ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մեր կեանքի ընթացքին երբեմն կը հանդիպինք անհատներու, որոնք իրենց ապրելակերպով, կենցաղով, կեանքի փիլիսոփայութեամբ եւ նկարագրային իւրայատուկ գիծերով խոր ու մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր վրայ: Այո՛, երբեմն համեստ մարդիկ իրենց ապրած համեստ կեանքով, ազնիւ մտածումներով, ցուցաբերած նուիրուածութեամբ ու անկեղծութեամբ բնականօրէն կը պարտաւորեցնեն մեզ իրենց նկատմամբ ունենալու խոր յարգանք եւ մահէն ետք իսկ մի՛շտ կը մնան մեր յիշողութեան մտապատկերին մէջ դրոշմուած տիպարներ:
Տասնութ տարիներու ծանօթութեան մը եւ ամէնօրեայ աշխատանքով հաստատուած մտերմութեան մը մթնոլորտը դժուար է այս պահուն տողերու եւ սիւնակներու նեղ սահմաններուն մէջ ամփոփել եւ փոխանցել հարազատ պատկեր մը Վաչէ Ազնաւուրեանի մասին, որ դարձաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ներկայ փուլի հիմնական օղակներէ մէկը եւ գլխագիր տառերով արձանագրեց իր անունը անոր ութսունհինգամեայ պատմութեան մէջ: Վաչէն մեկնեցաւ կիսատ ձգելով «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԲ. հատորի տպագրութիւնը, մեկնեցաւ վաղաժամ ու անակնկալ` խռովելով մեր հոգիները եւ խոր յուզում յառաջացնելով հրատարակչատան իր բոլոր պաշտօնակիցներուն մօտ:
Կեանքը Վաչէի նկատմամբ շատ ալ չէր ժպտած: Դեռ կանուխ, երիտասարդ տարիքին դժուարութիւններու, յուսախաբութիւններու եւ հիասթափութիւններու լեղի բաժակը ըմպած էր, եւ այդ մէկը յոգնեցուցած էր զինք բաւական: Թախիծն ու վիշտը ակներեւ էին անոր դէմքին վրայ: Ան ստեղծած էր իւրայատուկ աշխարհ մը իրեն համար` ծխախոտը, տպագրական գործիքը եւ հայ գիրքը դարձնելով իր անբաժան ու հաւատարիմ ընկերները: Կեանքի երբեմն դաժան պայմանները զինք մղած էին, որ դառնայ ինքնամփոփ ու լռակեաց: Սակայն թեթեւ ժպիտը միշտ ալ անպակաս մնաց դէմքին վրայ եւ այդ ժպիտով դիմաւորեց իրեն վիճակուած կեանքի դառն փորձառութիւնները:
Այս բոլորի կողքին, Վաչէն մտքերու եւ մտածումներու հարուստ շտեմարանի մը տէրն էր: Ընթերցանութեան ճամբով իր նուաճած պատկառելի գիտութիւնը հարազատօրէն կ՛արտացոլար ընկերական մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին, երբ երեկոները, աշխատանքային ժամերու ընթացքին, անմիջական աշխատանք մը աւարտելու համար կը շարունակէինք գործը, սուրճի հետ կը հանդիպէինք ու կը զրուցէինք զանազան հարցերու շուրջ, Վաչէն հետաքրքրական գաղափարներով ու վերլուծումներով, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններով կը զարմացնէր զիս:
Ան իր պարզութեան մէջ մարդկային յարաբերութիւններու հանդէպ կը տածէր խոր յարգանք եւ իր բարութեամբ ու ազնուութեամբ կը համակէր նաեւ շրջապատը ու կ՛արժանանար բոլոր պաշտօնակիցներու յարգանքին ու ակնածանքին:
Թերեւս շատերու համար զարմանալի եւ անհաւատալի թուի, եթէ հաստատեմ, որ տասնութ տարիներու մեր գործակցութեան ընթացքին ոչ մէկ սրտնեղութիւն եւ վիրաւորանք արձանագրուած է` հակառակ գործի մէջ երբեմն առկայ բնական վէճերուն:Վաչէի մասին այս հաստատումը կատարած եմ յաճախ իր ներկայութեամբ, երբ հաւաքուած ենք պաշտօնակիցներով կամ այլ պատասխանատուներով: Վստահութեան ու հաւատարմութեան գործօնը տարիներու ընթացքին աճած է, եւ իր նախանձախնդրութիւնն ու բծախնդրութիւնը, հաստատութեան հանդէպ տածած սէրը ու յատկապէս հայ գրքի տպագրութեամբ իր կեանքը իմաստաւորելու խոր հասկացողութիւնը մի՛շտ ալ արժանի եղած են յարգանքի ու գնահատանքի:
Վաչէին համար տպագրական աշխատանքը արուեստի իւրայատուկ դրսեւորում մըն էր: Աւելի քան յիսուն տարիներ ան այս մարզին մէջ իր ունեցած կենսափորձով, հմտութեամբ եւ ճարտարութեամբ դարձած էր լիբանանահայ տպագրական ոլորտին մէջ ինքզինք պարտադրող անուն մը: Իրենց` Ազնաւուրեան եղբայրներու «Էրեբունի» տպարանը օրին իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած է լիբանանահայ տպագրութեան պատմութեան մէջ, որմէ ետք վերջին տասնութ տարիներուն իր տաղանդով եկաւ նաեւ մասնակից դառնալու Համազգայինի հրատարակութիւններու գանձարանի հարստացման: Ան հարուստ ժառանգութիւն ու վաստակ մը ձգելով` մեկնեցաւ այս կեանքէն: Համազգայինի հրատարակած հազարաւոր գիրքերուն մէջ անոր ճիգին ու քրտինքին արգասիքը կը մնայ անջնջելի:
Կիրակի, 5 յունիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Վաչէի յուղարկաւորութիւնը: Երկուշաբթի առաւօտ, երբ հասայ գրասենեակ, բնական ընթացքով հեռաձայնի ընկալուչը վերցուցի եւ կապուեցայ տպարան, այդ օրը առաջին անգամ ըլլալով Վաչէին ձայնը չլսեցի: Ան գլխաւոր բացական էր ու պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին Համազգայինի տպարանին մէջ: Կեանքը պիտի շարունակուի, «Նիւթեր»-ու հրատարակութիւնը ամբողջացաւ, սակայն` առանց Վաչէի: Վաչէի մահով լիբանանահայ տպագրութիւնը կորսնցուց իր տիպարներէն մէկը, բառին ամբողջական իմաստով մեծ վարպետ մը, որոնց թիւը արդէն շատոնց նօսրացած է մեր միջավայրին մէջ: Լիբանանի տպագրական մարզին մէջ հայութիւնը կերտած է հարուստ պատմութիւն, եւ դժբախտաբար այսօր վարպետներու նօսրացումով եւ նորահաս սերունդներուն այս բնագաւառին հանդէպ ցուցաբերած անտարբեր վերաբերմունքով սերնդափոխութիւն տեղի չ՛ունենար: Վաչէի մահով այս իրողութիւնը նաեւ կը դառնայ աւելի ճնշող ու տագնապեցնող:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Վաչէ: Անձնապէս կը մնամ երախտապարտ` կատարած գործիդ, փոխանցած փորձառութեանդ եւ Համազգայինի առաքելութեան հանդէպ ուենցած ջերմ հաւատքիդ ու համոզումներուդ: Կը յիշեմ Նոր տարուան մեր վերջին «կենացը», երբ այդ օր որքան պնդեցի, որ անպայման միանաս մեզի երբ «Շաղզոյեան»կեդրոնի ամբողջ անձնակազմով Նոր տարուան մեր աւանդական խրախճանքը ունեցանք: Ընդհանրապէս կը խուսափէիր այդպիսի բազմամարդ հաւաքներէ: Բայց այդ օր ուրախութեամբ ընդառաջեցիր ու ներկայ գտնուեցար` թերեւս նախազգալով այս անժամանակ բաժանումը եւ հեռացումը:
Համազգայինի ընտանքին անունով կը խոնարհինք շատերու համար անծանօթ մեծ վաստակիդ դիմաց:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, բարի՛ ու անկեղծ Վաչէ …
Պիտի յիշենք քեզ մի՛շտ…