Յօդուածներ

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Հայ պատանիները լիցքաւորել հայրենասիրական գաղափարներով` կը նշանակէ պատրաստել նոր նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար պիտի ծառայեն սփիւռքին եւ հայրենիքին: Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը իր տասնեակ տարիներու առաքելութեամբ սերունդներ կանգուն պահեց: Հինգշաբթի, 16 յունիս 2016-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջան նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Նշան...

Ակնարկ.  «Իզվեսթիա»-ն Եւ Հայաստանի  Հանրապետութեան Ապաշրջափակումը

Ակնարկ. «Իզվեսթիա»-ն Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ապաշրջափակումը

Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու շրջադարձի պաշտօնականացումը ակնկալելի էր: Ներողութիւն խնդրելու թատերական ներկայացումը իր նախապատրաստութիւնը ունէր փաստօրէն: Մնացեալը ցուցադրական պարանաձգութիւն էր, նախ Մոսկուայէն` ըսելու համար, որ Ներողութիւն խնդրող նամակ ստացած են նախագահ Էրտողանէն, յետոյ Անգարայէն` ներքին սպառման համար առաւելաբար անուղղակիօրէն հերքելու ներողութիւն բառի օգտագործումը, ապա Մոսկուայի կողմէ վերստին պաշտօնապէս յայտարարելը, որ ներողութիւն բառը օգտագործուած է գրաւոր նամակին մէջ, յետոյ ալ ընդհանրապէս այս հարցին...

Տեսակէտ.  Ֆրանսայի Վաղուան Յաղթանակը  Մարզական Հրամայականէ Մը Աւելին Է

Տեսակէտ. Ֆրանսայի Վաղուան Յաղթանակը Մարզական Հրամայականէ Մը Աւելին Է

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հինգշաբթի, 7 յուլիսին, ֆութպոլի «Եուրօ-2016» մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումին ընթացքին մրցաշարքը հիւրընկալող Ֆրանսան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի ախոյեան Գերմանիան: Գերմանիոյ վրայ արձանագրուած յաղթանակը 1958-էն ի վեր պաշտօնական մրցաշարքի մը ընթացքին առաջինն էր: Սակայն արձանագրուած յաղթանակին կարեւորութիւնը ո՛չ 58-ամեայ իրերայաջորդ պարտութիւններուն աւարտն է, ո՛չ ալ աւարտական հանգրուան հասնիլը: Այլ` վիրաւոր Ֆրանսային համար այն բարոյահոգեբանական դրական ազդեցութիւնը, որ անհամեմատ աւելի...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 25. Ամավերջի Դպրոցական Հանդէսներու Առիթով` Թիւերէն Անդին…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ «Ազդակ»-ի շաբաթ, 2 յուլիսի խմբագրականը հանգամանօրէն լուսարձակի տակ կ’առնէր հայկական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու առիթով հայկական վարժարաններու կողմէ հաշուետուութեան կարգով արձանագրուած կրթական յաջողութիւններու թիւերը, համեմատութիւնները եւ պիւտճէական պատկերները: Այս ծիրին մէջ ան կ’անդրադառնար բացակայող թիւերու մասին եւ անհրաժեշտ կը գտնէր որ նո՛յն նախանձախնդրութեամբ ներկայացուին նաեւ հայ դպրոցի առաքելութեան մաս կազմող հայ կեանքին մէջ շրջանաւարտներու կամ ընդհանրապէս աշակերտութեան ունեցած մասնակցութեան...

Հաւատաւոր Պաշտօնակիցի Մը Յիշատակին.  Վաչէ Ազնաւուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հաւատաւոր Պաշտօնակիցի Մը Յիշատակին. Վաչէ Ազնաւուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մեր կեանքի ընթացքին երբեմն կը հանդիպինք անհատներու, որոնք իրենց ապրելակերպով, կենցաղով, կեանքի փիլիսոփայութեամբ եւ նկարագրային իւրայատուկ գիծերով խոր ու մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր վրայ: Այո՛, երբեմն համեստ մարդիկ իրենց ապրած համեստ կեանքով, ազնիւ մտածումներով, ցուցաբերած նուիրուածութեամբ ու անկեղծութեամբ բնականօրէն կը պարտաւորեցնեն մեզ իրենց նկատմամբ ունենալու խոր յարգանք եւ մահէն ետք իսկ մի՛շտ կը մնան մեր յիշողութեան մտապատկերին...

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի  Շրջանաւարտներու Նոր Հունձքը Յանձնառու` «Արցախին Հետ, Արցախին Համար» Գործելու

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Հունձքը Յանձնառու` «Արցախին Հետ, Արցախին Համար» Գործելու

Ուրբաթ, 1 յուլիսի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր 49-րդ հունձքը ներկայացուց ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչին, Ազգային իշխանութեան ներկայ եւ նախկին անդամներուն, բարեկամներու, բարերարներու եւ ծնողներու ստուար թիւի մը: Հանդէսը ունէր «Արցախին հետ,...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ  Միրէյ Խանամիրեանի, չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016, երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով: Անոնք երկու արարով ներկայացուցին թատրոն մը, որ կը խօսէր անվերջ նուաճումներ փնտռելու, դէպի ճշմարտութիւն...

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

Ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը` Հայ աւետարանական քոլեճը ազգին տուաւ իր 88-րդ հունձքը, արդիւնք` պարարտ հողի, անխոնջ մշակներու եւ աստուածային «օրհնութեան անձրեւներու»: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրուան զուգադիպող սոյն հանդիսութիւնը հետեւաբար նուիրուած էր Հայց. աւետ. եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու 25-ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, զօր. Յ....

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Կրթական տարեշրջանի աւարտին, մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ի  երեկոյեան ժամը 8:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Ներկայ էին Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Սիտնիէն  ժամանած վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեան, հովիւներ, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, կրթական խորհուրդի պատասխանատուներ, ծնողաց յանձնախումբի անդամներ, լիբանանեան բանակի զօրավար, հիւրեր, ուսուցիչներ...

Քաղաքական Նոր Ուղիներու Փնտռտուքով

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ Հայոց պատմութիւնը մէկ բան սորվեցուցած է մեզի, որ մենք` հայերս բնաւ չենք սորվիր մեր պատմութենէն: ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Մեր վերջին հարիւրամեայ մեր պատմութեան մէջ կան երկու ուշագրաւ իրադարձութիւններ,որոնց գնահատումը տակաւին չէ կատարած հայ պատմագրութիւնը: Այս երկու իրադարձութիւնները եօթանասուն տարիներու հեռաւորութեամբ իսկ իրարու հետ շաղկապուած են, եւ որոնք քննարկելու պարագային հայ ժողովուրդի առջեւ կրնան բացուիլ քաղաքական նոր հորիզոններ: 1918-ի մայիսեան...

13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878. «Երկաթէ Շերեփ»-ով Գումարուած Պերլինի Վեհաժողովին Այժմէական Դասերը

13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878. «Երկաթէ Շերեփ»-ով Գումարուած Պերլինի Վեհաժողովին Այժմէական Դասերը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 138 տարի առաջ, 13 յունիսէն մինչեւ 13 յուլիս երկարած օրերուն, միամսեայ ամբողջ ժամանակաշրջանին, կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը դարձաւ ժամադրավայրը այսպէս կոչուած «Հին աշխարհ»-ի մեծ տէրութեանց գագաթի «վեհաժողովին»: «Վեհաժողով» կոչուեցաւ նոր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական քարտէսին հիմերը դրած 1878-ի Պերլինի համաժողովը, որովհետեւ անոր գլխաւոր մասնակիցներն ու տիրական դէմքերը թագաւոր կամ ցար էին, սուլթան կամ իշխան, փոխարքայ կամ մեծ վեզիր, բանակի զօրավար...

Պաղ Պատերազմը Աւարտա՞ծ Է

Պաղ Պատերազմը Աւարտա՞ծ Է

Մակար, ի Գաղղիա Կեդրոնականցի Արմենակ կը սիրէ ճամբորդել, ասդին-անդին երթալ, տեսնել-լսել եւ յետոյ տրտնջալ: Հեղեղային անձրեւներէն ետք արեւոտ չորեքշաբթի մըն էր: Տխրութեամբ կը դիտէի յորդառատ անձրեւին պարտէզիս պատճառած վնասները: Լոլիկի, սմբուկի, պղպեղի տնկիներուն գլուխները ծռած էին, ցանած հունտերս փտած էին եւ ծիլ չէին արձակած: Այդ պահուն հասաւ Կեդրոնականցին: Երբ տեսաւ տխրութիւնս եւ իմացաւ պատճառը, իր քահ-քահով դրացուհիիս գլուխը դուրս կանչեց...

Սահմանամերձ Հայը

Սահմանամերձ Հայը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Այստեղէն կը սկսի Հայաստանը»: Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանն է` Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի վարիչ տնօրէնը: Պոլսահայ մանկավարժ եւ «Նոր դպրոց»-ի հիմնադիր Յովհաննէս Հինդլեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին ենք: Գիտաժողովի առաջին օրը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդ օրը շարունակուեցաւ Տաւուշի մարզի Կայան աւանին մէջ, որովհետեւ հոն` Կայան աւանին մէջ կանգուն է...

Եւրոմիութիւնը` Տրոհման Վտանգի Առջեւ

Եւրոմիութիւնը` Տրոհման Վտանգի Առջեւ

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Յունիսի 23-ին Մեծն Բրիտանիայում անցկացուած հանրաքուէի վերջնական արդիւնքներով Եւրոպական Միութեան կազմից դուրս գալուն կողմ է քուէարկել ընտրողների 51,8 առ հարիւրը: Մեծն Բրիտանիան դուրս է գալիս եւրոպական ընտանիքից` նախանշելով վերջինիս համար բացարձակապէս նոր իրականութեան, եւ չի բացառւում` ցնցումներով առլեցուն դարաշրջանի սկիզբը: Ցնցուած է Եւրոպան, ցնցուած է աշխարհը: Աշխարհաքաղաքական բոլոր կենտրոնները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ե. Միութիւնը, արդէն արձագանգել են: Ե....

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մատչելի Բնակարանային Համալիրի Բացում Նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 յունիսին մայրաքաղաքի Աւան վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուած է «Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան «Մատչելի բնակարան երիտասարդ մասնագէտներուն» բնակարանային ապահովութեան ընկերային ծրագիրի ծիրին մէջ կառուցուած բազմաբնակարան շէնքերու համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Նախագահը շրջած է շէնքի համալիրին մէջ, այցելած` շահառուներու բնակարաններ, ծանօթացած` կատարուած աշխատանքներուն եւ բնակութեան պայմաններուն: «Հայաստանի...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Ժելեզնովոտսքի Համաձայնագիրը Եւ Հայաստանի Առաջին Նախագահի Ընտրութիւնը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ժելեզնովոտսքի Համաձայնագիրը Եւ Հայաստանի Առաջին Նախագահի Ընտրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շահումեանի Գիւղերուն Ծանր Վիճակը Լեռնային Ղարաբաղ 1991 սեպտեմբերի սկիզբը անկախութիւն հռչակեց Ազրպէյճանէն, որմէ ետք ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն հռչակեց: Նոյն օրերուն տեղի ունեցան ժելեզնովոտսքի բանակցութիւնները, որուն հիմամբ պիտի վերահաստատուէր նախկին իրավիճակը, վերջակէտ մը պիտի դրուէր հայ-ազերի բախումներուն եւ գաղթականները պիտի վերադառնային իրենց տուները: Յաջորդող օրերուն, ժելեզնովոտսքի համաձայնագիրին «պտուղներէն» սկսաւ բաժին հասնիլ նաեւ Ստեփանակերտի, որ ռմբակոծուեցաւ եւ յարձակման ենթարկուեցաւ:...

Տեսակէտ.  Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

Տեսակէտ. Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ «յաւելեալ բարեկամներ եւ նուազ թշնամիներ» սկզբունքով արտաքին նոր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Գահիրէ-Անգարա յարաբերութիւններու ապագան, սակայն, կը շարունակէ մնալ մշուշոտ: Այդտեղ կ՛ուրուագծուի միայն տնտեսական ոլորտով սահմանափակուող մասնակի բնականոնացման կարելիութիւնը: Միւս կողմէ` յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացումով` վտանգուած է Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ միջնորդի դերը: Անգարան կը փորձէ ստանձնել այդ դերը`...

Հայ Ճեմարանի Անդարձ Օրերէն Յամեցող Քաղցր Յուշեր

Հայ Ճեմարանի Անդարձ Օրերէն Յամեցող Քաղցր Յուշեր

Յ. Է. Հայ ճեմարանի մեծ ընտանիքի յարկին տակ բոլորած եմ դպրոցական կեանքիս քաղցրագոյն վեց տարիները: Բախտաւոր սերնդակիցներս եւ ես մօտէն եւ ամէնօրեայ շփումներով վայելած ենք անկրկնելի դէմքերու` Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Գիւզալեանի, տիկին Գոհարի, տիկին Եոլանտի, պր. Սուրէն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, սըր Քէհէեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի մտերմութիւնը, ու երբեմն ալ` կրած` անոնց «կծու», այլ տեղին նշմարներու «խայթոց»-ները:...

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանանի Ուխտավայրերը

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանանի Ուխտավայրերը

Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ 30 մայիս 2016-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք մասնակից դարձան դէպի հարաւային Լիբանանի ուխտավայրեր կազմակերպուած պտոյտ-ուխտագնացութեան: Գաղափարը յղացած էր Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որուն ժրաջան գործունէութեան մաս կը հանդիսանան այս ուխտագնացութիւնները` արդէն տարիներէ ի վեր: Մեծ պահոց ամբողջ եօթը շաբաթներուն ընթացքին Ըրնեթ Շահուանի Սէյտեթ Նաժաթ եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի արարողութիւնները հոգեպարար արարողութիւններու վայելքը հմայած էր...

Մկնիկ. 25-Ամեայ Դաստիարակչական Գործունէութիւն Մը

Մկնիկ. 25-Ամեայ Դաստիարակչական Գործունէութիւն Մը

Ն. Մ. ՄԿՆԻԿ անունը կրող «Երկլեզու աշխատանոց»-ը (MGNIG. Atelier bilingue franco-arménien) 1990-ին հիմնուած է Փարիզի մէջ: Գործունէութեան սկզբնական շրջանին երեքէն չորս տարեկան երեխաներ քով քովի բերած է` անոնց տրամադրելու համար կենսունակ հայերէն խօսելու վայր մը, այն համոզումով, որ տարեկիցներու միջեւ հանդիպումը եւ փոխանակութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի երեխաներու բերնին մէջ հայերէնը զարգանայ, աճի ու բարգաւաճի ներդաշնակ կերպով, նաեւ` երկու հայերէններուն միջեւ...

Page 915 of 1110 1 … 914 915 916 … 1,110

Արխիւներ