Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղ Պատերազմը Աւարտա՞ծ Է

July 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

8799027_orig

Մակար, ի Գաղղիա

Կեդրոնականցի Արմենակ կը սիրէ ճամբորդել, ասդին-անդին երթալ, տեսնել-լսել եւ յետոյ տրտնջալ:

Հեղեղային անձրեւներէն ետք արեւոտ չորեքշաբթի մըն էր: Տխրութեամբ կը դիտէի յորդառատ անձրեւին պարտէզիս պատճառած վնասները: Լոլիկի, սմբուկի, պղպեղի տնկիներուն գլուխները ծռած էին, ցանած հունտերս փտած էին եւ ծիլ չէին արձակած: Այդ պահուն հասաւ Կեդրոնականցին:

Երբ տեսաւ տխրութիւնս եւ իմացաւ պատճառը, իր քահ-քահով դրացուհիիս գլուխը դուրս կանչեց խոհանոցի պատուհանէն:

– Է՜հ, Մակա՛ր, այսօր հասկցայ, որ հանգստեան կոչուած ես եւ մանրուքով կը զբաղիս: Դո՛ւրս ել, շո՛ւրջդ դիտէ:

– Թատրոն մի՛ խաղար, ի՞նչ աւելի կարեւոր բան կայ, ըսէ՛:

– Կը մտահոգուիս փտած հունտերովդ: Նորը կը ցանես: Իսկ փտած ուղեղներու եւ հոգիներու մէջ ոչինչ կը բուսնի` ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ վաղը:

Տնկիներս եւ հունտերս մոռցայ, սպասեցի, որ ըստ արմենակեան սովորութեան, ըսէ իր ցաւը եւ յայտնաբերումներ ընէ:

– Մակա՛ր, Հայաստան փրկուեցաւ համայնավարական պարտադրուած այլամերժութենէ, քարացած վերաբերումներէ եւ նեղմտութիւնները որպէս ժառանգութիւն տուաւ սփիւռքին: Հոն հասկցան, որ Պաղ պատերազմը վերջացած է, բայց մենք կը շարունակենք այդ Պաղ պատերազմը:

– Լա՛ւ է, հետզհետէ մաշող համայնքները արթուն կը մնան:

– Բայց գիտես, որ տխմարութիւնը ազգը կրծող կեղ է: Ինչպէ՞ս կարելի է լսել բաներ, որոնք մեր բաժանումներու չախչախին կեր կու տան: Անցեալ շաբթուան ընթացքին հայկական երկու ակումբներու մէջ դասախօսութիւն կար: Գացի: Կողքիս նստած արդիական տիկին մը իրեն հետ խօսող այր մարդուն կ’ըսէր, թէ ինչո՞ւ հոս կը ցուցադրէին գործերը նկարիչի մը, որ «մեզմէ չէ»: Միւս ակումբին մէջ ալ լսեցի երիտասարդ մը, որ իր ընկերոջ կ’ըսէր, թէ` «այսօր մեծ թիւով հակառակորդներ ալ եկած են»:

– Արմենա՛կ, մենք աւանդութիւնները բծախնդրութեամբ կը պահենք, քանի որ անոնց վրայ հիմնուած են մեր երեւելիութիւնները: Կրնա՞ս երեւակայել, թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ, եթէ մեր Պաղ պատերազմը վերջանայ: Անոր վրայ հիմնուած երկուքով, երեքով, չորսով բազմապատկուած երեւելիութիւնները այդպէս ալ կը բաժնուին եւ կը յառաջանայ մեծ տագնապ: Իսկ դուն ի՞նչ ըսիր եւ ըրիր:

– Կը կարծե՞ս, որ պիտի լռէի: Առաջինի հիւրասիրութեան ընթացքին մօտեցայ արդիական տիկինին եւ ըսի, որ` «այդ նկարիչը եթէ մեզմէ չէր, թո՞ւրք էր»: Տիկինը զիս վերէն վար չափեց եւ հեռացաւ: Իսկ «հակառակորդ» տեսնողին ալ ըսի, որ հիմա Պաղ պատերազմը վերջացած է, ո՞ւր գտնենք հակառակորդը` կռիւը շարունակելու համար:

– Այսպէս է, Արմենա՛կ, սփիւռքները հեղեղին տակ մնացած հունտերուս կը նմանին, քանի անձրեւի պէս ժամանակը կ’անցնի, այնքան աւելի կը փտին:

– Եթէ գրոց-բրոցներդ այս բաները գիտէք, ինչո՞ւ լուռ կը մնաք` մեղսակից դառնալով առանց պատճառի Պաղ պատերազմի շարունակման,- եզրակացուց Կեդրոնականցին:

10 յունիս 2016

Նախորդը

Սահմանամերձ Հայը

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Փոփոխութեան Ենթարկուած Սահմանադրութիւնը Մեզի Կը Դարձնէ Աւելի Ազատ Եւ Ուժեղ»

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.