատականները իշխանութեան գլուխ եկան, անոնք Ապտիւլ Համիտէն շատ աւելի ծանր կերպով գործադրեցին հայերը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը: Ի վերջոյ իրականացուցին «տեղահանութիւն» կոչուած այդ ամօթալի պատահարը:

Երկարաշունչ հարցազրոյցին մէջ Այտըն Չուպուքճու այս կերպով անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, թէ որքա՛ն կարեւոր է պատմութեան հետ առերեսումը: Խիղճ ունեցողը ներողութիւն կը խնդրէ: Այս կարգախօսը մայր գիծը կը կազմէ պատրաստուած գիրքին:

 

Նախորդը

Թել Ապիատի Արաբները, Քիւրտերը Եւ Հայերը Քաղաքը Կը Յայտարարեն Քրտական Շրջանի Մաս

Յաջորդը

Հայկական Բանակի Դիպուկահարներու Դպրոցը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?